Archive for the ‘Զարմանալի Լուրեր’ Category

Անգլիացի գիտնականներուն համաձայն երջանիկ ու խաղաղ ապրելու համար.
ա) Առակներ սորոուեցէք եւ ձեր ընկերներուն պատմեցէ՛ք:
բ) Քահ-քահ նետելու համար մի վախնաք. որպէսզի ձեր ստամոքսը եւ սիրտը առողջ մնան:
գ) Ձեր ընտանիքին հետ մտերիմ զրոյցներ ունեցէ՛ք. միատեղ ճաշեցէ՛ք եւ ճաշի պահուն հեռատեսիլը գոց պահեցէ՛ք:
դ) Լաւ պատահարներ խորհեցէ՛ք ու ժպտեցէ՛ք:
ե) Պարզ կարկանդակներ պատրաստեցէք ձեր ընկերներուն համար.մէկտեղուեցէ՛ք եւ զիրար մտիկ ընելով խօսակցեցէք՛ք:
զ) Տարեցներուն ժամանակ յատկացուցէ՛ք անոնց փորձարութիւններէն օգուտ քաղեցէ՛ք:
է) Անմիջական դարմանումներու կիրարկումները սորվեցէ՛ք: Կ’ուգայ օր մը, որ փրկէք մէկու մը կեանքը:
ը) Համակարգիչը չափաւոր գործածեցէ՛ք.որպէսզի ձեր առողջութեան չվնասէ եւ ձեզի առանձնութեան չմատնէ:
թ) Մարմնի մաքրութեան կարեւորութիւն տուէ՛ք:
ժ) Ընտանի կենդանիներուն օգնական եղէ՛ք:
ի) Բամբասանքը՝ ժամանակի եւ էնէրժիի կորուստ է. ո՛չ ոք օգուտ կը քաղէ անկէ: Նոր գիտելիքներ սորվեցէ՛ք ու ձեր ընկերներուն փոխանցեցէ՛ք:

Անգարա «Կազի Հմալսարան»ի դասախօս Տքթ. Էրտալ Ըշըքի համաձայն. երջանկութեան գաղտնիքը երաժշտութեան ճամբէն կանցնի: Ձայները ուղեղին ձախ կողմի բջիջները շարժման կանցնեն. ինչ որ պատճառ կ’ըլլայ երջանկութեան հորմոններ արտադրելու: Այս հորմոնները արեան միջոցաւ կը փոխադրուին ամբողջ մարմին:

Գերմանիոյ «Մօրպիս Կենդանաբանական Պարտէզ»ին մէջ արջերը ձմրան քունի չեն կրնար մտնել: Բեւեռային ջերուցման պատճառով, ձմեռը քաղջ կ’անցնի: Արջերը յաճախ ջղագրգիռ կը յօրանջեն:
Ամէն տարի «Թռուցիկներու Փառատօն» մը կը սարքեն, Հնդկաստանի Ահմէտապատ քաղաքին մէջ:
Աշխարհի չորս ծագերէնտ մրցորդներ կ’ուգան ու մրցումին մաս կը կազմեն:
Փառատօնը կը տեւէ չորս օր: Կը կարծուի, թէ թռուցիկը առաջին անգամ շինած է Չնացի մը: Որպէսզի իր գլխարկը զօրաւոր հովէն չթռի ու չկորսուիտ գլխարկին անցուցած է չուաններ:
Չնաստանի «Ֆուշուն» անուն ծովային ընդունարանին մէջ երկու դլփիններ իրենց սահմանը շրջապատող կերպնկալ (բլասթիկ) կտորները կլլեցին:
Անասնաբուժներ գործողութեամբ հանել ուզեցին, բայց չյաջողեցան: Որովհետեւ դլբիններուն ստամոքսը կը կծկուէր եւ թոյլ չէր տար գործիքներուն աշխատութեան: Բժիշկները օգնութիւն խնդրեցին աշխարհի ամենաբարձր հասակին տէրը (2.36 Մ) եղող «Պաօ Վիշու»էն:
Պաօ Վիշուին թեւերն ալ ունէր 1.06 Մ երկարութիւն:
Դլբիններուն բերանները բացին, վերի եւ վարի կզակները լաթերով լաւ մը կապեցին եւ Պաօ ն իր ձեռքը երկարեց անոնց ստամոքսին մէջ. յետոյ կրցաւ հանել բլասթիկի կտորները: Դլբինները երբ հանգստացան ջուրէն վեր ցատկելով իրենց երախտիքը յայտնեցին «Պաօ»ին:

Միջազգզյին Անջրպէտի Կայանին մէջ տիեզերագնացներ (ասթրօնօթ), Նոր տարին դիմաւորեցին 16 անգամ: Պատճառն այն էր որ, Կայանը օրուայ մը մէջ 16 անգամ շրջան կ’ընէր աշխարհի շուրջ:
Անգլիացի ընտանիքի մը տան մէջ հրդեհ մը կը ծագի: Հրդեհին պատճառը շատ հետաքրքրական էր:Անոնք ունէին ագուարիում մը, որուն մէջ երբ ձուկերը կը ցատկռտէին, ջուրի կաթիլները թրջեցին ելեկտրական կազմածը եւ բոցեր արձակուեցաւ , որու հետեւանքով կարասիները բռնկեցան…:
Գիտէ՞ք թէ շուն մը իր տիրոջ առողջութեան ի՞նչպէս կը նպաստէ. Երբ ամէն օր իր տէրը, շունը պտոյտի կը տանի՝ ամբողջ տարին 1072 Քմ ճամբայ կը կտրէ: Իսկտ եթէ իր տէրը 365 օր մարզանք ընէր, միմիայն 700 Քմ ճամբայ կտրած պիտի ըլլար:
«Լորիս», կապիկներու ընտանիքէն տեսակ մըն է, անոր ցեղը օր ըստ օրէ կ’ոչնչանայ: Անգլիոյ «Կենդանագիտութեան Յանձնախումբը» այս տեսակի կապիկներուն ցեղը տեւականացնելու համար մեծ ջանք կը թափեն: Հնդկաստանի մէջ ապրող «Լորիս» ները ունին 25 սմ հասակ եւ կը կշռեն 350 կրամ:
Լոնտոնի մէջ կը գտնուի ծաղկեմշակութեան պարտէզ մը. հոն կը բուծանեն նաեւ «Թիթան Արում» անուն ծաղիկը: Այս ծաղիկը ունի 1.64 Մեթր բարձրութիւն . իր գարշելի հոտը կը սփռէ մօտ 800 Մեթր հեռաւորութեան:Գնդաձեւ տաքութեան պատճառով,այս տարի (2007) Փետրուարին խաբկանքի մատնուեցաւ եւ ծաղկեցաւ: Բնականին մէջ, ան կը ծաղկէր 6 կամ 9 տարին անգամ մը ամրան եղանակին:
Աւստրալիոյ Մէլպուրն քաղաքին մէջ, թէնիսի ողիմպիականի ընթացքին՝փոքրիկ «Ռոքքօ»ն, ծծակ մը բերնին, ռաքէթ մըն ալ ձեռքին՝մարզադաշտ իջաւ եւ թէնիսի ելոյթ մը ունեցաւ: Իր բացառիկ յատկութիւնը գնահատուեցաւ հանդիսականներուն երկար ծափերովը:


