Archive for the ‘Գիտաղբիւր’ Category
Քրիստոնեայ – Քրիստոսի աշակերտ
Քրիստոս – ա) Օծուած . բ)Ոսկի
Յիսուս Քրիստոս- Աստուծոյ Որդին
Դաւիթ – Սիրելի, սիրեցեալ
Մեսիա – Օծեալ ,Քրիստոս , Փրկիչ
Միածին – Հայր Աստուծմէ Ծնած ( Յիսուս Քրիստոս)
Մարիամ – Լուսաւորեալ. բ) պարկեշտ համեստ կին. գ) աղախին ( ծառայ )
Ալէլուիա – Օրհնեցէ՜ք տէրը
Օ՜րթի – Ոտքի ելէ՛ք
Պռօսխումէ – Ուշադրութիւն ընե՛նք
Ծաղկազարդ – Քրիստոսի Երուսաղէմ հանդիսական մուտքը:Հաւատացեալները իրենց հագուստները ճամբուն վրայ կը փռէին, ձիթենիի եւ արմաւենիի ոստեր բռնածտ ուրախութեամբ կ’աղաղակէին.
«Ովսաննա՛, Դաւիթի որդին, օրհնեալ ըլլայ ան որ Աստուծոյ անունով կու գայ»:
Ովսաննա՛ – Գովեցէ՛ք տէրը
Ցիթենի – Ցիթապտուղի ծառ
Արմաւենի – Հսկայ տերեւներով պտղատու ծառ մը (հուրմայ )
ԱՒԱԳ ՕՐԵՐ – Ծաղկազարդին յաջորդող Երկուշաբթիէն մինչեւ Ս. Զատիկ տեւող շրջանը, կը կոչուի «Աւագ կամ Մեծ Շաբաթ»:
Որովհետեւ, այդ օրերուն Եկեղեցին կը յիշատակէ, Յիսուսի երկրաւոր կեանքին վերջին ընթրիքը, մատնութիւնը, չարչարանքը, խաչելութիւնն ու թաղումը:
Ղենջակ – ա) Մէջքին փաթթուող լաթ. բ) տեսակ մը Եկեղեցական գոգնոց. գ) Անձեռոց, սրբիչ
Ոտնլուայ – Յիսուս, վերջին ընթրիքէն առաջ ՝ խոնարհութեան օրինակ մը տալու համար, ղենջակ մը կապեց մէջքին եւ սկսաւ իր աշակերտներուն ոտքը լուալ եւ ղենջակով սրբել: Յետոյ ըսաւ.
-Գիտէ՞ք ի՞նչ ըրի ձեզի. դուք զիս Վարդապետ եւ Տէր կը կոչէք. այնպէս ալ եմ: Ուրեմն ես ձեզի օրինակ տուի, դուք ալ նոյնը ըրէ՛ք:
Յարութիւն առնել – Մեռեալի մը վերստին կենդանանալը (Յիսուս Յարութիւն առաւ )
Զատիկ – Քրիստոնեաներուն Մեծ Տօնը. Ի յիշատակտ Յիսուսի Յարութեան
Համբարձում – Զատիկէն 40 օր ետքտ Ձիթենեաց Լերան վրայ, Յիսուս մարմնով երկինք բարձրացաւ , առաքեալներուն աչքին առջեւ:
Այդ լեռը յետագային կոչուեցաւ՝ « Համբարձման Լեռ » : Յիսուսի երկինք բարձրանալուն եւ իր Հօրը աջ կողմը նստելուն յիշատակի օրն է ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ:
![]()
ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԷՆ
Ընկերոջս քեռայրըտ ծաղկեմշակութեամբ կը զբաղի: Ամէն անգամ, որ ընկերուհիիս հետ տեսակցինք,զիս կը ստիպէ որպէսզի քեռայրին պարտէզը երթանք: Ան շատ լաւ գիտէ իմ սէրս ու հետաքրքրութիւնս ծաղիկներուն նկատմամբ: Անցեալ օր աշխատութիւններս մէկդի թողուցի ու հեռախօսով զինքը փնտռեցի. Ըսելու համար թէ՝ քեռայրին պարտէզը այցելել կը փափաքէի: Բարեբախտաբար ինք ալ յարմարութիւն ունէր…: Հապճեպով պատրաստուեցանք ու զիրար գտանք նաւամատոյցին մօտ: Երկուքս ալ անհամբեր էինք. ծովային հանրաշարժով ճամբորդեցինք եւ կանուխէն հասանք քեռայրին պարտէզը: Ընկերուհիս ինծի ծանօթացուց՝ քեռայրը որուն անունը «Լամպօ» էր: Պարոն Լամպոն սիրով բոլոր ծաղիկներուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ: Զմայլեցայ իր տքնաջան աշխատութեան վրայ. վստահ եղէ’ք, որ դիւրին գործ մը չէր իր ըրածը…: Աւելի վերջ մեզ առաջնորդեց իր գրասենեակը. Հոն դեռ կը խօսակցէինք՝ ծաղիկներուն մասին, պատէն կախուած ցանկ մը նշմարեցի եւ հետաքրքրութիւնս յայտնեցի իրեն: «Այդ ցանկը ծաղիկներուն խորհրդանշաններն են» ըսաւ: Վայրկեանական ծոցատետրս հանեցի ու գրի առի կարգ մը ծաղիկներուն խորհրդանշանները. Անոնք օր մը անպայման ինծի պէտք պիտի ըլլային…: Շնորհակալ եղայ Պրն. Լամպոյին:
Կ’ուզեմ ձեզի ալ հաղորդել անոնք. Դուք ալ ծաղիկներու տեսակներէն օգտուելով ձեր զգացումները կրնաք յայտնել ուրիշներուն:
Վարդան Մամիկոնեան Հայ զօրավար մըն էր: 451 թուականին Պարսիկներուն դէմ պատերազմեցաւ, պաշտպանելու համար Հայ կրօնքն ու Հայրենիքը:
Պատերազմը տեղի ունեցաւ Ավարայրի դաշտին մէջ Տղմուտ Գետին եզերքը:
Հայ ժողովուրդը այսօր սիրով ու հպարտութեամբ կը յիշէ Անոր անունը:
Հինգշաբթի օր Վարդանանց է. Մեր եկեղեցինէրուն մէջ Վարդանանցի Տօնը կը կատարուի:
Կիրակի օր Բուն Բարեկենդան է: Բարեկենդան կը նշանակէ. Մարդկային երջանկութիւն. այսինքն ուրախ, զուարթ եւ շէն ապրիլ. Ինչպէս որ կ’ապրէին Ադամն ու Եւան դրախտին մէջ:
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆ 451 Մենք Հայերս 301 թուին առաջին Քրիստոնեայ ազգը եղանք: Պարսիկները այդ շրջանին կրակապաշտ էին եւ անոնց թագաւորըտ Յազկերտ Բ. ուզեց Հայերն ալ իրենց պէս կրակապաշտ դարձնել: Ուստի հրաման մը հանեց, որ ամբողջ Հայ ժողովուրդը չճանչնան Քրիստոսը ու պաշտեն կրակը: 451 Մայիս 26 ին Շաբաթ առաւօտ Հայաստանի Տղմուտ Գետին եզերքը՝ Աւարայրի Դաշտին վրայ Հայերու եւ Պարսիկներու միջեւ տեղի ունեցաւ Վարդանանց Պասերազմը: Հայոց բանակին գլուխը կը գտնուէր, Հայաստանի իշխաններէն՝ Վարդան Մամիկոնեան Զօրավարը: Պատերազմի ընթացքին հերոսաբար կռուեցաւ ու նահատակուեցաւ Քաջ Զօրավարը, իրեն հետ նահատակուեցան 1036 «վկայ» զինուորներ: Յազկերտ Բ. Հայերու քաջութիւնը տեսնելով՝ շատ ազդուեցաւ եւ իր զօրքերը ետ քաշեց:
Այսպէստ Հայերը թէ ազատ, թէ ալ Քրիստոնեայ մնացին:
Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Զատկի տօներուն նման Սրբոց Վարդանանց տօնն ալ Հայերու Մեծ տօնն է:
Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով՝ մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ’ունենան կրօնական տօնակատարութիւն:
ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԿԱՄ ՄԵԾ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Սուրբ Զատկի տօնէն եօթը Կիրակի առաջ Բուն Բարեկենդան է: Բարեկենդան կը նշանակէ. Բարի կենդանութիւն, ուրախութիւն, առատ ուտելիքներ վայելելու օր:
Մարդիկ երբ ուրախ, զուարթ, շէն ապրին, երջանիկ կ’ըլլան: Այսպէս կ’ապրէին Ադամ եւ Եւա դրախտին մէջ:
Բուն Բարեկենդանի օրուան առթիւ կը պատրաստեն ճոխ սեղաններ, զուարճութիւններ: Մարդիկ արտառոց զգեստներ կը հագնին եւ դիմակներ կը դնեն:
Այս տարի Բուն Բարեկենդանի թուականը 22 Փետրուար Կիրակի օրն է:
Բուն անունով Յովհաննէս Կարապետեան, որ լաւագոյն բանաստեղծներէն մէկն է մեր գրականութեան: Իր գործերը կը կրեն, դիւցազնական շունչ, քնարական խառնուածք, երաժշտական ոճ եւ պատկերաւոր լեզու: Նշանաւոր են իր այն բանաստեղծութիւնները որոնց մէջ կը հիւսէ մօրը հանդէպ սնուցած սէրն ու պաշտամունքը:
Երիտասարդ տարիքին արժանացաւ «Պատուոյ Նշան» շքանշանին: Դիւցազնական - հերոսական
Ոճ - արտայայտելու եղանակ
Քնարերգակ - սէր, վիշտ, ուրախութիւն երգող
Թէ երգերս աստղանան,
Դու էլ պիտի ողջ երկրում
Վեր լուսնանաս յաւիտեան
Իմ ասեղաբոյլ երգերում:
Աստղիկ անունդ՝ ասեղի պէս,
Իմ երգերի երկնքի
Ամենասուրբ աստղն է հեզ,
Ամենամեծն, իմ հոգի:
Հին ատեն Ապրիլ 1-ն էր Ֆրանսացիներուն տարեգլուխը: Երբ Շարլ 9երորդ թագաւոր եղաւ, Յունուար 1-ը ընդունեց իբր տարեգլուխ:
Թագաւորին այս որոշումը շատ բարկացուց ժողովուրդը եւ զինքը ծաղրելու համար ամէն տարի Ապրիլ 1-ին սկսան կատակներով զիրար խաբել եւ զուարճանալ. . . :
Նկատելով որ Ապրիլ 1-ին արեւը «Ձուկ»ի աստեղատունէն (Zodyak) կ’ելլէր, այս պատճառով զուարճութիւններն ալ կոչեցին «Ապրիլեան Ձուկ»:
Յաջորդող տարիներունտ Ֆրանսական այս սովորութիւնը այսինքն զիրար խաբելով զուարճանալու ձեւը տարածուեցաւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ:
Չափաւոր կատակներով պէտք է զիրար խաբել. որպէսզի այդ կատակները չունենան անհամ եւ տխուր հետեւանքներ:

Ապրիլը տարւոյն չորրորդ ամիսն է, Գրիգորեան Օրացոյցին համաձայն . Ապրիլ անունը կու գայ Լատիներէն «Աբրիլիս» բառէն, որ կը նշանակէ «բանալ»: Այսինքն հողը իր գիրկը կը բանայ նորածին բնութեան:
Այս ամսուան մէջ, դաշտերը կը ծածկուին կանաչ խոտերով: Պտղատու ծառերը կը բողբոջին, պարտէզները կը զարդարուին գոյնզգոյն ծաղիկներով, եղրեւանին (leylak) կը բանայ իր բուրումնաւէտ ողկոյզները, տունկերը կը ծլին եւլն. . . :Յաճախ անձրեւ կը տեղայ, օդը հետզհետէ կը սկսի տաքնալ: Երբեմն փոթորիկներ ալ կը պատահին: Ժողովուրդը այս փոթորիկներուն տուած է զանազան անուններ. օրինակ՝ «Ծիծեռնակեան Փոթորիկ»,«Կարապեան Փոթորիկ» եւլն. . . :
Ապրիլի անձրեւներէն՝ յայտնի կ’ըլլայ ապագայ հունձքի առատութիւնը: Այս պատճառով կ’ըսեն թէ՝ «Ապրիլեան անձրեւները մարգրիտներ են»:
Ապրիլի գաղջ օդերէն օգտուելով՝ ոչխարները կը խուզեն (kırpmak), կը կթեն հորթերու առաջին կաթը, գառնուկները կ’արածեն (otlatmak), լաւ մը կը մաքրեն գոմերն ու ախոռները եւլն. . .:
Հին ատեն մարդիկ կը կարծէին թէ՝ ծովային ոստրէն (istiridye) մարգրիտ (inci) կը պատրաստէ ապրիլի անձրեւներէն. Նոյնպէս, օձն ալ կը շինէ իր թոյնը: Այս տեսութիւնները ներկայ դարուս կը նկատուին սնապաշտութիւն (batıl inanç):
1870ին, մեր նախնիքը, «Ապրիլ» օտար անունին տեղ գործածել ուզեցին «Ծաղկին» անունը, որ կը նշանակէ «Ծաղկային ամիս». բայց չյաջողեցան:

Ջրհեղեղի ընթացքին, երբ Նոյ Նահապետ,ամէն տեսակի անասունները հաւաքեց իր տապանին մէջ, ապահովաբար անտեղեակ էր թէ ո՞րքան երկար կ’ապրէին անոնք:
Ժամանակակից նշանաւոր կենդանաբաններ, երկար տարիներ ուսումնասիրեցին վայրի ու ընտանի բոլոր անասուններուն ապրելու ժամանակամիջոցը:
Ասոնցմէ օրինակներ կը տեսնէք վարի ցանկին մէջ:
Կենդանի Ապրելու ԺամանակամիջոֿØԿարապ 300 տարիØՓիղ 200 տարի
ØԲազէ(շահին) 160 տարի
ØՍագ 100 տարի
ØԿով-էշ 40 տարի
ØԹութակ-ուղտ 40-50 տարի
ØԱռիւծ-կկու 32-35 տարի
ØԿատու-ոչխար 10-15 տարի
ØԷգ մեղու-խխունջ 4-5 տարի
ØՓասիան-հնդկահաւ 10-20 տարի
ØՕրիորդիկ կամ միօրեայ ճանճ 1 օր
ØՍոխակ-աղաւնի 10-12 տարի
Այս ցանկը կրնաք երկարել ձեր պրպտումներով:
Մարտը, հին Հռովմէական օրացոյցին համաձայն կը նկատուէր տարւոյն առաջին ամիսը: Մարտ բառը, առնուած է Հռովմէական դիցաբանութեան (mitoloji) Մարթիուս չաստուածէն:
Մարթիուս, Ժիւփիթէրի եւ Ժունոյի զաւակն էր: Ան հայրն էր նաեւ Ռոմուսի եւ Ռոմուլուսի որոնք հիմնեցին Հռոմը:
Հռովմէացիները Մարտը կը կոչէին «Զօրութեան չաստուած»: Կրէկորիէն (Գրիգորեան) օրացոյցին մէջ Մարտը ընդունուեցաւ իբրեւ տարւոյն երրորդ ամիսը:
Այսօր ամբողջ աշխարհ կը գործածէ Կրէկորիէն օրացոյցը:
Մարտ ամիսը կ’ունենայ շատ փոփոխական օդ: Յաճախ տեղատարափ անձրեւ կը տեղայ, փոթորիկ կ’ելլէ, երկինքը գորշ գոյն ամպերով կը ծածկուի, կայծակներ կը փայլատակեն եւ կը լսուին որոտումներ:
Մարտին ծառերը կը պատուաստուին: Այգեպանները որթատունկերը կը յօտեն (budamak) այգիներու մէջ: Կը ծաղկին պտղատու ծառերը:
Քսանըմէկ Մարտը գարնանամուտ է. բայց չըլլայ որ խաբուինք փայլուն արեւէն եւ թեթեւ հագուինք, օդը դեռ խիստ ցուրտ է. հազ հարբուխ կ’ըլլանք:
Եւրոպայի ամէնէն բարձր կէտըտ Ֆրանսայի մէջ, Ալպեան Լեռներու վրայ կը գտնուի եւ կը կոչուի «Մոն Պլան»ի գագաթ:
Ունի 4807 մեթր բարձրութիւն: «Մոն Պլան» սահմանագլուխ է Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ միջեւ:«Մոն Պլան»ի ստորոտը հաստատուած են փոքր գիւղեր ուր գիւղացիներ կը զբաղին անասնաբուծութեամբ (hayvancılık):
«Շամօնիքս»ն (Cha-monix) ալ այս գիւղաքաղաքներէն մէկն է, ուրկէ կարելի է քանի մը վայրկեանէն անցնիլ Զուիցերիոյ հողամասը:
«Մոն Պլան»ի ուղղութեամբտ Ալպեան Լեռներուն ստորոտը լայնատարած խոռոչի մը մէջ կառուցուած է «Սառոյցէ Թանգարան» մը, որուն դուռը կը բացուի դէպի Շամօնիքս:
«Շամօնիքս» ամէն եղանակի կը մեծարէ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ՝ արդիական սարքաւորում ունեցող օթեւաններու մէջ: Օթեւանները շրջապատուած են պատշգամներով (teras) որպէսզի զբօսաշրջիկները կուշտ ու կուռ դիտեն «Մոն Պլան»ի գագաթը:
Սառոյցէ շինուած են թանգարանին ձեղունները, պատերը, գետինը եւ ամէն ինչ:
Պաշտօնեաներ քսանական այցելուներու խումբեր կը կազմեն եւ զանոնք կ’առաջնորդեն դէպի ներս: Ամէն մի խումբին կ’արտօնեն տասը վայրկեան: Պատճառն այն է, որ արտաշնչման տաք օդը վնաս կը հասցնէ սառոյցին: Նեղ ու երկար նրբանցքին սկիզբը զետեղուած է սառոյցէ հըսկայ արջու մը արձանը:
Այցելուները հիացումով կը դիտեն զայն. բայց պէտք է աճապարել, որովհետեւ անխնայ կը յառաջանան վայրկեանները: Լաւ որ փայտի տաշեղներ թափուած են գետինը: Նրբանցքին աջին ու ձախին կը գտնուին սենեակներ, որոնք կահաւորուած են դարձեալ սառոյցով:
Ուշագրաւ է հիւրանոցը. պատի ժամացոյցը որ ուղիղ կ’աշխատի կախուած է բուխերիկին վրայ: Բազկաթոռին վրայ զետեղուած է խաւաքարտ մը, հոս երկվայրկեան մը կրնաք նստիլ եւ լուսանկարուիլ:
Սրտանց կը մաղթեմ եւ կը յուսամ, որ օր մը դուք ալ կ’այցելէք այս տեսարժան վայրերը եւ ժպտելով կը յիշէք «Հայարփի»ն:
Տարուան մէջ երկու անգամ կ’ոգեկոչենք Հայ այբուբենի գիւտը: Առաջինը՝ «Հայ Գիրի Օր», Յունիս ամսուան մէջ. իսկ երկրորդըտ «Հայ Մշակոյթի Օր», Հոկտեմբեր ամսուան մէջ:
Մեծագոյն հրաշքը պատահեցաւ երբ Ս.Սահակի եւ Ս.Մեսրոպի գլխաւորութեամբ, տարիներ տեւող տքնաջան աշխատութիւններէ վերջ, 405 թուականին հնարուեցաւ Հայոց ամբողջական այբուբենը: ԺԱ. դարուն աւելցան «օ» եւ «ֆ» տառերը այսպէսով ունեցանք «38» գիրեր:Լեզու մը որպէսզի ապրի բաւարար չէ միայն այդ լեզուն խօսիլ. այլ պայման է գրել ու կարդալ այդ լեզուն: Գիրը՝ անցեալը, ներկան ու ապագան կը կապէ իրարու:
Ուրեմն գիր ու գրականութիւն չունեցող ժողովուրդներ իրենց գոյութիւնը չեն կրնար պահել:Գիրերու հնարումէն վերջ Լուսաւորիչներուն առաջին աշխատութիւնը եղաւ Յունարենէ Հայերէնի թարգմանել Աստուածաշունչը: Թարգմանութիւնը այնքան կատարեալ եղաւ որ օտարներ զայն կոչեֿին «Թագուհի Թարգմանութեանց»: Այսպէս, Ե. դարուն մեր գրականութիւնը ապրեցաւ իր «Ոսկեդար»ը:
Հայ մշակոյթի տեւականացումը կը պարտինք մեր «38» ոսկեայ նշանագիրերուն:Մեր լեզուն աշխարհի հարուստ լեզուներէն մէկն է, թէ՛ գիրերու եւ թէ բառերու ճոխութեամբ:Հայ տառերը սորվիլն ու սորվեցնելը վարպետութեան կը կարօտի. որովհետեւ ունինք վեց զոյգ նմանաձայն տառեր եւ որոնց գործածութիւնը կախեալ է քերականական օրէնքներէ:Հայ գիրերը մեր գեղարուեստին եւ մշակոյթին հիմնական քարերն են: Եթէ մենք մեր սեփական տառերը չունենայինք, այսօր գոյութիւն պիտի չունենայինք:Ս.Սահակի եւ Ս.Մեսրոպի հրաշալի տեսիլքներն ու ջանքերը երբե՛ք չմոռնանք ու չմոռցնենք:
—————————–
Մշակոյթ-Ազգի մը մտաւոր ու հոգեկան զարգացումը (culture)
Սեփական- Անձնական, ուրոյն (personal)
Գեղարուեստ-Գեղեցիկ գաղափար եւ զգացումները պատկերացնող արուեստ (the fine arts)










