Archive for February, 2007
Բուն անունով Յովհաննէս Կարապետեան, որ լաւագոյն բանաստեղծներէն մէկն է մեր գրականութեան: Իր գործերը կը կրեն, դիւցազնական շունչ, քնարական խառնուածք, երաժշտական ոճ եւ պատկերաւոր լեզու: Նշանաւոր են իր այն բանաստեղծութիւնները որոնց մէջ կը հիւսէ մօրը հանդէպ սնուցած սէրն ու պաշտամունքը:
Երիտասարդ տարիքին արժանացաւ «Պատուոյ Նշան» շքանշանին: Դիւցազնական - հերոսական
Ոճ - արտայայտելու եղանակ
Քնարերգակ - սէր, վիշտ, ուրախութիւն երգող
Թէ երգերս աստղանան,
Դու էլ պիտի ողջ երկրում
Վեր լուսնանաս յաւիտեան
Իմ ասեղաբոյլ երգերում:
Աստղիկ անունդ՝ ասեղի պէս,
Իմ երգերի երկնքի
Ամենասուրբ աստղն է հեզ,
Ամենամեծն, իմ հոգի:
Հին ատեն Ապրիլ 1-ն էր Ֆրանսացիներուն տարեգլուխը: Երբ Շարլ 9երորդ թագաւոր եղաւ, Յունուար 1-ը ընդունեց իբր տարեգլուխ:
Թագաւորին այս որոշումը շատ բարկացուց ժողովուրդը եւ զինքը ծաղրելու համար ամէն տարի Ապրիլ 1-ին սկսան կատակներով զիրար խաբել եւ զուարճանալ. . . :
Նկատելով որ Ապրիլ 1-ին արեւը «Ձուկ»ի աստեղատունէն (Zodyak) կ’ելլէր, այս պատճառով զուարճութիւններն ալ կոչեցին «Ապրիլեան Ձուկ»:
Յաջորդող տարիներունտ Ֆրանսական այս սովորութիւնը այսինքն զիրար խաբելով զուարճանալու ձեւը տարածուեցաւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ:
Չափաւոր կատակներով պէտք է զիրար խաբել. որպէսզի այդ կատակները չունենան անհամ եւ տխուր հետեւանքներ:

Ապրիլը տարւոյն չորրորդ ամիսն է, Գրիգորեան Օրացոյցին համաձայն . Ապրիլ անունը կու գայ Լատիներէն «Աբրիլիս» բառէն, որ կը նշանակէ «բանալ»: Այսինքն հողը իր գիրկը կը բանայ նորածին բնութեան:
Այս ամսուան մէջ, դաշտերը կը ծածկուին կանաչ խոտերով: Պտղատու ծառերը կը բողբոջին, պարտէզները կը զարդարուին գոյնզգոյն ծաղիկներով, եղրեւանին (leylak) կը բանայ իր բուրումնաւէտ ողկոյզները, տունկերը կը ծլին եւլն. . . :Յաճախ անձրեւ կը տեղայ, օդը հետզհետէ կը սկսի տաքնալ: Երբեմն փոթորիկներ ալ կը պատահին: Ժողովուրդը այս փոթորիկներուն տուած է զանազան անուններ. օրինակ՝ «Ծիծեռնակեան Փոթորիկ»,«Կարապեան Փոթորիկ» եւլն. . . :
Ապրիլի անձրեւներէն՝ յայտնի կ’ըլլայ ապագայ հունձքի առատութիւնը: Այս պատճառով կ’ըսեն թէ՝ «Ապրիլեան անձրեւները մարգրիտներ են»:
Ապրիլի գաղջ օդերէն օգտուելով՝ ոչխարները կը խուզեն (kırpmak), կը կթեն հորթերու առաջին կաթը, գառնուկները կ’արածեն (otlatmak), լաւ մը կը մաքրեն գոմերն ու ախոռները եւլն. . .:
Հին ատեն մարդիկ կը կարծէին թէ՝ ծովային ոստրէն (istiridye) մարգրիտ (inci) կը պատրաստէ ապրիլի անձրեւներէն. Նոյնպէս, օձն ալ կը շինէ իր թոյնը: Այս տեսութիւնները ներկայ դարուս կը նկատուին սնապաշտութիւն (batıl inanç):
1870ին, մեր նախնիքը, «Ապրիլ» օտար անունին տեղ գործածել ուզեցին «Ծաղկին» անունը, որ կը նշանակէ «Ծաղկային ամիս». բայց չյաջողեցան:

Ջրհեղեղի ընթացքին, երբ Նոյ Նահապետ,ամէն տեսակի անասունները հաւաքեց իր տապանին մէջ, ապահովաբար անտեղեակ էր թէ ո՞րքան երկար կ’ապրէին անոնք:
Ժամանակակից նշանաւոր կենդանաբաններ, երկար տարիներ ուսումնասիրեցին վայրի ու ընտանի բոլոր անասուններուն ապրելու ժամանակամիջոցը:
Ասոնցմէ օրինակներ կը տեսնէք վարի ցանկին մէջ:
Կենդանի Ապրելու ԺամանակամիջոֿØԿարապ 300 տարիØՓիղ 200 տարի
ØԲազէ(շահին) 160 տարի
ØՍագ 100 տարի
ØԿով-էշ 40 տարի
ØԹութակ-ուղտ 40-50 տարի
ØԱռիւծ-կկու 32-35 տարի
ØԿատու-ոչխար 10-15 տարի
ØԷգ մեղու-խխունջ 4-5 տարի
ØՓասիան-հնդկահաւ 10-20 տարի
ØՕրիորդիկ կամ միօրեայ ճանճ 1 օր
ØՍոխակ-աղաւնի 10-12 տարի
Այս ցանկը կրնաք երկարել ձեր պրպտումներով:
Մարտը, հին Հռովմէական օրացոյցին համաձայն կը նկատուէր տարւոյն առաջին ամիսը: Մարտ բառը, առնուած է Հռովմէական դիցաբանութեան (mitoloji) Մարթիուս չաստուածէն:
Մարթիուս, Ժիւփիթէրի եւ Ժունոյի զաւակն էր: Ան հայրն էր նաեւ Ռոմուսի եւ Ռոմուլուսի որոնք հիմնեցին Հռոմը:
Հռովմէացիները Մարտը կը կոչէին «Զօրութեան չաստուած»: Կրէկորիէն (Գրիգորեան) օրացոյցին մէջ Մարտը ընդունուեցաւ իբրեւ տարւոյն երրորդ ամիսը:
Այսօր ամբողջ աշխարհ կը գործածէ Կրէկորիէն օրացոյցը:
Մարտ ամիսը կ’ունենայ շատ փոփոխական օդ: Յաճախ տեղատարափ անձրեւ կը տեղայ, փոթորիկ կ’ելլէ, երկինքը գորշ գոյն ամպերով կը ծածկուի, կայծակներ կը փայլատակեն եւ կը լսուին որոտումներ:
Մարտին ծառերը կը պատուաստուին: Այգեպանները որթատունկերը կը յօտեն (budamak) այգիներու մէջ: Կը ծաղկին պտղատու ծառերը:
Քսանըմէկ Մարտը գարնանամուտ է. բայց չըլլայ որ խաբուինք փայլուն արեւէն եւ թեթեւ հագուինք, օդը դեռ խիստ ցուրտ է. հազ հարբուխ կ’ըլլանք:
Եւրոպայի ամէնէն բարձր կէտըտ Ֆրանսայի մէջ, Ալպեան Լեռներու վրայ կը գտնուի եւ կը կոչուի «Մոն Պլան»ի գագաթ:
Ունի 4807 մեթր բարձրութիւն: «Մոն Պլան» սահմանագլուխ է Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ միջեւ:«Մոն Պլան»ի ստորոտը հաստատուած են փոքր գիւղեր ուր գիւղացիներ կը զբաղին անասնաբուծութեամբ (hayvancılık):
«Շամօնիքս»ն (Cha-monix) ալ այս գիւղաքաղաքներէն մէկն է, ուրկէ կարելի է քանի մը վայրկեանէն անցնիլ Զուիցերիոյ հողամասը:
«Մոն Պլան»ի ուղղութեամբտ Ալպեան Լեռներուն ստորոտը լայնատարած խոռոչի մը մէջ կառուցուած է «Սառոյցէ Թանգարան» մը, որուն դուռը կը բացուի դէպի Շամօնիքս:
«Շամօնիքս» ամէն եղանակի կը մեծարէ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ՝ արդիական սարքաւորում ունեցող օթեւաններու մէջ: Օթեւանները շրջապատուած են պատշգամներով (teras) որպէսզի զբօսաշրջիկները կուշտ ու կուռ դիտեն «Մոն Պլան»ի գագաթը:
Սառոյցէ շինուած են թանգարանին ձեղունները, պատերը, գետինը եւ ամէն ինչ:
Պաշտօնեաներ քսանական այցելուներու խումբեր կը կազմեն եւ զանոնք կ’առաջնորդեն դէպի ներս: Ամէն մի խումբին կ’արտօնեն տասը վայրկեան: Պատճառն այն է, որ արտաշնչման տաք օդը վնաս կը հասցնէ սառոյցին: Նեղ ու երկար նրբանցքին սկիզբը զետեղուած է սառոյցէ հըսկայ արջու մը արձանը:
Այցելուները հիացումով կը դիտեն զայն. բայց պէտք է աճապարել, որովհետեւ անխնայ կը յառաջանան վայրկեանները: Լաւ որ փայտի տաշեղներ թափուած են գետինը: Նրբանցքին աջին ու ձախին կը գտնուին սենեակներ, որոնք կահաւորուած են դարձեալ սառոյցով:
Ուշագրաւ է հիւրանոցը. պատի ժամացոյցը որ ուղիղ կ’աշխատի կախուած է բուխերիկին վրայ: Բազկաթոռին վրայ զետեղուած է խաւաքարտ մը, հոս երկվայրկեան մը կրնաք նստիլ եւ լուսանկարուիլ:
Սրտանց կը մաղթեմ եւ կը յուսամ, որ օր մը դուք ալ կ’այցելէք այս տեսարժան վայրերը եւ ժպտելով կը յիշէք «Հայարփի»ն:
Սիրոյ Մասին
Ամանորի գիշեր էր. Պարոն Տիգրան գործէն քիչ մը կանուխ վերադարձաւ տուն: Ան սիրուն տօնածառ մը գնած էր. տղաքը՝ Հայկ ու Մարալ շատ ուրախացան եւ երեքը միասին սկսան զարդարել ծառը: Մինչ մայրիկն ալ կը պատրաստէր ճաշասեղանը:
Յանկարծ Տիկին Լինէթ ձայներ լսեց որոնք կու գային տան պարտէզէն: Դուռը բացաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի պարտէզ եւ տեսաւ չորս ծերունիներ որոնք իրենց գլխուն ունէին լուսապսակներ:
-Ի՞նչ կ’ընէք հոն. ի՞նչ կ’ուզէք արդեօք, ձայնեց Տիկին Լինէթ:
-Մենք ճամբորդ ենք. կը ջանանք քիչ մը հանգչիլ, դեռ շատ երկար ճամբայ ունինք, ըսաւ անոնցմէ մէկը:
Տիկին Լինէթ այս ծերունիները անվնաս համարեց եւ զանոնք ներս հրաւիրեց: Բայց տարօրինակ պատասխան մը ստացաւ:
-Մենք մինչեւ այսօր չորսս միասին չենք գտնուած տան մը մէջ:
-Բայց ի՞նչու, ներսը տաք է եւ մեր ուտելիքները կրնանք բաժնել ձեզի հետ:
-Իմ անունս «Երջանկութիւն» է, ըսաւ մէկը:
-Իմ անունս «Յաջողութիւն» է, ըսաւ միւսը:
-Իմ անունս «Հարստութիւն» է, ըսաւ երրորդը:
-Իմ անունս ալ «Սէր» է, ըսաւ չորրորդը: Խնդրեմ որոշում մը տուէ՛ք եւ ընտրեցէ՛ք մեզմէ մէկը:
Այդ միջոցին Պարոն Տիգրան դէպի դուռ ուղղուած էր եւ լսեց ամէն ինչ: Իր կինը ներս կանչեց, տղոց գաղափարն ալ կարեւոր նկատեցին եւ սկսան միասնաբար խորհրդակցիլ:
-«Յաջողութիւն»ը հրաւիրենք, ըսաւ Մարալ:
-Ես ալ «Հարստութիւն»ը հրաւիրել կ’ուզեմ, ըսաւ Տիկին Լինէթ:
-Աւելի լաւ չէ՞ որ «Երջան-կութիւն»ը հրաւիրենք, ըսաւ Պարոն Տիգրան:
-Ես «Սէր»ը կ’ուզեմ, զիս մի՛ մերժէք, ըսաւ Հայկ արցունքոտ աչքերով:
Պահ մը անձայնութիւն տիրեց տան մէջ. յետոյ որոշեցին «Սէր»ը հրաւիրել:
Տիկին Լինէթ պարտէզ գնաց եւ ըսաւ:
-Ամանորի գիշեր մանչուս աչքերուն մէջ արցունք տեսնել չեմ ուզեր. ինք կը փափաքի որ «Սէր»ը ներս գայ:
Այն ատեն, չորս ծերունիները միասին ոտքի ելան եւ ուղղուեցան դէպի տուն:
-Բայց… բայց ես միայն «Սէր»ը հրաւիրած էի, ըսաւ Տիկին Լինէթ: Ծերունիները ժպտեցան.
-Սիրելի Տիկի՛ն, հոն ուր «Սէր»ը ներկայ է «Երջանկութիւն»ը, «Յաջո-ղութիւն»ն ու «Հարստութիւն»ը արդէն անպակաս կ’ըլլան, պատասխանեցին միաբերան:
Եւ անմոռանալի Ամանոր մը տօնեցին բոլորը միասին:
Կաղանդ Պապիկին Հաճելի Անակնկալ Մը
Մուկ մամիկը՝ դրացիները իր մօտ կանչեց ու ըսաւ.
Մուկ- Սիրելինե՛ր, Ամանորին՝ Կաղանդ Պապիկին հաճելի անակնկալ մը պատրաստել կ’ուզեմ. դուք ալ մասնակցիլ կ’ուզէ՞ք արդեօք:
Ոեւէ կենդանի մը- Շատ ուրախ կ’ըլլանք, բայց ի՞նչպէս կրնանք օգնել քեզի:
Մուկ- Աղաւնի թռչունը ամբողջ ամառ պարկ մը ցորեն հաւաքեց եւ ինծի բերաւ:
Ես ցորենը տաք ջուրին մէջ լեցուցի որպէս զի լաւ մը ուռի: Կարծեմ հիմայ հասկցաք, թէ ես կ’ուզեմ անուշապուր եփել:
Կապիկ-Անուշապուրի համար ուրիշ ի՞նչեր պէտք են:
Մուկ- Շաքար, չամիչ, նուշ, պիստակ, ընկոյզ, նուռ եւ վարդի ջուր…:
Կատու- Շաքարը ես կը բերեմ: Պարկ մը շաքար ունիմ եւ ես շատ չեմ ուտեր, որովհետեւ աչքերուս կը վնասէ:
Սկիւռ-Ես ալ հողին տակ ընկոյզ, կաղին եւ նուշ պահած եմ. անոնցմէ քիչ քիչ կը բերեմ:
Կապիկ-Պիստակ եւ շագանակ ունիմ. երթամ բերեմ:
Մուկ-Հապա չամիչը ո՞վ պիտի ճարէ:
Ագռաւ-«Չամիչ»ը ի՞նչ է:
Մուկ-Խաղողին արեւուն տակ չորցած վիճակին «չամիչ» կ’ըսեն:
Ագռաւ-Ես անկէ շատ ունիմ, կտուցովս փետեցի եւ բոյնիս մէջ հաւաքեցի:
Ագռաւը թռաւ գնաց դէպի իր բոյնը:
Սոխակը սկսաւ գեղգեղել:
Վարդի ջուրն ալ ես պիտի բերեմ: Սիրահար էի վարդի մը եւ երբ թօշնեցաւ, ջուրին մէջ պահեցի. հիմա շատ անուշ կը հոտի այդ ջուրը…:
Մուկ-Ուրեմն աճապարեցէ՛ք,հարսը պատրաստ է:
-Այդ ո՞վ է.
-Հա՞րսը, ո՞ւրկէ եկաւ:
-Ո՞ւր է հիմա:
Մուկ-Ո՛չ սիրելիներ, այս ձեր գիտցած հարսը չէ: Քանի մը օր տաք ջուրին մէջ մնալով ուռած ցորեններուն «Հարս» կ’ըսեն:
Այսպէս կրկնեցին անոնք ու հեռացան:
Յաջորդ իրիկուն «Ամանոր» էր եւ անուշապուրը՝ պատրաստ: Ամէնքն ալ շատ յոգնած էին. կը մրափէին ճաշասեղանին շուրջ նստած:
Յանկարծ դուռը ուժգին զարնուեցաւ. Կաղանդ Պապիկն էր…
Բարե՛ւ ընկերներ, ի՞նչպէս էք, ի՞նչեր կ’ընէք:
Բարեւ Կաղանդ Պապիկ: Լաւ ենք:
Բարի Եկար:
Մուկ-Նստէ՛, նստէ՛ Կաղանդ Պապիկ. մենք քեզի համար պատրաստեցինք հաճելի անակնկալ մը:
Անուշապուր հրամցուց անոր:
Կաղանդ Պապիկը շատ ուրախացաւ. երկար ատենէ ի վեր կերած չէր այսքան համով անուշապուր մը:
Կաղանդ Պապիկ-Անուշապուր պատրաստելը շատ դժուար է. ի՞նչպէս յաջողեցաք:
Խառն- Ձեռք ձեռքի տուինք ու ճարեցինք այն ինչ որ պէտք էր մեզի:
Կաղանդ Պապուկ-Ապրի՛ք, ապրի՛ք. «իրարու օգնելով աշխատիլը կեանք է»:
Յետոյ բացաւ իր տոպրակը եւ անոնց նուէրներ բաժնեց:
Դեղձանիկին հայելի, մուկին հաւկիթ, կապիկին պանան, աղաւնիին եգիպտացորեն, կատուին բուրդէ կծիկ, ագռաւին պանիր եւ սկիւռին հնդկընկոյզ նուիրեց: Ամէնքն ալ շնորհակալ եղան եւ տօնեցին Ամանոր մը ուրախ զուարթ:
ՄՕՐՍ ԱՉՔԵՐՈՎ
«Աչքերդ նուշ.«Այտերդ նուռ.
«Յօնքերդ կեռ.
«Խօսքերդ մեղր.
«Շրթներդ կեռաս.
«Մազերդ մետաքս:»
Մայրը գուրգուրանքով կը գրկէր իր Սալբին ու այս խօսքերով կը գգուէր զայն: Տարիները սահեցան. Սալբի դպրոցական եղաւ:
Դպրոցի ընկերները միշտ հեռու կեցան իրմէ:
Օր մը զբօսանքի պահուն Հայկ մօտեցաւ Սալբիին ու հարցուց.
-Դուն մինչեւ այսօր հայելիի չե՞ս նայած:
- Ո՛չ, ի՞նչ կը ջանաս ըսել:
-Ընկերներս տգեղ կը գտնեն քեզ: Սիրան կ’ըսէ, թէ աչքերդ շիլ են, շրթներդ հաստ, այտերդ անգոյն…:
-Բայց ի՞նչպէս կ’ըլլայ, մայրս միշտ անո՜ւշ խօսքերով կը սիրէ զիս…
Դպրոցէ դարձին Սալբի կը մտնէ իր սենեակը. հայելիին դէմ կ’անցնի, կու լա՜յ եւ կու լա՜յ: Անգամ մըն ալ դպրոց չ’երթար: Օրեր ու ամիսեր կ’անցնին:
Կը պատմուի, թէ Սալբի այնքան կու լայ, որ կոյր կը դառնայ: Մայրը իր աչքերը կու տայ աղջկան:
Երբ աչքին կապերը կը քակեն, բժիշկը հայելի մը կու տայ Սալբիին ու կ’ըսէ:
-Կ’ուզեմ, որ նախ դուն տեսնես դէմքդ քու նոր աչքերովդ:
Սալբի երկա՜ր երկա՜ր կը դիտէ իր դէմքը. կը ժպտի յետոյ կ’ըսէ.
«Աչքերս նուշ
«Այտերս նուռ
«Յօնքերս կեռ
«Շրթներս կեռաս
«Մազերս մետաքս:»
-Ահա՛ սիրելիս, հիմա դուն քեզ կը տեսնես «Մօրդ աչքերով», կ’ըսէ բժիշկը:

ՈՒՂՂԱՄԻՏ ՏՂԱՆ
Ժամանակին՝ երկրի մը թագաւորը, գիւղացիները իր մօտ կանչեց ու ըսաւ.
-Լսեցի, որ գանգատներ ունիք, նոր արտեր ունենալու մասին: Հիմա ձեզի պիտի բաժնեմ հունտեր: Այս հունտերը թաղեցէ՛ք թաղարի մը մէջ եւ յետագային ցոյց տուէ՛ք ինծի ձեր հասցուցած ծաղիկները:
Ով որ ամէնէն առողջ ու գեղեցիկ ծաղիկը հասցնէ՝ պիտի տիրանայ արտերու ամէնէն մեծ բաժինին:
Գիւղացիները հունտերը առին ու գործի լծուեցան:
Տարի մը վերջ անոնք գրկեցին իրենց թաղարները ու հաւաքուեցան պալատին պարտէզին մէջ:
Զմայլելի ծաղիկներ էին բոլորը՝ գոյնզգոյն, առողջ ու գեղեցիկ:
Թագաւորը երբ կը պտտէր անոնց մէջ՝ յանկարծ նշմարեց երիտասարդ մը, որ պարապ թաղար մը գրկած կը կենար անձայն ու շուար: Թագաւորը մօտեցաւ տղուն ու ըսաւ.
- Երիտասա՛րդ, ըսէ՛ տեսնենք. քանի որ թաղարդ պարապ է ի՞նչու եկար. ի՞նչ կը ջանաս ըսել:
-Տէր իմ ձեր տուած հունտը թաղեցի բարեբեր հողին մէջ, ջրեցի, սիրեցի, միասին գիշերեցինք, արեւու ճառագայթներէն օգտուեցաւ, բայց հակառակ այսքան խնամքիս ան ծիլ չտուաւ: Կ’ուզեմ վերադարձնել այս հունտը, թերեւս ձեր պարտիզպանը կը յաջողի ու օր մը կը զարդարէ ձեր պալատին պարտէզը:Թագաւորը տղուն հետ բարձրացաւ պարտէզին սանդուխներէն ու ձայնեց գիւղացիներուն.
-Օ՜ն լռեցէ՛ք եւ նայեցէ՛ք սա ուղղամիտ տղուն: Անոր թաղարին մէջ ծաղիկ չկայ: Պատճառն այն է, որ ես ձեզի հունտի նման քարեր բաժնած էի… որոնք երբեք ծաղիկ պիտի չկարենային բանալ: Ես հիմա այս երիտասարդին է որ պիտի յանձնեմ ամենամեծ արտը: Պիտի աշխատի հոն իր բազմանդամ ըն-տանիքին հետ: Որովհետեւ անոնք ալ արժանի են վարձատրուելու. քանի որ հասցուցած են ուղիղ նըկարագրով զաւակ մը:
ԴԼՓԻՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ
Ձագուկ դլփինները մեծցան: Վերամուտի կը պատրաստուէին:
Թոլզօ- Մայրիկ ես գլխարկ մը կ’ուզեմ:
Մոլզօ- Ես ալ պայուսակ մը:
Քոմոլզօ- Սակառը աւելի կարեւոր է:
Մայրիկ- Ինչո՞ւ կ’աճապարէք, վերամուտին դեռ երկու շաբաթ կայ:
Քոմոլզօ- Սակառը գլխարկէն եւ պայուսակէն աւելի կարեւոր է: Մեծ ձուկերը մեր ուտելիքները կը լափեն դպրոցի ճամբուն վրայ:
Մայրիկ- Հայրիկը ամէն ինչ պիտի ապահովէ:
Թոլզօ- Հայրս գլխուս չափը գիտէ՞…:
Մոլզօ- Հապա՞ իմ գլխուս չափը…:
Քոմոլզօ- Ես սակառս վիզէս պիտի կախեմ, կոթը երկար պէտք է ըլլայ:
Մոլզօ- Իմ պայուսակս ըլլայ կարմիր:
Թոլզօ- Իմ գլխարկս ալ կլորակ թող ըլլայ:
Հայրիկը ձագուկ դլփիններուն ուզածները բերաւ: Անոնք շատ ուրախացան: Վերամուտին ուրախ զուարթ դպրոց գացին:
Հերիքնազ Մամիկը Եւ Իր Ձին
Հերիքնազ մամիկը այդ ձմեռ իր կեանքի ընկերը կորսնցուց ու առանձին մնաց: Ալ ասկէ վերջ իր միակ ընկերը «Պիոն» անունով ձին էր: Թէեւ մամիկը երկու մանչ զաւակներ ունէր՝ բայց անոնք տարիներ առաջ հեռաւոր քաղաք մը քաղթած էին իր շատ սիրելի թոռնիկներուն հետ: Հիմայ շատոնց մոռցած էին զինքը:
«Պիոն» մամիկին թէ՛ ընկերն էր, թէ՝ զաւակը եւ թէ թոռնիկը…:
Գարնան օրերուն մամիկը արշալոյսին կ’արթննար տոպրակ մը կեր կը պատրաստէր «Պիոն»ին համար, ծրարիկ մըն ալ հաց ու պանիր՝ իրեն համար: Ախոռէ կը հանէր ձին, քամակը կը հեծնէր ու կը ձայնէր ձիաւորի մը շեշտով. «Օն դէպի յառաջ, դէպի յառաջ»:
Հեռո՜ւ դաշտեր ու պուրակներ կը ճամբորդէին: Ծառի մը շուքին՝ կը հանգչէին, անօթի փորերնին կը կշտացնէին ու ծառաւնին կը յագեցնէին զուլալ առուակներէն: Մամիկը վարելանիւթ կը հաւաքէր ձմրան խիստ ցուրտ օրերուն համար: Մութը չկոխած գիւղ կը վերադառնային յոգնած դադրած:
Օր ըստ օրէ մամիկին տեսողութիւնը կը տկարանար, ականջներն ալ լաւ չէին լսեր: Բայց որո՞ւ հոգ. կեանքը կը շարունակուէր, այնպէս կամ այսպէս…:
Գիւղացիք զինքը շատ կը սիրէին: Փոքրիկները ձմրան երկար գիշերներ Հերիքնազ մամիկին խրճիթը կը հաւաքուէին, ծալլապատիկ կը խմբուէին կռակարանին շուրջ: Ի՜նչ անոյշ համ մը ունէր մամիկին խորոված շագանակները. այս համը իրենց մայրիկին խորոված շագանակներէն կը տարբերէր:
Տարիները կ’անցնէին. ծերութեան օրերը կը մօտենային: Պիոնն ալ ծերութեան իր բաժինը կը ստանար. Բեռը քամակին՝ աւելի դանդաղ կը քալէր: Է՜հ, իր տիրուհին ալ այլեւս դանդաղ կը քալէր… ուրեմն, անձայն անշշուկ միասին կը ծերանային եւ իր դերութիւնը շատ զգալի չէր:
Աշնան՝ անձրեւները սկսան. Երկինքը կապարագոյն ամպերով ծածկուեցաւ: Երբ երկինքը փուլ կու գար Պիոն կը յամառէր քալելու. Այն ատեն մամիկը անոր քամակէն կ’իջնէր, երեսն ու բաշը կը շոյէր ու սիրալիր կը համբուրէր. ի վերջոյ զինքը կը համոզէր որպէսզի ճամբայ լծուէին:
Աշնան օրերուն՝ ամէն ինչ կը դժուարանար. Հերիքնազ մամիկը աշխատիլ կը ջանար, սակայն կորաքամակ մարմինը, տկար տեսողութիւնն ու խլացած ականչները անոր աշխատելու եռանդը կ’արգիլէր:
Առաւօտ մը արթնցաւ ու պատրաստեց Պիոնին պարկը եւ իր ծրարը. ախոռ մտաւ, ձին դուրս հանեց՝ քամակին հեծնել ուզեց ու ցատկեց բայց գետին ինկաւ, ոտքի ելաւ դարձեալ փորձեց, չյաջողեցաւ: Երկինքը կը գոռար, ձին վրնջելով ախոռ մտաւ: Մամիկն ալ հրաժարեցաւ յամառութենէն եւ դէպի խրճիթը ուղղուեցաւ: Այլեւս «ծեր գեղջկուհի» մըն էր. Ծունկերը կը դողային. չկրցաւ արագ քալել կամ վազել…: Կայծակներ կը տեղային. Խեղճ մամիկը քիչ վերջ շանթահար գետին ինկաւ: Պիոն ախոռէն դուրս ելաւ եւ իր տիրուհիին ածխացած մարմինը տեսաւ: Անդադար վրնջեց: Գիւղացիները հասան իր մօտ եւ տեսան մամիկին ածխացած մարմինը:
Այս տխուր դէպքը՝ գիւղացիները յուզումի մատնեց: Ձին կերակրել ու խնամել ուզեցին, բայց ան իր տիրուհիին մահուընէ ասդին ո՛չ կեր ուզեց, ո՛չ ալ ջուր: Օր մըն ալ դիակը գտան ախոռին մէջ:
Հերիքնազ մամիկին ու Պիոնին կեանքը պատմութիւն մը դարձաւ գիւղին մէջ, բերնէ բերան հասաւ մինչեւ հեռաւոր քաղաքներ:





















