Archive for February, 2007

ՍԵՒՈՒԿԸ
Դաւիթ եւ քոյրը յաճախ պտոյտներ կ’ընէին մօտակայ գիւղերը, ամրան կանուխ ժամերուն:
Անգամ մը կենդանիի սուր ճիչեր լսեցին առաւօտուայ անձայնութեան մէջ: Երբ մօտեցան թուփի մը, տեսան նորածին լակոտներ: Անոնք իրարու վրայ կը մագլցէին վախ ու դողով: Հեռուէն լսուեցան մայր շնիկին հաջիւնները:
-Հանգիստ ձգենք եւ վաղը անպայման կաթ բերենք անոնց. ըսաւ Դաւիթ:
Քիչ մը սիրեցին ու անուններ դրին լակոտներուն. «Սեւուկ», «Սոխիկ», «Սաթիկ»:
Յաջորդ օր կաթ տարին ու դրին անոնց մօտիկը: Մայր շնիկը սկսաւ լակել կաթը: Ձագուկները ապշահար կը դիտէին մայրիկին շարժումները.անոնք շատ շուտ սորուեցան դգալի մը պէս գործածել իրենց լեզուն: Մերթ ընդ մերթ իրենց գլուխները վեր կը բարձրաձնէին, աքլորի մը պէս, որպէսզի կաթը հոսէր իրենց կոկորդէն դէպի ստամոքս:
-Շատ հաճելի է դիտել ձագուկները ըսաւ քոյրը. թերեւս այս երեւոթները մեր կեանքին մէջ անգամ մըն ալ պիտի չտեսնենք:
Քոյր, եղբայր ամէն առաւօտ կաթ կը տանէին շնիկներուն ու կը դիտէին անոնց խանդավառ շարժումները:
Այսպէս անցաւ ամիս մը: Առաւօտ մը թաղեցիները արթնցան լակոտի մը հանած սուր ճիչերէն: Շատերու նման փողոց վազեցին նաեւ Դաւիթ եւ իր քոյրը: Անոնք անմիջապէս ճանչցան նորածին Լակոտներէն «Սեուկ»ը. ան շուարած՝ կը ցատկռտէր ասդին անդին:
-Ճամբան կորսնցուցեր է. ըսաւ թաղեցիներէն մէկը, որ բաւական փորձառու էր:
Նախ ջանացին լռեցնել զայն: Դաւիթ գրկեց ձագուկը, «Սեւուկ»ին սիրտը ուժգին կը տրոփէր եւ կը դողար ամբողջ մարմնով: Քոյրը խոհանոց վազեց կաթը քիչ մը տաքցուց ու բերաւ «Սեւուկ»ին: Անշուշտ թաղին շնիկներն ալ արթնցած էին շատոնց: Անոնք «Սեւուկ»ը հոտոտեցին, շրջապատեցին, իբր պահապան սպասեցին մինչեւ որ հանգիստ մը լակէ կաթը: Հակառակ որ իրենք ալ անօթի էին այդ ժամուն:
-Մենք «Սեւուկ»ը կը տանինք իր ընտանիքին մօտ, ըսին քոյր եղբայր եւ կողովի մը մէջ դրին զայն ու ճամբայ ելան:
Հազիւ թէ ճամբուն կէսը կտրեցին՝ հեռուէն լսեցին մայր շնիկին ուժգին հաջիւնները: Ան երկա՜ր- երկա՜ր կը հաջէր յետոյ կը լռէր պահ մը եւ կը սպասէր, որպէսզի լսէր իր ձագուկին ձայնը:
Երբ քոյր եբայր մօտեցան, մայր շունին՝ Դաւիթ բացաւ կողովը. «Սեւուկ» արագօրէն դուրս խոյացաւ կողովէն ու վազեց մօրը քով:
Հիմա մայր շնիկը կարօտով կը լիզէր իր ձագուկը, պահ մը մօտեցաւ Դաւիթին եւ քրոջը, լիզեց նաեւ անոնց ձեռքերը. կարծես շնորհակալութիւն կը յայտնէր:
Դաւիթ եւ քոյրը երբ տեսան մայր շնիկին արցունքները ՝յիշեցին մեծ մայրիկին խօսքը.«Յուզումի եւ երջանկութեան արցունքները պիտի հոսին ճշմարիտ ապրումի աղբիւրէն»:


Փոքրիկ Խոհարարը -1-
Չսթլիկ եմ պզտլիկ եմ
Կարդալ, գրել լաւ գիտեմ.
Հաշուել, երգել ու խաղալ
Լաւ գիտեմ ես, լաւ գիտեմ:
Ունիմ գոգնոց ու գլխարկ
Մաքուր ձեռնոցներ ճերմակ
Ահա՛ դուք ալ կը տեսնէք,
Խոհարար եմ խոհարար:
Օճախ, շերեփ, սան ու ջուր,
Կ’եփեմ շատ համով ապուր.
Եթէ քիչ մըն ալ մեծնամ
Կ’եփեմ թօփիկն ու տոլման:
«Զէրտէ՜, զէրտէ՜» կը պոռան հանդիսականները:
Օ՜Ն հասակէս մեծ գործ մը չէ
«Զէրտէ» եփելը դիւրին է,
«Զաֆրան» ին դրամը տուէ՜ք
Կ’եփեմ զէրտէն անհոգ եղե՛ք:
ՅՈՒՇԿԱՊԱՐԻԿԻՆ ԲԱԽՏԸ
Լիալուսնի գիշեր էը, յուշկապարիկը յոգնած՝ ժայռին վրայ ելաւ: Ոսկեգոյն մազերը կը ցոլանային լճին մակերեսը. ձկան պոչը եւ թեփերը արծաթի պէս կը փայլէին լուսնի լոյսին: Անձայն կու լար. մինչ հեռուն բլուրի մը վրայ վհուկ մը նստած զինքը կը դիտէր ու քրքիջներ կ’արձակէր. կարծես ամպերը կը գոռային:
- Վա՜յ , խեղճ աղջիկ, դեռ սնտուկը չգտա՞ր, որուն մէջ գանձ պահուած է: Եթէ կ’ուզե՞ս սրունքներուդ եւ կեանքի ընկերոջդ տիրանալ՝ փնտռէ’, գտի’ր եւ ինծի յանձնէ’:
- Չար վհուկ, մե՜ղք որ քու խօսքերուդ խաբուեցայ. անյագ արարած, վստահ եմ, որ այդ գանձն ալ քեզ պիտի չգոհացնէ: Իսկական գանձը՝ սիրով լեցուն սիրտն է, բայց դուն անկէ զերծ ես:
- Հա՜, հա՜, հա՜. գոռաց կրկին վհուկը: Դուն անմիտ աղջիկ մըն ես. ի՞նչպէս գիտնաս իսկական գանձին արժէքը: Շուտ մտի’ր լճին մէջ ու փնտռէ’ զայն: Տե’ս, բլուրին վրայ քեզ կը սպասէ կեանքի ընկերդ:
Ի՞նչ աններելի սխալ մը գործած էին երկու սիրահարներ .ամուսնութեան մասին անկէ օգնութիւն խնդրելով:
Տղան՝ վհուկին յանդիմանութիւնները լսեց ու անոր ձայնեց.
- Գանձերուդ մէջ պիտի խեղդուի’ս քարասիրտ վհուկ, արձակէ’ սիրուհիս:
Վհուկը երբ այս լսեց շատ զայրացաւ.
-Եթէ լեզուդ բերնիդ մէջ չպահես՝ քե’զ ալ անտառ կը ղրկեմ
վայրի անասուններուն իբր կեր:
Երկու սիրահարներ արցունք թափեցին. Լիճը յորդեցաւ, ալիքները փրփրեցան դէպի ժայռեր, կարծես վրէժ լուծել կ’ուզէին վհուկէն:
Այս ցաւալի դէպքը օդ, ջուր, ու ցամաք հասաւ բնութիւնը տխրեցաւ: Չար վհուկը պատժելու համար գործի լծուեցան. արդեօք ո՞ւր էր «Պարիկ»ը: Մրտիմներու երամ մը պարիկը գտնելու պաշտօնը ստացաւ: Լեռ, սար ու ցոր թռան ու թռան: Օրեր ամբողջ անօթի ծառաւ պարիկը փնտռեցին ու վերջապէս զինքը գտան գորշ ամպերուն մէջ: Պարիկը անձայն անշշուկ կը նստէր աչքերը յառած՝ ցպիկին: Յանկարծ ցպիկէն լոյսեր արձակուեցան: Մրտիմներուն աչքերը շլացան ու բարձրերը սլացան. Յետոյ վերադարձան պարիկին քով: Պարիկը բարիքներ բաշխող ուժը կ’ամբարէր ցպիկին ծայրը, որ քանի դպցնէր չարիքները կ’ոչնչացնէր:
Մրտիմները անհամբեր էին. Միաբերան պատմեցին եղելութիւնը. որպէսզի պարիկը ժամ առաջ օգնութեան հասնէր երկու սիրահարներուն:
- Պարի՜կ, պարի՜կ մեզի դարձի’ր,
- Խեղճ աղջկան ճար մը գտի’ր.
- Ան խաբուեցաւ վհուկէ մը,
- Լացաւ, պատմեց իր հոգերը.
- «Խնդրեմ օգնէ’ ինծի» ըսաւ,
- «Սիրահար եմ տղու մը,
- «Կ’ուզեմ դառնալ իր կինը»:
- Վհուկը առիթէն օգտուեցաւ.
- Իբր թէ օգնել խոստացաւ
- Խեղճ աղջկան սապէս ըսաւ.
- «Քեզի չեն օգներ մարդիկ
- « Պէտք է դառնաս յուշկապարիկ.
- «Սնտուկ մը գանձ
- «Որ լճին մէջ է պահուած»:
- Խեղճ աղջիկը լողաց, լողաց
- Բայձ չգտաւ սնտուկ մը գանձ:
- Օգնէ’ անոր սիրուն պարիկ
- Որ չունի տէր, ո’չ ալ տանիք,
- Չուզեր ըլլալ յուշկապարիկ:
Պարիկը խղճաց աղջկան. ցուպը ձեռին՝ ամպերուն մէջ անհետացաւ:
Վհուկը գտան քարայրի մը մէջ. ան խոր քունի մէջ էր: Պարիկը, ցպիկը դպցուց անոր եղունքներուն, որոնք յանկարծ փրթան ու ոչնչացան: Այլեւս վհուկը չարիք գործելու ուժը չունէր:
Այդ գիշեր յուշկապարիկը ժայռի մը վրայ իր չար բախտին մասին կու լար. Յանկարծ տեսաւ սրունքները: Անհաւատալի թուեցաւ իրեն. կրկին, կրկին շօշափեց սրունքները, ոտքի ելաւ ու քալել սկսաւ…:
Լիճին մակերեսը հանդարտ էր ու կը ծփար լուսնի լոյսը. կարծես աղջկան կը ժպտէր:
Աղջիկը ժայռէ ժայռ բլուրն ի վեր մագլցեցաւ եւ գտաւ իր կեանքի ընկերը: Ան ձեռքերովը ծածկած էր իր երեսը եւ կու լար: Կամացուկ մը մօտեցաւ տղուն, ոսկեգոյն մազերով անոր արցունքները սրբեց:
Մրտիմներու երամ մը կը թռչտէին անոնց գլխուն վերեւ ու անոնց երջանկութիւնը կը բաժնէին:
Ուշադրութիւն ըրած է՞ք արդեօք, կարգ մը մրտիմներ իրենց աչքերուն վերի մասը կը կրեն զոյգ մը սեւ գիծեր. թերեւս պարիկն է որ դրաւ, իբր նշան այս պատմութեան:
ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԷՆ
Կ’ուզեմ ձեզի ալ հաղորդել անոնք. Դուք ալ ծաղիկներու տեսակներէն օգտուելով ձեր զգացումները կրնաք յայտնել ուրիշներուն:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾԻՆ ՇՈՂԳԱՄԸ
Երկրագործ մը, արտին մէկ անկիւնը շողգամի հունտ մը ցանեց: Հողը բարեբեր էր. հունտը շուտ մը ծլաւ եւ կարճ ատենէն խոշոր շողգամ մը դարձաւ:
Երկրագործը՝ -զոր գիւղացիները պապիկ կը կոչէին զինքը- ուզեց քաղել շողգամը. տերեւներէն ուժգին բռնեց ու քաշեց, սակայն արմատներէն չթուլցաւ: Զարմանք պատճառեց երկրագործին: Ինքզինք շատ ուժեղ կը նկատէր. ինչպէս կարող չէր շողգամ մը քաղել…: Ձայնեց իր տիկնոջ՝ -զոր մամիկ կը կոչէին գիւղացիները- օգնութեան հասաւ ան, պապիկին կռնակը անցաւ եւ ուժով մը մէջքը փաթթեց անոր . պապիկն ալ շողգամին տերեւները բռնեց եւ սկսաւ շողգամը քաշկռտել. ի զո՜ւր ուժեր վատնեցին:
Մամիկը օգնութիւն խնդրեց թոռնիկէն: Թոռնիկը վազեց եկաւ մամիկը մէջքէն փաթթեց, մամիկն ալ պապիկին մէջքէն, պապիկն ալ շողգամին տերեւները բռնեց քաշեցին ու քաշկռտեցին. բայց իրենց նպատակին չհասան: Թոռնիկը, մատները բերանը տարաւ ու օգնութեան սուլիչ մը արձակեց շնիկին, որ զարմանքով կը դիտէր զիրենք,ասդին-անդին կը ցատկռտէր հաջելով: Շնիկը մօտեցաւ անոնց , թոռնիկին փէշը ամուր մը բռնեց իր ակռաներով քաշել սկսաւ: Թոռնիկը, մամիկին մէջքէն՝ մամիկն ալ պապիկին մէջքէն՝ պապիկն ալ շողգամին տերեւներէն ուժով մը բռնեցին սակայն այս անգամ ալ չյաջողեցան շողգամը տեղէն քակելու:
Շնիկին հաջիւններէն արտը կը թնդար: Կատուն, որ ծառի մը շուքին տակ թմրած կը մրաբէր, տեղէն ցատկեց ու եկաւ, շնիկին պոչին ակռաները անցուց յետոյ յաջորդաբար, շողգամը քաշեցին բայց ջանքերը ցնդեցան օդին մէջ: Այդ միջոցին կատուն՝ նշմարեց մկնիկը. Ան՝ քիչ անդին հողը կը փորէր եւ երկրամայր կ’որսար:
Ձեզի անհաւատալի պիտի թուի, բայց այս պատմութեան հերոսը պտըլիկ մուկ մըն է: Կատուն մլաւելով մկնիկը օգնութեան կանչեց: Ան նետի մը պէս սուրաց կատուին քով, սղոցի նման ակռաներովը կատուին պոչը բռնեց եւ ուժգին քաշեց զայն. խումբը կրկին փորձեց շողգամը քաշկռտել:
Ի՞նչ տեսնեն…..շողգամը պապիկին գիրկը փառաւոր մը կը հանգչէր եւ իրենք ալ կռնակն ի վար ինկած էին:
Ահա՛ այսպէս սիրելիներ, երբեմն շատ փոքր ջանքերէ անսպասելի յաջողութիւններ ձեռք կը ձգուին: Պտըլիկ մկնիկին ուժը չըլլայ, որ անտես առնէք:
ԱՆՏԷՐ ՁԻԹԵՆԻՆԵՐ
Գիւղի մը մէջ կ’ապրէր՝ պարտիզպան Գալօն: Ան ձիթենիներու ընդարձակ պարտէզ մը ունէր. լաւ կը խնամէր իր ծառերը եւ առատ ձիթապտուղ կը ստանար:
Այդ գարնան՝ Գալօն հիւանդացաւ: Իր զաւակը, որ քաղաք մը կը բնակէր, եկաւ տարաւ հայրը. որպէսզի լաւ մը բժշկուէր իր մօտ:
Ձիթենի- Մեզի ո՞վ պիտի խնամէ սիրելիներ:
Ձիթենի- Չեմ գիտեր, շատ մտահոգ եմ:
Ագռաւ- Մենք կրնանք օգնել ձեզի:
Ձիթենի- Բայց ի՞նչպէս. չէ՞ որ անդադար կը կռնչէք ու անյագօրէն կուլ կու տաք ծառերու պտուղները:
Ագռաւ- Մենք օգուտներ ալ ունինք:
Ձիթենի-Ի՞նչպիսի օգուտներ:
Ագռաւ- Մեր կտուցներով հողերուն տակը վրան կը բերենք եւ ձեր արմատները օդը կը ծծեն փառաւորապէս:
Ձիթենի- Ինչո՞ւ մեզի օգնել կ’ուզէք:
Ագռաւ-Ձեր տէրը, օր մը նոյնիսկ, չքարկոծեց մեզ: Իր այս բարիքը բարիքով մը պիտի փոխարինենք:
Ձիթենիներ-Շնորհակալ ենք սիրունիկ ագռաւներ,ո՞րքան սխալեր ենք ձեր մասին:
Այծ- Մենք ալ օգնել կ’ուզենք ձեզի: Արմատներէն ժայթքող ճիւղերը պիտի ուտենք. որպէսզի աւելի շատ աճին ձեր կոճղերը:Պարտիզպան Գալօն երբե’ք չէր չարչարեր մեզ:
Ամպ-Անձրեւ պիտի բերեմ ձեզի որպէսզի հողին հանքային նիւթերը դիւրաւ ծծեն ձեր արմատները:
Արեւ- Ես ալ ճառագայթներս ձեր վրայ պիտի սփռեմ եւ ձեր պտուղները պիտի հասուննան:
Փայտփոր- Ես ալ ձեզի վնաս հասցնող ճճիներն ու որդերը պիտի ուտեմ, անհոգ եղե’ք:
Այսպէս անցան գարնան ու ամրան օրերը: Ձիթենիներու ճիւղերը, պտուղներով ծանրացան:
Ձիթենի- Աշունը հասաւ. Հիմա ո՞վ պիտի հաւաքէ մեր պտուղները:
Դրացի պարտիզպան- Մի’ մտահոգուիք. Մենք պիտի հաւաքենք զանոնք. որովհետեւ Գալօն մեզ երբեք’ չվշտացուց եւ ամէն առիթով մեզի օգնեց:
Ձիթենի- Ձեր ձեռքի ցուպերո՞վ պիտի զարնէք,որ մեր պտուղները թափին պրկուած սաւաններու մէջ:
Դրացի պարտիզպան- Հապա՞, ի՞նչպէս պիտի հաւաքենք:
Ձիթենի- Մեր տէրը՝ փայտէ աստիճաններ շինած էր. կը մագլցէր վրան ու ափերով կը սկրթէր մեր ճիւղերը եւ ձիթապտուղները կը թափէր կողովներու մէջ:
Դրացի պարտիզպան- Մենք ալ այդպէս կը հաւաքենք, որպէսզի Պրն. Գալօն չյիշէք եւ չտխրիք:
Վարդան Մամիկոնեան Հայ զօրավար մըն էր: 451 թուականին Պարսիկներուն դէմ պատերազմեցաւ, պաշտպանելու համար Հայ կրօնքն ու Հայրենիքը:
Պատերազմը տեղի ունեցաւ Ավարայրի դաշտին մէջ Տղմուտ Գետին եզերքը:
Հայ ժողովուրդը այսօր սիրով ու հպարտութեամբ կը յիշէ Անոր անունը:
Հինգշաբթի օր Վարդանանց է. Մեր եկեղեցինէրուն մէջ Վարդանանցի Տօնը կը կատարուի:
Կիրակի օր Բուն Բարեկենդան է: Բարեկենդան կը նշանակէ. Մարդկային երջանկութիւն. այսինքն ուրախ, զուարթ եւ շէն ապրիլ. Ինչպէս որ կ’ապրէին Ադամն ու Եւան դրախտին մէջ:
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆ 451 Մենք Հայերս 301 թուին առաջին Քրիստոնեայ ազգը եղանք: Պարսիկները այդ շրջանին կրակապաշտ էին եւ անոնց թագաւորըտ Յազկերտ Բ. ուզեց Հայերն ալ իրենց պէս կրակապաշտ դարձնել: Ուստի հրաման մը հանեց, որ ամբողջ Հայ ժողովուրդը չճանչնան Քրիստոսը ու պաշտեն կրակը: 451 Մայիս 26 ին Շաբաթ առաւօտ Հայաստանի Տղմուտ Գետին եզերքը՝ Աւարայրի Դաշտին վրայ Հայերու եւ Պարսիկներու միջեւ տեղի ունեցաւ Վարդանանց Պասերազմը: Հայոց բանակին գլուխը կը գտնուէր, Հայաստանի իշխաններէն՝ Վարդան Մամիկոնեան Զօրավարը: Պատերազմի ընթացքին հերոսաբար կռուեցաւ ու նահատակուեցաւ Քաջ Զօրավարը, իրեն հետ նահատակուեցան 1036 «վկայ» զինուորներ:
Այսպէստ Հայերը թէ ազատ, թէ ալ Քրիստոնեայ մնացին:
Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Զատկի տօներուն նման Սրբոց Վարդանանց տօնն ալ Հայերու Մեծ տօնն է:
Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով՝ մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ’ունենան կրօնական տօնակատարութիւն:
Մանկութիւնս գիշերօթիկ վարժարանի մը մէջ անցաւ: Ունեցայ անուշ յիշատակներ:Մանաւանդ Բարեկենդանի հանդէսներուն եռուզեռ մը կ’ունենայինք: Այլանդակ ու այլազան տարազներ կը հագնէինք, զուարճալի խաղեր կը բեմադրէինք:Ամէնէն հաճելին ալ անվնաս կատակներն էին:
Անգամ մը մեր հսկիչին օգնութեամբ, երփներանգ գոյներով գիւղական տարազներ հագուեցանք. Թմբուկ մը եւ տուտուկ մը ճարեցինք.աղջիկները մանչերու՝ մանչերն ալ աղջիկներու տարազներ հագուեցան եւ Բարեկենդանի յատուկ երգ մը բեմադրեցինք: Հանդիսականներն ու մեր ուսուցիչները շատ զուարճացան.քահ քահներ նետելով կուշտ ու կուռ խնդացին:Հաւատացէք, մինչեւ այսօր դեռ կը թռվռան այդ ձայները մեր ականջներէն ներս:
Անշունշտ դուք ալ Բարեկենդանին՝ ձեր կարելիութիւններով կը զուարճանաք բայց, այս երգն ու խաղն ալ կ’ուզեմ նուիրել ձեզի: Վստահ եմ թէ՛ դուք ալ բեմադրելով ուրախ պահեր պիտի ապրիք:![]()
ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԿԱՄ ՄԵԾ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Սուրբ Զատկի տօնէն եօթը Կիրակի առաջ Բուն Բարեկենդան է: Բարեկենդան կը նշանակէ. Բարի կենդանութիւն, ուրախութիւն, առատ ուտելիքներ վայելելու օր:
Մարդիկ երբ ուրախ, զուարթ, շէն ապրին, երջանիկ կ’ըլլան: Այսպէս կ’ապրէին Ադամ եւ Եւա դրախտին մէջ:
Բուն Բարեկենդանի օրուան առթիւ կը պատրաստեն ճոխ սեղաններ, զուարճութիւններ: Մարդիկ արտառոց զգեստներ կը հագնին եւ դիմակներ կը դնեն:
Այս տարի Բուն Բարեկենդանի թուականը 22 Փետրուար Կիրակի օրն է:
Յովհաննէս Շիրազ
Բուն անունով Յովհաննէս Կարապետեան, որ լաւագոյն բանաստեղծներէն մէկն է մեր գրականութեան: Իր գործերը կը կրեն, դիւցազնական շունչ, քնարական խառնուածք, երաժշտական ոճ եւ պատկերաւոր լեզու: Նշանաւոր են իր այն բանաստեղծութիւնները որոնց մէջ կը հիւսէ մօրը հանդէպ սնուցած սէրն ու պաշտամունքը:
Երիտասարդ տարիքին արժանացաւ «Պատուոյ Նշան» շքանշանին: Դիւցազնական - հերոսական
Ոճ - արտայայտելու եղանակ
Քնարերգակ - սէր, վիշտ, ուրախութիւն երգող
Թէ երգերս աստղանան,Դու էլ պիտի ողջ երկրում
Վեր լուսնանաս յաւիտեան
Իմ ասեղաբոյլ երգերում:
Աստղիկ անունդ՝ ասեղի պէս,
Իմ երգերի երկնքի
Ամենասուրբ աստղն է հեզ,
Ամենամեծն, իմ հոգի:
Հին ատեն Ապրիլ 1-ն էր Ֆրանսացիներուն տարեգլուխը: Երբ Շարլ 9երորդ թագաւոր եղաւ, Յունուար 1-ը ընդունեց իբր տարեգլուխ:
Թագաւորին այս որոշումը շատ բարկացուց ժողովուրդը եւ զինքը ծաղրելու համար ամէն տարի Ապրիլ 1-ին սկսան կատակներով զիրար խաբել եւ զուարճանալ. . . :
Նկատելով որ Ապրիլ 1-ին արեւը «Ձուկ»ի աստեղատունէն (Zodyak) կ’ելլէր, այս պատճառով զուարճութիւններն ալ կոչեցին «Ապրիլեան Ձուկ»:
Յաջորդող տարիներունտ Ֆրանսական այս սովորութիւնը այսինքն զիրար խաբելով զուարճանալու ձեւը տարածուեցաւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ:
Չափաւոր կատակներով պէտք է զիրար խաբել. որպէսզի այդ կատակները չունենան անհամ եւ տխուր հետեւանքներ:
Ապրիլ
Ապրիլը տարւոյն չորրորդ ամիսն է, Գրիգորեան Օրացոյցին համաձայն . Ապրիլ անունը կու գայ Լատիներէն «Աբրիլիս» բառէն, որ կը նշանակէ «բանալ»: Այսինքն հողը իր գիրկը կը բանայ նորածին բնութեան:
Այս ամսուան մէջ, դաշտերը կը ծածկուին կանաչ խոտերով: Պտղատու ծառերը կը բողբոջին, պարտէզները կը զարդարուին գոյնզգոյն ծաղիկներով, եղրեւանին (leylak) կը բանայ իր բուրումնաւէտ ողկոյզները, տունկերը կը ծլին եւլն. . . :Յաճախ անձրեւ կը տեղայ, օդը հետզհետէ կը սկսի տաքնալ: Երբեմն փոթորիկներ ալ կը պատահին: Ժողովուրդը այս փոթորիկներուն տուած է զանազան անուններ. օրինակ՝ «Ծիծեռնակեան Փոթորիկ»,«Կարապեան Փոթորիկ» եւլն. . . :
Ապրիլի անձրեւներէն՝ յայտնի կ’ըլլայ ապագայ հունձքի առատութիւնը: Այս պատճառով կ’ըսեն թէ՝ «Ապրիլեան անձրեւները մարգրիտներ են»:
Ապրիլի գաղջ օդերէն օգտուելով՝ ոչխարները կը խուզեն (kırpmak), կը կթեն հորթերու առաջին կաթը, գառնուկները կ’արածեն (otlatmak), լաւ մը կը մաքրեն գոմերն ու ախոռները եւլն. . .:
Հին ատեն մարդիկ կը կարծէին թէ՝ ծովային ոստրէն (istiridye) մարգրիտ (inci) կը պատրաստէ ապրիլի անձրեւներէն. Նոյնպէս, օձն ալ կը շինէ իր թոյնը: Այս տեսութիւնները ներկայ դարուս կը նկատուին սնապաշտութիւն (batıl inanç):
1870ին, մեր նախնիքը, «Ապրիլ» օտար անունին տեղ գործածել ուզեցին «Ծաղկին» անունը, որ կը նշանակէ «Ծաղկային ամիս». բայց չյաջողեցան:
Ջրհեղեղի ընթացքին, երբ Նոյ Նահապետ,ամէն տեսակի անասունները հաւաքեց իր տապանին մէջ, ապահովաբար անտեղեակ էր թէ ո՞րքան երկար կ’ապրէին անոնք:
Ժամանակակից նշանաւոր կենդանաբաններ, երկար տարիներ ուսումնասիրեցին վայրի ու ընտանի բոլոր անասուններուն ապրելու ժամանակամիջոցը:
Ասոնցմէ օրինակներ կը տեսնէք վարի ցանկին մէջ:
Կենդանի Ապրելու
Ժամանակամիջոց
ØԿարապ 300 տարի
ØՍագ 100 տարի
ØԿով-էշ 40 տարի
ØԹութակ-ուղտ 40-50 տարի
ØԱռիւծ-կկու 32-35 տարի
ØԿատու-ոչխար 10-15 տարի
ØԷգ մեղու-խխունջ 4-5 տարի
ØՓասիան-հնդկահաւ 10-20 տարի
ØՕրիորդիկ կամ միօրեայ ճանճ 1 օր
ØՍոխակ-աղաւնի 10-12 տարի
Այս ցանկը կրնաք երկարել ձեր պրպտումներով:













