Զարմանալի Լուրեր

Անհաւատալի Բայց Իրաւ

Զանազան Զարմանազան

Անոնք Բարեկամացան, Հապա՞ Մենք…

Որբ Մնացին

     «Հաննա  Պարպարա Ընկերութեան»,  երկրորդ  բաժնեկիցն ալ մահացաւ. Ժոսէֆ  Պարպարան որ  95  տարեկան  էր որբ ձգեց  «Ֆլինթսդոնէս »ն, «Սքուպի Տօօ»ն, «Եօկկի Պէար »ն,«Թօմ Ժէրրի»ն եւայլ  գծաժապաւէններու  հերոսները:Իր բաժնեկիցներէն «Վիլիըմ Հաննա»ն ալ  2001  ին  մահացած էր արդէն:

Պատուիրան Չէ՛…

                                     Անգլիացի  գիտնականներուն համաձայն երջանիկ ու խաղաղ  ապրելու համար. ա) Առակներ  սորոուեցէք  եւ  ձեր ընկերներուն պատմեցէ՛ք: բ) Քահ-քահ  նետելու համար մի վախնաք. որպէսզի ձեր ստամոքսը  եւ սիրտը առողջ մնան: գ) Ձեր ընտանիքին հետ մտերիմ զրոյցներ ունեցէ՛ք. միատեղ …Continue reading →

Երջանկութեան Գաղտնիքը

Անգարա «Կազի Հմալսարան»ի դասախօս Տքթ. Էրտալ Ըշըքի համաձայն. երջանկութեան գաղտնիքը երաժշտութեան ճամբէն կանցնի: Ձայները  ուղեղին ձախ կողմի  բջիջները շարժման կանցնեն. ինչ  որ  պատճառ կ’ըլլայ երջանկութեան  հորմոններ արտադրելու: Այս հորմոնները  արեան  միջոցաւ  կը փոխադրուին  ամբողջ  մարմին:

Անքուն Արջեր

           Գերմանիոյ  «Մօրպիս  Կենդանաբանական Պարտէզ»ին  մէջ արջերը  ձմրան քունի  չեն կրնար մտնել: Բեւեռային  ջերուցման  պատճառով, ձմեռը քաղջ կ’անցնի: Արջերը յաճախ ջղագրգիռ  կը յօրանջեն:

Թռուցիկներու Փառատօն

                     Ամէն տարի «Թռուցիկներու Փառատօն» մը կը սարքեն, Հնդկաստանի Ահմէտապատ քաղաքին մէջ:           Աշխարհի չորս ծագերէնտ մրցորդներ կ’ուգան ու մրցումին մաս  կը կազմեն:          Փառատօնը կը տեւէ չորս օր: Կը կարծուի, թէ  թռուցիկը  առաջին անգամ շինած է Չնացի մը: …Continue reading →

Հասի՛ր «Պաօ Վիշու»

                   Չնաստանի «Ֆուշուն»  անուն ծովային ընդունարանին մէջ երկու դլփիններ իրենց սահմանը շրջապատող կերպնկալ (բլասթիկ)  կտորները  կլլեցին:                             Անասնաբուժներ  գործողութեամբ հանել ուզեցին, բայց չյաջողեցան: Որովհետեւ  դլբիններուն ստամոքսը կը կծկուէր եւ թոյլ չէր տար գործիքներուն աշխատութեան:     Բժիշկները օգնութիւն խնդրեցին աշխարհի …Continue reading →

Սահնակը Ի՞նչպէս Սորվեցան Մուկերը

                «Քիւրլի» անուն մուկը, Աւստրալիոյ ջուրերուն մէջ երբ սահնակ կ’ընէր իր ընկերներէն «Հէրի» , «Շոբցիչ» եւ «Պիւնսն» ի հետ, ժողովուրդը զարմանքի մատնեց:    Մուկերուն  տէրը Շայն Վիլմորդ իր տան լականին մէջ կրթած ու դաստիարակած էր զանոնք:

16 Անգամ Դիմաւորեցին

   Միջազգզյին Անջրպէտի Կայանին մէջ տիեզերագնացներ (ասթրօնօթ), Նոր տարին դիմաւորեցին  16 անգամ: Պատճառն այն էր որ, Կայանը օրուայ մը մէջ  16  անգամ շրջան կ’ընէր աշխարհի շուրջ:

Հրդեհին Պատճառը

Անգլիացի  ընտանիքի մը տան մէջ հրդեհ մը կը ծագի: Հրդեհին պատճառը շատ հետաքրքրական  էր:Անոնք ունէին  ագուարիում մը, որուն մէջ երբ ձուկերը կը  ցատկռտէին, ջուրի կաթիլները  թրջեցին ելեկտրական կազմածը  եւ  բոցեր  արձակուեցաւ , որու  հետեւանքով կարասիները բռնկեցան…:

Շնիկին Օգուտներէն Մին

    Գիտէ՞ք թէ  շուն մը իր տիրոջ առողջութեան ի՞նչպէս կը նպաստէ. Երբ ամէն օր իր տէրը, շունը պտոյտի կը տանի՝ ամբողջ տարին 1072 Քմ  ճամբայ կը կտրէ: Իսկտ եթէ իր տէրը 365  օր  մարզանք ընէր, միմիայն  700 Քմ ճամբայ կտրած …Continue reading →

Առողջութիւն

  Անգլիացի  գիտնականներուն  համաձայն,պէտք է  սնանինք  առատ բանջարեղէն  եւ  պտուղով  որպէսզի ունենանք՝ առողջ  ուղեղ  եւ առողջ մարմին մը: Երբ կ’ուտենք, ընկոյզ, կաղին,խնձոր,ծաղկակաղամբ,ոլոռն  եւայլն  մեր յիշողութիւնը կը զօրանայ:

«Լորիս»ի Ցեղը

«Լորիս», կապիկներու ընտանիքէն տեսակ մըն է, անոր ցեղը օր ըստ օրէ  կ’ոչնչանայ: Անգլիոյ  «Կենդանագիտութեան Յանձնախումբը» այս տեսակի կապիկներուն  ցեղը  տեւականացնելու  համար մեծ  ջանք կը թափեն: Հնդկաստանի մէջ ապրող  «Լորիս» ները ունին  25 սմ  հասակ եւ  կը  կշռեն  350  կրամ:

«Թիթան Արում»

   Լոնտոնի մէջ կը գտնուի ծաղկեմշակութեան պարտէզ մը. հոն կը բուծանեն նաեւ «Թիթան Արում» անուն ծաղիկը: Այս ծաղիկը ունի 1.64 Մեթր բարձրութիւն . իր գարշելի հոտը կը սփռէ մօտ 800 Մեթր հեռաւորութեան:Գնդաձեւ տաքութեան պատճառով,այս տարի (2007) Փետրուարին  խաբկանքի մատնուեցաւ եւ ծաղկեցաւ: …Continue reading →

Բացառիկ Յատկութիւն

Աւստրալիոյ Մէլպուրն քաղաքին մէջ, թէնիսի ողիմպիականի ընթացքին՝փոքրիկ «Ռոքքօ»ն, ծծակ մը բերնին, ռաքէթ մըն ալ ձեռքին՝մարզադաշտ իջաւ եւ թէնիսի ելոյթ մը ունեցաւ: Իր բացառիկ  յատկութիւնը  գնահատուեցաւ  հանդիսականներուն երկար  ծափերովը:

«Իրվին»ի Աղջիկը

Համբաւաւոր  որսորդ  «Սթէվէ  Իրվին»  կը կրթէր կոկորդիլոսները: 2006’ի Սեպտեմբերին՝ երբ ծովուն մէջ վաւերական աշխատանք (Պէլկէսէլ)  կը տանէր, վաթօզ մը զինքը խայթեց ու թունաւորեց:Սթէվէ  ի   դարմանումը անկարելի եղաւ եւ ան մահացաւ խոր  ցաւերու մէջ: Սթէվէ  Իրվին ի  ութը տարեկան  եղող աղջիկը «Պինտի», …Continue reading →

«Քահ-Քահ»ը

Անգլիոյ  «Քոլէժ  Օֆ  Լոնտոն»  Համալսարանի դասախօսներուն համաձայն՝ մարդոց  քահ-քահի ձեւով խնդալը փոխանցիկ է: Մարդկային ուղեղը երբ իր մօտ կը լսէ քահ-քահը, նոյն ձայնը տալու համար վարկեանական շարժման կանցնի: Իսկ՝ Լացն ու ճիչը  եւ յօրանջելը  քահ-քահէն աւելի ուշ կը փոխանցէ :

Ձուկը Ի՞նչպէս Եկաւ

« Պիլլ  Պրուքս »  անուն  անգլիացիի  մը տան ծխնելոյզէն ներս, ձուկ մը  ինկաւ: Ձուկը ողջ էր. Պրուքս ձուկը ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ դրաւ  եւ զայն կերակրել սկսաւ հացի փշրանքով: Անունն ալ  «Վանտա» դրաւ:Միջոց  մը վերջ հասկցան, թէ մրտիմ մը …Continue reading →