Archive for March, 2007

4955533.gif    Գիտէ՞ք թէ  շուն մը իր տիրոջ առողջութեան ի՞նչպէս կը նպաստէ. Երբ ամէն օր իր տէրը, շունը պտոյտի կը տանի՝ ամբողջ տարին 1072 Քմ  ճամբայ կը կտրէ: Իսկտ եթէ իր տէրը 365  օր  մարզանք ընէր, միմիայն  700 Քմ ճամբայ կտրած պիտի ըլլար:

23978116.JPG23869973.JPG21662577.JPG695635.JPG 

Անգլիացի  գիտնականներուն  համաձայն,պէտք է  սնանինք  առատ բանջարեղէն  եւ  պտուղով  որպէսզի ունենանք՝ առողջ  ուղեղ  եւ առողջ մարմին մը: Երբ կ’ուտենք, ընկոյզ, կաղին,խնձոր,ծաղկակաղամբ,ոլոռն  եւայլն  մեր յիշողութիւնը կը զօրանայ:

slender-loris.jpg«Լորիս», կապիկներու ընտանիքէն տեսակ մըն է, անոր ցեղը օր ըստ օրէ  կ’ոչնչանայ: Անգլիոյ  «Կենդանագիտութեան Յանձնախումբը» այս տեսակի կապիկներուն  ցեղը  տեւականացնելու  համար մեծ  ջանք կը թափեն: Հնդկաստանի մէջ ապրող  «Լորիս» ները ունին  25 սմ  հասակ եւ  կը  կշռեն  350  կրամ:

cesetcicegi.jpg   Լոնտոնի մէջ կը գտնուի ծաղկեմշակութեան պարտէզ մը. հոն կը բուծանեն նաեւ «Թիթան Արում» անուն ծաղիկը: Այս ծաղիկը ունի 1.64 Մեթր բարձրութիւն . իր գարշելի հոտը կը սփռէ մօտ 800 Մեթր հեռաւորութեան:Գնդաձեւ տաքութեան պատճառով,այս տարի (2007) Փետրուարին  խաբկանքի մատնուեցաւ եւ ծաղկեցաւ: Բնականին մէջ, ան կը ծաղկէր 6 կամ  9 տարին անգամ  մը ամրան եղանակին:

67924.jpgԱւստրալիոյ Մէլպուրն քաղաքին մէջ, թէնիսի ողիմպիականի ընթացքին՝փոքրիկ «Ռոքքօ»ն, ծծակ մը բերնին, ռաքէթ մըն ալ ձեռքին՝մարզադաշտ իջաւ եւ թէնիսի ելոյթ մը ունեցաւ: Իր բացառիկ  յատկութիւնը  գնահատուեցաւ  հանդիսականներուն երկար  ծափերովը:

bindi_harriet2501.jpgՀամբաւաւոր  որսորդ  «Սթէվէ  Իրվին»  կը կրթէր կոկորդիլոսները: 2006ի Սեպտեմբերին՝ երբ ծովուն մէջ վաւերական աշխատանք (Պէլկէսէլ)  կը տանէր, վաթօզ մը զինքը խայթեց ու թունաւորեց:Սթէվէ  ի   դարմանումը անկարելի եղաւ եւ ան մահացաւ խոր  ցաւերու մէջ:

Սթէվէ  Իրվին ի  ութը տարեկան  եղող աղջիկը «Պինտի», կ’ուզէ հետեւիլ  իր հօրը ճամբէն:  Անոր  իրականացուցած  ծրագիրները  պիտի  սփռուին Աւստրալիոյ  Հեռատեսիլի  կայանէն «Անտառի Աղջիկը Պինտի» վերնագրով:  220px-steve_irwin.jpg

gul2.gifԱնգլիոյ  «Քոլէժ  Օֆ  Լոնտոն»  Համալսարանի դասախօսներուն համաձայն՝ մարդոց  քահ-քահի ձեւով խնդալը փոխանցիկ է: Մարդկային ուղեղը երբ իր մօտ կը լսէ քահ-քահը, նոյն ձայնը տալու համար վարկեանական շարժման կանցնի: Իսկ՝ Լացն ու ճիչը  եւ յօրանջելը  քահ-քահէն աւելի ուշ կը փոխանցէ :4955849.gif

sug.gif« Պիլլ  Պրուքս »  անուն  անգլիացիի  մը տան ծխնելոյզէն ներս, ձուկ մը  ինկաւ: Ձուկը ողջ էր. Պրուքս ձուկը ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ դրաւ  եւ զայն կերակրել սկսաւ հացի փշրանքով: Անունն ալ  «Վանտա» դրաւ:Միջոց  մը վ4943764.gifերջ հասկցան, թէ մրտիմ մը զայն որսալէ յետոյ , փոխադրելու ատեն կտուցէն վար ձգած էր ակամայ:


Արժէքը  Գիտնալ

        Ամրան արձակուրդը կը մօտենար. Պօղոս կ’ուզէր ձագուկ շնիկ մը գնել: Ծնողքին յօժարութեամբ պարպեց գանձանակը. որուն մէջ հաւաքած էր երկուհարիւր …:
             Ընտանի կենդանիներ վաճառող խանութէ մը ներս մտաւ եւ իր փափաքը յայտնեց վաճառորդին: Շատ սիրուն լակոտներ ցոյց տուին իրեն: Իւրաքանչիւրը կ’արժէր երեքհարիւր…: Անկիւն մը Պօղոս տեսաւ իր վիճակին լքուած լակոտ մը. մօտեցաւ անոր ու գրկեց զայն: Ուժգին կը տրոփէր ձագուկին սիրտը. Ան սկսաւ լիզել Պօղոսին մատները:
-Վնասուած է անոր կոնքի ոսկորը, դարման չունի. եթէ կ’ուզես կրնաս տանիլ առանց փոխարէնը վճարելու. ըսաւ վաճառորդը:
-Առա՞նց վճարելու…: Ո՛չ պարոն ձեր այս առաջարկը չեմ ընդունիր. միւսներուն հաւասար գինով ծախու առնել կը խորհիմ զայն. Ըսաւ Պօղոս:
Վաճառորդը զարմացաւ.
- Լա՛ւ ուրեմն , անոր համար վճարէ երկուհարիւր… ու առ տար:
- Ես արդէն ունիմ միայն երկուհարիւր… ահաւասիկ կը յանձնեմ ձեզի. բայց մնացեալը պարտքս թո՛ղ ըլլայ, երկու ամիսէն կը վճարեմ անպայման:
Վաճառորդը իր ընկերոջ դառնալով փսփսաց .«Ի՞նչ կուզէ փաստել այս տղան չեմ հասկնար…»:
              Պօղոս կիսկատար լսեց վաճառորդին այս խօսքերը. լակոտը գետին դրաւ յետոյ քակեց գօտին ու իջեցուց տափատը.
- Սիրելի պարոն, կը տեսնէ՞ք գործողութեանս կարերը, իմ ալ կոնքի ոսկորս վնասուած էր. այս պատճառով շատ լաւ կ’ըմբռնեմ անոր վիճակը եւ կ’ուզեմ միւսներուն հաւասար արժէքովը գնել զայն:

Ancient Armenian Calendar