Archive for the ‘Գիտաղբիւր’ Category
Հին ատեն Ապրիլ 1-ն էր Ֆրանսացիներուն տարեգլուխը: Երբ Շարլ 9երորդ թագաւոր եղաւ, Յունուար 1-ը ընդունեց իբր տարեգլուխ:
Թագաւորին այս որոշումը շատ բարկացուց ժողովուրդը եւ զինքը ծաղրելու համար ամէն տարի Ապրիլ 1-ին սկսան կատակներով զիրար խաբել եւ զուարճանալ. . . :
Նկատելով որ Ապրիլ 1-ին արեւը «Ձուկ»ի աստեղատունէն (Zodyak) կ’ելլէր, այս պատճառով զուարճութիւններն ալ կոչեցին «Ապրիլեան Ձուկ»:
Յաջորդող տարիներունտ Ֆրանսական այս սովորութիւնը այսինքն զիրար խաբելով զուարճանալու ձեւը տարածուեցաւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ:
Չափաւոր կատակներով պէտք է զիրար խաբել. որպէսզի այդ կատակները չունենան անհամ եւ տխուր հետեւանքներ:
Ապրիլ
Ապրիլը տարւոյն չորրորդ ամիսն է, Գրիգորեան Օրացոյցին համաձայն . Ապրիլ անունը կու գայ Լատիներէն «Աբրիլիս» բառէն, որ կը նշանակէ «բանալ»: Այսինքն հողը իր գիրկը կը բանայ նորածին բնութեան:
Այս ամսուան մէջ, դաշտերը կը ծածկուին կանաչ խոտերով: Պտղատու ծառերը կը բողբոջին, պարտէզները կը զարդարուին գոյնզգոյն ծաղիկներով, եղրեւանին (leylak) կը բանայ իր բուրումնաւէտ ողկոյզները, տունկերը կը ծլին եւլն. . . :Յաճախ անձրեւ կը տեղայ, օդը հետզհետէ կը սկսի տաքնալ: Երբեմն փոթորիկներ ալ կը պատահին: Ժողովուրդը այս փոթորիկներուն տուած է զանազան անուններ. օրինակ՝ «Ծիծեռնակեան Փոթորիկ»,«Կարապեան Փոթորիկ» եւլն. . . :
Ապրիլի անձրեւներէն՝ յայտնի կ’ըլլայ ապագայ հունձքի առատութիւնը: Այս պատճառով կ’ըսեն թէ՝ «Ապրիլեան անձրեւները մարգրիտներ են»:
Ապրիլի գաղջ օդերէն օգտուելով՝ ոչխարները կը խուզեն (kırpmak), կը կթեն հորթերու առաջին կաթը, գառնուկները կ’արածեն (otlatmak), լաւ մը կը մաքրեն գոմերն ու ախոռները եւլն. . .:
Հին ատեն մարդիկ կը կարծէին թէ՝ ծովային ոստրէն (istiridye) մարգրիտ (inci) կը պատրաստէ ապրիլի անձրեւներէն. Նոյնպէս, օձն ալ կը շինէ իր թոյնը: Այս տեսութիւնները ներկայ դարուս կը նկատուին սնապաշտութիւն (batıl inanç):
1870ին, մեր նախնիքը, «Ապրիլ» օտար անունին տեղ գործածել ուզեցին «Ծաղկին» անունը, որ կը նշանակէ «Ծաղկային ամիս». բայց չյաջողեցան:
Ջրհեղեղի ընթացքին, երբ Նոյ Նահապետ,ամէն տեսակի անասունները հաւաքեց իր տապանին մէջ, ապահովաբար անտեղեակ էր թէ ո՞րքան երկար կ’ապրէին անոնք:
Ժամանակակից նշանաւոր կենդանաբաններ, երկար տարիներ ուսումնասիրեցին վայրի ու ընտանի բոլոր անասուններուն ապրելու ժամանակամիջոցը:
Ասոնցմէ օրինակներ կը տեսնէք վարի ցանկին մէջ:
Կենդանի Ապրելու
Ժամանակամիջոց
ØԿարապ 300 տարի
ØՍագ 100 տարի
ØԿով-էշ 40 տարի
ØԹութակ-ուղտ 40-50 տարի
ØԱռիւծ-կկու 32-35 տարի
ØԿատու-ոչխար 10-15 տարի
ØԷգ մեղու-խխունջ 4-5 տարի
ØՓասիան-հնդկահաւ 10-20 տարի
ØՕրիորդիկ կամ միօրեայ ճանճ 1 օր
ØՍոխակ-աղաւնի 10-12 տարի
Այս ցանկը կրնաք երկարել ձեր պրպտումներով:
Ընտանի թռչուններուն ձագերը քանի՞ օրէն կ’ելլեն հաւկիթէն:
Դեղձանիկ 13-15 օրէն
Աղաւնի 18-20 օրէն
Հաւ 20-22 օրէնՓասիան 20-25 օրէն
Բադ 25-30 օրէն
Սիրամարգ 27-30 օրէն
Սագ 27-30 օրէն
Հնդկահաւ 27-30 օրէն
Կարապ 30-32 օրէն
Սոխակ 14-15 օրէն
Տատրակ 18-20 օրէն
Ջայլամ 6-7 շաբաթ
Մարտը, հին Հռովմէական օրացոյցին համաձայն կը նկատուէր տարւոյն առաջին ամիսը:
Մարտ բառը, առնուած է Հռովմէական դիցաբանութեան (mitoloji) Մարթիուս չաստուածէն:
Մարթիուս, Ժիւփիթէրի եւ Ժունոյի զաւակն էր: Ան հայրն էր նաեւ Ռոմուսի եւ Ռոմուլուսի որոնք հիմնեցին Հռոմը:
Հռովմէացիները Մարտը կը կոչէին «Զօրութեան չաստուած»: Կրէկորիէն (Գրիգորեան) օրացոյցին մէջ Մարտը ընդունուեցաւ իբրեւ տարւոյն երրորդ ամիսը:
Այսօր ամբողջ աշխարհ կը գործածէ Կրէկորիէն օրացոյցը:
Մարտ ամիսը կ’ունենայ շատ փոփոխական օդ: Յաճախ տեղատարափ անձրեւ կը տեղայ, փոթորիկ կ’ելլէ, երկինքը գորշ գոյն ամպերով կը ծածկուի, կայծակներ կը փայլատակեն եւ կը լսուին որոտումներ:
Մարտին ծառերը կը պատուաստուին: Այգեպանները որթատունկերը կը յօտեն (budamak) այգիներու մէջ: Կը ծաղկին պտղատու ծառերը:
Քսանըմէկ Մարտը գարնանամուտ է. բայց չըլլայ որ խաբուինք փայլուն արեւէն եւ թեթեւ հագուինք, օդը դեռ խիստ ցուրտ է. հազ հարբուխ կ’ըլլանք:
Եւրոպայի ամէնէն բարձր կէտըտ Ֆրանսայի մէջ, Ալպեան Լեռներու վրայ կը գտնուի եւ կը կոչուի «Մոն Պլան»ի գագաթ:
Ունի 4807 մեթր բարձրութիւն: «Մոն Պլան» սահմանագլուխ է Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ միջեւ:«Մոն Պլան»ի ստորոտը հաստատուած են փոքր գիւղեր ուր գիւղացիներ կը զբաղին անասնաբուծութեամբ (hayvancılık):
«Շամօնիքս»ն (Cha-monix) ալ այս գիւղաքաղաքներէն մէկն է, ուրկէ կարելի է քանի մը վայրկեանէն անցնիլ Զուիցերիոյ հողամասը:
«Մոն Պլան»ի ուղղութեամբտ Ալպեան Լեռներուն ստորոտը լայնատարած խոռոչի մը մէջ կառուցուած է «Սառոյցէ Թանգարան» մը, որուն դուռը կը բացուի դէպի Շամօնիքս:
«Շամօնիքս» ամէն եղանակի կը մեծարէ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ՝ արդիական սարքաւորում ունեցող օթեւաններու մէջ: Օթեւանները շրջապատուած են պատշգամներով (teras) որպէսզի զբօսաշրջիկները կուշտ ու կուռ դիտեն «Մոն Պլան»ի գագաթը:
Սառոյցէ շինուած են թանգարանին ձեղունները, պատերը, գետինը եւ ամէն ինչ:
Պաշտօնեաներ քսանական այցելուներու խումբեր կը կազմեն եւ զանոնք կ’առաջնորդեն դէպի ներս: Ամէն մի խումբին կ’արտօնեն տասը վայրկեան: Պատճառն այն է, որ արտաշնչման տաք օդը վնաս կը հասցնէ սառոյցին: Նեղ ու երկար նրբանցքին սկիզբը զետեղուած է սառոյցէ հըսկայ արջու մը արձանը:
Այցելուները հիացումով կը դիտեն զայն. բայց պէտք է աճապարել, որովհետեւ անխնայ կը յառաջանան վայրկեանները: Լաւ որ փայտի տաշեղներ թափուած են գետինը: Նրբանցքին աջին ու ձախին կը գտնուին սենեակներ, որոնք կահաւորուած են դարձեալ սառոյցով:
Ուշագրաւ է հիւրանոցը. պատի ժամացոյցը որ ուղիղ կ’աշխատի կախուած է բուխերիկին վրայ: Բազկաթոռին վրայ զետեղուած է խաւաքարտ մը, հոս երկվայրկեան մը կրնաք նստիլ եւ լուսանկարուիլ:
Սրտանց կը մաղթեմ եւ կը յուսամ, որ օր մը դուք ալ կ’այցելէք այս տեսարժան վայրերը եւ ժպտելով կը յիշէք «Հայարփի»ն:
Հայ Գրի Օր
Տարուան մէջ երկու անգամ կ’ոգեկոչենք Հայ այբուբենի գիւտը: Առաջինը՝ «Հայ Գիրի Օր», Յունիս ամսուան մէջ. իսկ երկրորդըտ «Հայ Մշակոյթի Օր», Հոկտեմբեր ամսուան մէջ:
Մեծագոյն հրաշքը պատահեցաւ երբ Ս.Սահակի եւ Ս.Մեսրոպի գլխաւորութեամբ, տարիներ տեւող տքնաջան աշխատութիւններէ վերջ, 405 թուականին հնարուեցաւ Հայոց ամբողջական այբուբենը: ԺԱ. դարուն աւելցան «օ» եւ «ֆ» տառերը այսպէսով ունեցանք «38» գիրեր:Լեզու մը որպէսզի ապրի բաւարար չէ միայն այդ լեզուն խօսիլ. այլ պայման է գրել ու կարդալ այդ լեզուն: Գիրը՝ անցեալը, ներկան ու ապագան կը կապէ իրարու:
Ուրեմն գիր ու գրականութիւն չունեցող ժողովուրդներ իրենց գոյութիւնը չեն կրնար պահել:Գիրերու հնարումէն վերջ Լուսաւորիչներուն առաջին աշխատութիւնը եղաւ Յունարենէ Հայերէնի թարգմանել Աստուածաշունչը: Թարգմանութիւնը այնքան կատարեալ եղաւ որ օտարներ զայն կոչեֿին «Թագուհի Թարգմանութեանց»: Այսպէս, Ե. դարուն մեր գրականութիւնը ապրեցաւ իր «Ոսկեդար»ը:
Հայ մշակոյթի տեւականացումը կը պարտինք մեր «38» ոսկեայ նշանագիրերուն:Մեր լեզուն աշխարհի հարուստ լեզուներէն մէկն է, թէ՛ գիրերու եւ թէ բառերու ճոխութեամբ:Հայ տառերը սորվիլն ու սորվեցնելը վարպետութեան կը կարօտի. որովհետեւ ունինք վեց զոյգ նմանաձայն տառեր եւ որոնց գործածութիւնը կախեալ է քերականական օրէնքներէ:Հայ գիրերը մեր գեղարուեստին եւ մշակոյթին հիմնական քարերն են: Եթէ մենք մեր սեփական տառերը չունենայինք, այսօր գոյութիւն պիտի չունենայինք:Ս.Սահակի եւ Ս.Մեսրոպի հրաշալի տեսիլքներն ու ջանքերը երբե՛ք չմոռնանք ու չմոռցնենք:
—————————–
Մշակոյթ-Ազգի մը մտաւոր ու հոգեկան զարգացումը (culture)
Սեփական- Անձնական, ուրոյն (personal)
Գեղարուեստ-Գեղեցիկ գաղափար եւ զգացումները պատկերացնող արուեստ (the fine arts)




