Archive for the ‘Զարմանալի Լուրեր’ Category
Համբաւաւոր որսորդ «Սթէվէ Իրվին» կը կրթէր կոկորդիլոսները: 2006’ի Սեպտեմբերին՝ երբ ծովուն մէջ վաւերական աշխատանք (Պէլկէսէլ) կը տանէր, վաթօզ մը զինքը խայթեց ու թունաւորեց:Սթէվէ ի դարմանումը անկարելի եղաւ եւ ան մահացաւ խոր ցաւերու մէջ:
Սթէվէ Իրվին ի ութը տարեկան եղող աղջիկը «Պինտի», կ’ուզէ հետեւիլ իր հօրը ճամբէն: Անոր իրականացուցած ծրագիրները պիտի սփռուին Աւստրալիոյ Հեռատեսիլի կայանէն «Անտառի Աղջիկը Պինտի» վերնագրով: 
Անգլիոյ «Քոլէժ Օֆ Լոնտոն» Համալսարանի դասախօսներուն համաձայն՝ մարդոց քահ-քահի ձեւով խնդալը փոխանցիկ է: Մարդկային ուղեղը երբ իր մօտ կը լսէ քահ-քահը, նոյն ձայնը տալու համար վարկեանական շարժման կանցնի: Իսկ՝ Լացն ու ճիչը եւ յօրանջելը քահ-քահէն աւելի ուշ կը փոխանցէ :
« Պիլլ Պրուքս » անուն անգլիացիի մը տան ծխնելոյզէն ներս, ձուկ մը ինկաւ: Ձուկը ողջ էր. Պրուքս ձուկը ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ դրաւ եւ զայն կերակրել սկսաւ հացի փշրանքով: Անունն ալ «Վանտա» դրաւ:Միջոց մը վ
երջ հասկցան, թէ մրտիմ մը զայն որսալէ յետոյ , փոխադրելու ատեն կտուցէն վար ձգած էր ակամայ: