Ինչո՞ւ Հայարփի
Ինչո՞ւ Հայարփի
Ինչպէս ամէն ազգ՝ մեր ազգն ալ ունի իրեն յատուկ լեզու մը: Մեր խօսած լեզուն կը կոչուի «Հայերէն»: Հայերէնը՝ «Հնդեւրոպական Լեզուներու Ընտանիք» ին մէջ կը կազմէ անկախ մասնաճիւղ մը:
Լեզու մը ուղիղ խօսելու եւ կարդալու համար կ’ունենայ կանոններ, զոր կը կոչուի «Քերականութիւն»:
Ուղիղ գրելու համար ալ ունի կանոններ , զոր կը կոչուի «Ուղղագրութիւն»:Բայց կանոններու ցամաք ուսուցումը չէ՛ որ միայն կը սորվեցնէ լեզուն՝ այլ անոնց գործնական կիրարկումները.
զոր կը յառաջացնենք ընտիր ընթերցումներով եւ քերթուածներով :
Հինգերորդ դարուն սկիզբները համեստ Հայ գիւղացի մը մեր ազգը փրկեց կորուստէ: Այս գիւղացին՝ Սուրբ Մեսրոպ Վարդապետն էր: Իրեն օգնական ունենալով Սուրբ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսը:
Ս. Մեսրոպ Հայ այբուբենը կերտեց չարաչար աշխատութեամբ եւ երկնային տեսիլքի մը օժանդակութեամբ. այսպէս յաջողեցաւ յօրինել Հայ այբուբենի 36 գիրերը: Առաջին գիրքը որ թարգմանուեցաւ Ս. Սահակի առաջնորդութեամբ Աստուածաշունչ Մատեանն էր , որ յետագային կոչուեցաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց»:
ԺԲ. դարուն սկիզբը «օ» եւ «ֆ»ն ալ աւելնալով ունեցանք 38 գիրեր:
Ս. Մեսրոպ մեր առաջին ուսուցիչն է. իր ընկերներուն եւ աշակերտներուն կը պարտինք մեր մեծագոյն երախտիքը…:
Այն լեզուները որոնք գործածելէ կը դադրին՝ մահուան կը դատապարտուին : Ուրեմն՝ յարգէ՛, սիրէ՛, սորվէ՛ ու գործածէ՛ քու մայրենի լեզուդ , որպէսզի յարատեւ շողա՛ իբր «Հայարփի» :

Audio clip: Adobe Flash Player (version 9 or above) is required to play this audio clip. Download the latest version here. You also need to have JavaScript enabled in your browser.
Leave a Reply
You must be logged in to post a comment.
