Archive for the ‘Գիտաղբիւր’ Category

sahag mesrob shkanishan

Ս.Սահակ  Պարթեւ

          Ճարտարապետութիւն, քանդակագործութիւն,մանրանկարչութիւն, երաժշտութիւն, գիտութիւն, մատենագրութիւն  եւլն. ահա ազգի մը մշակոյթին արժէքները, որոնք պէտք է գոյատեւեն դարեր ու  դարեր…։

         Անոնք, որոնք տէր կը կանգնին այս արժէքներուն՝ իրենց մշակոյթը վառ կը պահեն ու  կը  պարգեւատրուին՝  «Սուրբ ՍահակՍուրբ Մեսրոպ» ի  նուիրուած «ՊԱՏՈՒՈՅ  ԲԱՐՁՐ  ՇՔԱՆՇԱՆ» ով։

         Հայերը իրենց մշակոյթը կանգուն պահեցին՝ «Տառերու Գիւտ» ով…։ Շնորհիւ երկու Հանճարներուն եւ իրենց աշակերտներուն։

       St_sahak_partevԱյս երկու Հանճարներէն մին, Սուրբ Սահակ Պարթեւն էր ( 354 – 439 ), աշխարհի մէջ ամէնէն փայլուն եւ պայծառ հոգիներէն մէկը։ Տաք սրտով, անկեղծ զգացումներով, խորին տեսութեամբ եւ հարուստ հանճարով Հայրապետ  մը։

Թարգմանիչներու պարագլուխն էր Ան. հմուտ՝ Յունարեն, Ասորերէն, Պարսկերէն, Արամերէն եւ Հայերէն լեզուներու։ Ս.Սահակ՝ միեւնույն ատեն կատարելապէս հմտացած էր երաժշտական արուեստին։

Սահակ՝ շատ կանուխ ամուսնացաւ, որպէսզի Լուսաւորիչի Աթոռին ժառանք մը աւելցնէ։ Բայց Աստուած հրաշալի տեսիլքով մը յայտնեց  ու սահմանեց իրմով դադրեցնել այդ ժառանքը…։ Իր միակ աղջիկ զաւակը՝ Սահականոյշ երբ մեծցաւ, ամուսնացաւ Համազասպ Մամիկոնեանի հետ եւ ունեցաւ երեք մանչ զաւակներ։ Անոնցմէ մէկն է Քաջն Վարդան Մամիկոնեան, որ ապագային մեր մեծ Նահատակը եւ Հերոսը դարձաւ (Վարդանանց Պատերազմ  451)։

384 ին Ս. Սահակ ըտրուեցաւ  Հայոց Կթողիկոս։

Երկու անբաժան մեծ հոգիները, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ, մեր պատմութեան կարեւորագոյն դէպքերէն՝  — Հայ Գիրերու Գիւտը — կատարեցին։

Ս.Սահակ Կաթողիկոսը բախտաւոր եղաւ որ իր օրով արքայական գահին վրայ կը գտնուէր առաքինի եւ խաղաղասէր, կրթասէր եւ իմաստուն ՎռամՇապուհ թագաւորը, որ մեծապէս զօրավիգ  եղաւ իրեն եւ Ս. Մեսրոպին ձեռնարկներուն աւելի քան քառորդ դար մը։

          mesrob2Մեսրոպ իր շրջագայութեան մէջ ինչ որ  կրցաւ ձեռք ձգել… ամէքն ալ բերաւ եւ Սահակին ցոյց տուաւ։ Ս. Սահակի տուած կատարելութիւնով է որ Հայերէն Այբուբենը իր վերջնական թիւն ու կարգը, ձեւն ու ձայնական արժէքը ստացաւ։Գրութեան ուղութիւնն ալ սահմանուեցաւ՝ ձախէն դէպի աջ։

Ս. Մեսրոպ եւ իր աշակերտներուն առաջին գործը եղաւ Աստուածաշունչը  յունարենէ թարգմանել հայերէնի. բայց արդիւնքը գոհացուցիչ չէր եղած։

Մեսրոպ եւ իր աշակերտները,ներկայացան Ս. Սահակին եւ իրմէ խնդրեցին Ս. Գիրքին Հայերէնի  թարգմանութիւնը։

Ս.Սահակ իր անբաժան ու նուիրեալ ընկերը չմերժեց եւ ինքզինքը հոգեւոր աշխատանքի ենթարկելով 15 տարի աշխատեցաւ  գիշեր — ցերեկ… եւ մենք բախտաւորուեցանք  տիրանալու «Թագուհի Թարգմանութեանց»։

Ս. Սահակի շնորհիւ  է որ Հայերը կրցան հայ լեզուով աղօթել իրենց եկեղեցիներուն մէջ։

Դարձեալ այդ գիւտին շնորհիւ է որ անկէ մինչեւ մեր օրերը գիր ու գրականութիւն ունեցանք. թարգմանութիւններ կատարուեցան քաղաքակիրթ ազգերու  լաւագոյն գիրքերն ու գրուածքները։ Մեր անցեալն ու ապագան սորվեցանք.այսպէս մեր ժողովուրդը լուսաւորուեցաւ։

Եթէ աւելի երկար ատեն սեփական տառերէ եւ գրականութենէ զուրկ մնայինք, պիտի ձուլուէինք ուրիշ ազգերու  մէջ։

Կարճ խօսքով՝ այսօր Հայ Ազգը գոյութիւն պիտի չունենար։ Եւ կամ վայրենիներու  պէս անկիրթ  եւ անուսում մնալով, տեղ պիտի չունենայինք քաղաքակիրթ ազգերու շարքին մէջ։

Կը յուսանք ու կը մաղթենք, որ մեր ժողուուրդին մեծ մասը կ’անդրադառնայ ու յարգ կու տայ «Թարգմանիչներ»ու  այս անմրցելի  առաւելութիւններուն…։

Ս. Մեսրոպ երբ կը շրջէր գիւղեր ու գաւառներ, որպէսզի ամբողջացնէ  նորագիւտ հայ տառերը, թերեւս ալ իր ձիուն հեծնած քառասմբակ վերադարձին, ժողովուրդը զինքը կը դիմաւորէր փողեր փչելով, թմբուկ զարնելով կամ ցնծութեան երգերով…։

Իր կեանքին վերջին տարիներուն Ս. Սահակ  ալ շրջեցաւ քաղաքներ, գիւղեր ու գաւառներ, ուսուցանելու համար հայերէնը եւ Աստուծոյ Պատգամները։

438 ին Ս.Սահակ վախճանեցաւ Բլուր Գիւղին մէջ։ Թաղուեցաւ Աշտիշատ Գիւղը, որ իր ամէնասիրելի վայրն  էր։

Մեր յարգանքն ու սէրը յայտնելով անգամ մը եւս կը յիշենք Ս. Սահակ Պարթեւն ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը եւ իրենց աշակերտները։ Անոնց շնորհիւ Հայ լեզուն ու Հայ Մշակոյթը վառ կը մնայ իր անցեալով ու ապագայով։

Որքա՜ն ալ գովասանքներ հիւսենք՝  անոնց արժանիքներէն վար կը մնայ։

easter_eggs.jpgeaster-eggs.jpg  Ս. Զատկի Տօնին  ժողովրդական  սովորութիւններէն  է  հաւկիթ  ներկելն  ու  հաւկթախաղը:  Հաւկիթը  կը  ներկեն  կարմիրի:  Հինէն  հայեր  հաւկիթը  կը  ներկէին  որդան կարմիրով :  Ըստ  Ս. Գրիգոր  Տաթեւացիի՝  հաւկիթը  օրինակն  է  աշխարհի.  Դրսի  կեղեւը՝  կը  նմանի  երկնքին,  սպիտակուցը՝ ջուրին,  դեղնուցն  ալ  երկիրն  է:  Իսկ  կարմիր  ներկելը՝  կը  նշանակէ,  որ  ողջ  աշխարհը  փրկուեցաւ  Քրիստոսի  արեամբ:  

easter-1.jpg

defo.jpg

123.JPG     2213.JPG

cake.gif 

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ
( 1908 – 1981 )

kirk1.jpgԱմերիկահայ, աշխարհահռչակ գրագէտ եւ թատերագիր Ուիլիըմ Սարոյեան (Արամ Գարաօղլանեան), ծնած է Գալիֆորնիոյ , Ֆրէզնօ քաղաքը:
Փոքր տարիքին կորսնցուց  իր սիրելի հայրը:kirk2.jpg
Մայրը, իր դժուարին օրերուն  ստիպուեցաւ, չորս զաւակները որբանոց յանձնել:
Տղաք, որբանոցին մէջ մնացին հինգ տարի:
Երբ կրկին ընտանիքը մեկտեղուեցաւտ Ուիլիըմ  հօրը կարօտով կ’այրէր:
Ան շատ մեծ կարօտ ունէր իր հօրէնական ծննդավայրը տեսնելու…: (Եւ զայն իրականացուց 1964 ին, դէպի Պիթլիս):
kirk3.jpgՈւիլիըմ երբ ուսումը լքեց, տասնըչորս տարեկան էր: Ստիպուած էր տան ծախսերը դիմագրաւել:
Զբաղուեցաւ զանազան գործերով: Ան, յաճախ կ’երթար մօտակայ գրադարաններ ու կը կարթար ամէն ինչ, որ կը սիրէր:
Իր միակ փափաքն էր պատմաբան ըլլալ…:
Մանաւանդ երբ կարթաց  Կի Տը Մօբասանի « Զանգակ » անուն հէքեաթը, որոշեց գրել ու տեւաբար գրել, ինքնուրոյն ոճով. զոր կոչուեցաւ՝ «Սարոյանի Ոճ »:kirk4.jpg
Բազմիցս իր գրական փորձերը ղրկեց զանազան հրատարակիչներու. բայց անոնք միշտ անտարբեր մնացին:
kirk5.jpg1928′ին իր գործերէն մէկը հազիւ ընդունուեցաւ ու հրատարակուեցաւ:
1933 ին երբ 25 տարեկան էր, կարգ մը պատմուածքներ ղրկեց Պոսթոնի  Հայրենիք Թերթին, ու հրատարակուեցաւ «Սիրաք Կորեան» ծածկանունով:
1935 ին այս պատմուածքները հաւաքեց  հատորի մը մէջ, որ կը կոչուէր «Խիզախ Երիտասարդը Թռչող Թրափէզին Վրայ»:
«Այս գործս շատ սիրուեցաւ , ճանչցուած գրագէտ մը եղայ եւ լաւ շահ բերաւ. ամբողջ պարտքերս վճարեցի եւ Հայաստան այցելեցի»
կ’ըսէր ան, ամէն առիթով:kirk6.jpg
Այլեւս խանդավառ գրող մըն էր եւ կը գրէր առանց յոգնելու…:
kirk7.jpg1939 ին գրեց, «Ապրելու Ժամանակ» թատրերգութիւնը, որ Նիւ Եորքի մէջ նոյնպէս շատ սիրուեցաւ:
«Այս գործիս համար ինծի ուզեցին տալ՝ Փուլիցըր ի Մրցանակը եւ հազար տոլար. բայց ես մերժեցի, չուզեցի ընդունիլ. որովհետեւ ես դէմ եմ գրական մրցանակներուն եւ նիւթական օգնութիններուն» կ’ըսէ մեծ մարդը:
Կը սիրէր բնութիւնը, կենդանիները, մարդիկը, մանաւանդ տղոց աշխարհը:
Նախընտրեց  պարզ ապրիլ, անկեղծ, համեստ ու մտերիմ:
Գրեց՝ 1500 է աւելի պատմուածքներ, բազմաթիւ վէպեր, վիպակներ եւ թատրերգութիւններ:
Իր շատ կարեւոր գործերէն մին է. «Մարդկային Կատակերգութիւն» վիպակը, զոր թարգմանուեցաւ բազմաթիւ լեզուներու:kirk8.jpg
kirk9.jpgՍարոյեան դարձաւ Ամերիկայի ամէնէն շատ արտադրող գրագէտը:
« Ուզեցի քանդակագործ կամ նկարիչ ըլլալ, բայց ատոր համար պէտք ունէի գործիքներու, որոնք շատ սուղ էին. հետեւաբար հրաժարեցայ. գրելը ,աժան էր, մատիտ մը եւ թուղթ մը բաւարար էր ինծի». խօսքերովը կը ցոլացընէր իր պատանեկութեան դժուարին օրերը:

Մեծանուն Գրագէտ Սարոյեան՝  գրիչով  կերտեց  իր ապագայ կեանքը եւ իր տեղը գրաւեց,  անմահ գրողներու ցանկին մէջ:

kirk10.jpg«Իւնէսքօ»ն 2008ը յայտարարեցտ « Սարոյանի Տարի » :kirk11.jpg

ՅԱՐԳԱ՜ՆՔ ՈՒ ՍԷ՜Ր  ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ  ԳՐԱԳԷՏԻՆ:

william-saroian.jpg

chaplin1.JPG chaplin2.JPG

«Չարլի Չափլին» «Շարլօ»

Նշանաւոր դերասան Չարլի Չափլին 1915 ին նկարագիր մը հնարեց: Շարժանկարի արտադրիչ Jacques Haik այս նկարագիրը կոչեց «Շարլօ»:

Չարլին «Շարլօ» դերին մէջ, քիչ կը խօսէր, շատ կը շարժէր: Ան՝ մարդկային զօրաւոր զգացումները կը պարզէր դիմախաղերով. այսպէս խամաճիկէ մը չէր տարբերեր:

«Շարլօ»ին մասնայատկութիւններն էին.

ØՄէլօն գլխարկ ØՊամպու գաւազան ØՆեղ բաճկոն ØՀնամաշ կօշիկներ ØՆեղ ու կարճ պեխեր ØԴիմախաղեր:

Չարլին «Շարլօ»ին հետ նոյնացաւ, աճեցաւ ու հսկայ մը դարձաւ:

Մանաւանդ դիմախաղերով ցոլացուց. ØԲարենապատակ ØՄարդասէր ØԽորամանկ ØԴիւրազգաց ØՃակատագրի յանձնուած, այդ «Ազնիւ Անգլիազի»ին յատկանիշերը:

                               ————–

 Չարլի Չափլին 16 Ապրիլ 1889ին ծնաւ Զուիցերիոյ մէջ: Համեստ ընտանիքի մը կրտսեր զաւակն էր. բայց փոքր տարիքէն գրկեց ճակատագրին բաժինը: Ընտանիքին հիմը փլաւ ու ինք մնաց մօրը քով: Քիչ ատեն յետոյ հայրը՝ Չարլս Չափլին ալքօլամօլ մը դարձաւ ու տարապանքներու մէջ մահացաւ: Մայրը՝ Հաննահ Չափլին դիրասանուհի մըն էր. թէ՛ալ երգչուհի: Փոքրիկ Չարլիին օրերը կ’անցնէի դատրոնը, մօրը սենեակին մէջ: Ան յաճախ կը շպարուէր դերասանի մը պէս: Գեղեցիկ աղջիկներ կը մտնէին սենեակը եւ զինքը կը փայփայէին. հոն շատ հաճելի պահեր կ’ունենար:

Օր ըստ օրէ մայրը իր առողջութիւնը կը կորսնցնէր: Հինգ տարեկան էր երբ մայրը բեմին վրայ բացակայեցաւ: Չարլին փափաքեցաւ մօրը տեղ բեմ ելլել. դատրոնին տէրը համոզեցին: Յաջող ելոյթ մը ունեցաւ. Հանդիսականները որոտնդոստ ծափահարեցին զինքը: Այդ օրէն սկսեալ բեմերուն սիրահատը դարձաւ:

Ինը տարեկանին «The Eight Lancaster» անուն խաղին մէջ երգեց բացառիկ յաջողութեամբ:

Տասնըմէկ տարեկանին Լոնտոնի Ձիարձակարանին (Hipodrom) մէջ «Giddy Ostende» անուն խաղին դերը ստանձնեց:

Ձեռք ձգած յաջողութիւններուն՝ ուրախութիւնը անբացատրելի էր. միշտ աւելի լաւը կատարելու փափաքը կ’արթննար իր մէջ:

Մեծ ցաւ կը զգար մօրը մասին. Խեղճ կինը խելագարեցաւ ու առանձինն ապրիլ սկսաւ, դարմանուիլ ալ չ’ուզեց:

Չարլին մինչեւ քսանչորս տարեկան Անգլիոյ մէջ ապրեցաւ. մնջկատակներ ալ ցուցադրեց եւ իր ապրուստը ապահովեց:

Ընկերը՝ «Fred Karno» Նիւ Եորք տարաւ Չարլին, որպէսզի աւելի յառաջանայ իր ասպարէզին մէջ: Հոն ծանօթացուց «Mack Senet»ի հետ որ շարժանկարի վարիչ էր: Մեծ գոհունակութեամբ ընդունեց այս վարիչին առաջարկը եւ եղաւ գլխաաւոր դերասանը «Making a Living» անուն խաղին: (1914)

Hollywood ի մէջ նշանաւոր դերասան մը դարձաւ եւ գլխաւոր դեր ստանձնեց երեսուներկու շարժանկարի խաղերուն մէջ:

1915ին Չարլին աշխատեցաւ «Essanay»ի հետ որ շարժանկարի արտադրիչ էր ու անոր ալ վարիչը «Jacques Haik»:

Ամերիկայի մէջ արժանացաւ «Պետական Արուեստագէտ»ի տիտղոսին:(1918)

Հինգ տարի վերջ հոյակապ աշխատանոց մը կազմեց եւ եղաւ շարժանկարի վարիչ: Անթիւ խաղերու ժապաւէններ պատրաստեց ու հասաւ յաջողութեան գագաթնակէտին: Մասնայատկութիւն մը ունէր ամէն խաղին նոր աղջիկ մը հասցնել ամենայն վարպետութեամբ: Շատ մը նշանաւոր դերասանուհիներ Չարլիին կը պարտին իրենց յաջողութիւնը:

«Oscar»ի մրցնակը կը շահի 1926ին ընդգրկելով գրագիր, արտադրիչ(yapımcı),վարիչ(yönetmen),դերակատար(oyuncu) ճիւղերը «Circus» անուն ժապաւէնով:

 1943ին օրաթերթերը կ’արձագանգեն Չարլի Չափլին տասնըչորրորդ ամուսնութիւնը եւ ութերորդ զաւակին ծնունդը:

Քաղաքական կարգ մը պատճառներով՝ Ամերիկայի սահմաններէն դուրս ելլելու կը ստիպեն զինքը ու կը վերադառնայ Զուիցերիա:

1964ին իր յուշերը գրի կ’առնէ ու գրքի մը մէջ կ’ամփոփէ:

Տասը տարի վերջ Չարլին, էն հրաւէր մը կը ստանայ եւ իրեն կը յանձնեն «Պատուոյ Օսքար» անուն մրցանակ մը: Ունի նաեւ «Կատակերգակներու Հանճարը» տիտղոսը:

Զուիցերիոյ մէջկը մահանայ ութսունութը տարեկանին: Կարգ մը անձեր դիակը կը գողնան. ոստիկանները զայն կը գտնեն ու դարձեալ կը թաղեն: Գողութեան պատճառը անհասկնալի կը դառնայ:

Չարլիին հոյակապ աշխատանոցը թանգարանի կը վերածուի:

Չարլի Չափլին՝ աշխարհահրչակ հարիւր դերասաններու ցանկին մէջ առաջին կարգը կը գրաւէ:

xazaros-axayan.JPG

navasart.JPG

gosig1.JPGgosig2.JPGgosig3.JPG

chaxats1.JPGchaxats2.JPG

zrouyts.JPG


baronyan.JPG

Յակոբ  Պարոնեան (1841-1892)

ԺԹ. դարու Հայ երգիծական գրականութեան արքան է:

Հրատարակած է երգիծական թերթեր. եղած է խմբագիր «Եփրատ», «Մեղու», «Թատրոն» եւ «Խիկար» անուն ժամանակակից թերթերուն:

Իրապաշտ է. շատ պարզ լեզուով մը հիւսած է իր գործերը:

Զօրաւոր երգիծականը քառասունի մօտ կենդանագրեր ամփոփած է «Ազգային Ջոջեր» անուն հանճարեղ հատորին մէջ:

Ինքնօգնութեամբ սորված է Ֆրանսերէն, Իտալերէն եւ Յունարէն: Ունի բազմաթիւ քրոնիկներ, վէպեր, պատմուածքներ, թատերախաղեր եւլն. որոնք թարգմանուեցան այլ լեզուներու: Ան արժանի եղած է կոչուելու «Համաշխարհային երգիծական գրականութեան գլխաւոր ներկայացուցիչը»:

Պարոնեանի համար երգիծանքը՝ հիմնական ապրում, հոգեկան աղբիւր, սրատեսութիւն եւ մարդիկ ու դէմքեր ճանչնալու հոգեկան պատրաստութիւն է:

hayeli1.JPGhayeli2.JPGhayeli3.JPG

normal_mutqjerusalem.jpgՀայ Գրականութեան Ոսկեդարու  ( Ե . Դար )  գրող ու պատմիչ է :

« Ագաթանգեղոս »  բառը , Յունարէն է . կը  նշանակէ , «բարի հրեշտակ , պատկամաբեր »: geghard01.jpg  embrub1.jpg                         Ուսած է Հոռոմ  եւ  Յոյն  դպրութիւն,  ապա  դարձած՝   քարտուղարը  Հայոց  Տրդատ  Թագաւորին:                                 

 Մեր հնագոյն Պատմիչներէն է  «Ագաթանգեղոս » :               

 Ան գրած է « Հայոց  Պատմոգթիւն » ը   ո՛չ  միայն  իր  ժամանակի  այլ  նախընթաց  դարերունը  ամենայն մանրամասնութեամբ : himmelfahrt.jpg

          Տարակոյս չկայ թէտ այս գործին բնագիրը Յունարէն կամ Լատիներէն  է  յետոյ  Հայերէնի թարգմանուած:  Թարգմանիչը  հաւանաբար  Ե.  Դարու մատենագիրներէն   «Կորիւն » ն  է:   «ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ » ի  երկին  պատմական արժէքըտ  իբր  թանկագին   կայ  ու  կը  մնայ.  որովհետեւ  այդ  շրջանի մեր պատմութիւնը ստոյգ կերպով մեզի փոխանցող ուրիշ ոեւէ վաւերական  աղբիւր  չունինք:  

 2092878425_8ab1a27ce5.jpg  geghard03.jpg 2093651224_f55591f312.jpg   2093652900_e6326e728b.jpg

Գործը  կը բաղկանայ  չորս  մասերէ. 

 Ա -  Բուն  Պատմաբանը 

 Բ -  Վկայականութիւն  Սուրբ  Գրիգորի

geghard04.jpgԳ -  Վկայականութիւն  Սուրբ  Հռիփսիմեանց

Դ -  Վարդապետութիւն  Սուրբ  Գրիգորի                         

                     Ինչպէս  Պատմական,   ունի   գրական -  գեղարուեստական  մեծ արժէք  իր  բովանդակութեամբ:    

2093871208_2cf80cc246.jpg

mikado1.JPGmikado2.JPG«Միքատոյին  Ցպիկները» 

     Դարեր առաջ, Չնաստանի   Իշխանները  պալատին մէջ հրէշ մը ունէին: Իշխանը ստիպուած էր զանազան խաղերով զուարճացնել իր հրէշը:

      Իշխաններէն մէկը, օր մը կը ձանձրանայ այս խաղերէն եւ ձեռքին մէջ պահած Ցպիկները բարկութեամբ հրէշին առջեւ կը նետէ: Միջոց մը վերջ Իշխանը, իր այս վարմունքին կը զղջայ եւ կը սկսի  ցպիկները  մի առ մի հաւաքել: Հրէշը հետաքրքիր կը հետեւի իշխանին:

      Իշխանը կը զգայ, որ հրէշը շատ կը զուարճանայ, ամէն անգամուն տարբեր  ձեւերով կը հաւաքէ ցրուած  ցպիկները, նոյնիսկ ինքնիրեն օրէնքներ կը դնէ: Խաղի միջոցին ինք ալ հրէշին նման կը զուարճանայ:

      Չինացի  Իշխանները կը կոչուէին   «Միքատօ», այս պատճառով Իշխանը, հնարած խաղին  « Միքատոյին  Ցպիկները » անունը կու  տայ:

      Խաղը կը հասնի մինչեւ մեր օրերը, որ շատ հաճոյակատար է:

   « Միքատոյին  Ցպիկները»  41  հատ են եւ իրենց  արժէքին փոխարէն գունաւոր գիծեր կը կրեն:

Այսպէս՝

      1 կարմիր, 1 կապոյտ                   գծաւորները     2 ական արժէք ունին

      1  կարմիր, 1 դեղին,  1կապոյտ            »                3       »          »          »

      3  կարմիր,  2  կապոյտ                           »                5       »          »          »

      1  կարմիր,  2   կապոյտ                          »              10        »          »         »

       «Շանկայ»  կոչուած  կապոյտ զսպանակաձեւ  գծաւորը ՝  20  արժէք  ունի:

       41  ցպիկին  արժէքներուն գումարըտ 170  է:

      Այս խաղը երկու կամ աւելի մասնակից  կրնայ ունենալ: Մասնակիցներէն  մէկը  41  ցպիկները ափին մէջ կ’առնէ. միւսները աչքերնին կը փակեն եւ մէկ մէկ   ցպիկ կը  քաշեն յետոյ աչքերը կը բանան. ով որ ամէնէն բարձր արժէքին տէր է, առաջնակարգ  ըլլալու  իրաւունքը  կը շահի: Ցպիկները  ափին  մէջ  կ’առնէ  ու  սեղանին  վրայ կը  կեցնէ. Յետոյ յանկարծ ափը կը բանայ  ցպիկները կը   ցրուին ու կը սկսի զանոնք մի  առ  մի  հաւաքել – միմիայն  մատներով – պայմանաւ, որ միւս ցպիկները չշարժին: Եթէ  թեթեւ մը նոյնիսկ  շարժին, խաղը յաջորդին կ’անցնի:

      Խաղը կը շարունակուի մինչեւ, որ սեղանին վրայ  ցրուած  ցպիկները հատնին:

      Խաղէ մը վերջ մասնակիցները, իրենց  շահած   ցպիկներուն արժէքները կը գումարեն  եւ սիւնակներու  մէջ  կը նշանակեն: Այսպէս խաղը քանի մը անգամ կը շարունակուի. երբ վերջ տրուի, սիւնակներու մէջ արձանագրուած արժէքները անջատաբար կը գումարուին. ամէնէն բարձր գումարը ով, որ ունի խաղը կը շահի:

      Բարի զուարճութիւն բոլորիդ:

      « Միքատոյին  Ցպիկներ»ը  դուք ալ կրնաք պատրաստել, միս խորովելու համար  վաճառուող փայտէ  ցպիկները ներկելով:        Խաղի   ընթացքին, «Շանկայ»ը    ձեռք անցընողը, բախտաւոր է. որովհետեւ  այս  ցպիկին  օգնութեամբ  կրնայ  նետել  կամ  քաշել  միւս   ցպիկները: