Archive for September 8th, 2007
Շա՞տ Կը Սիրես
Ծոցուոր կին մը, կը պտտէր հանրային պարտէզին մէջ. փոքրիկ տղայ մը մօտեցաւ իրեն ու հարցուց հետաքրքիր.
- Ինչո՞ւ այսքան ուռած է քու փորդ:
-Հոն է իմ զաւակս, մայր պիտի ըլլամ:
- Շա՞տ կը սիրես քու զաւակդ:
- Այո, բայց ինչո՞ւ…:
-Քանի որ շատ կը սիրես, ինչո՞ւ չես արտօներ որպէսզի մեզի հետ խաղայ…:

Բծախնդիր Սոպիկ
Սոպիկ եւ Պոսիկ ծովեզերքը կը պտտէին. մրտիմ մը թռաւ իրենց գլխուն վերեւ եւ աղտոտեց Սոպիկին վերարկուն: Սոպիկ, որ շատ բծախնդիր տղայ մըն էր. շփոթած՝ Պոսիկին դառնալով ըսաւ.
- Խնդրե՛մ, գնա՛ ճէմիշի թուղթ մը գնէ՛:
-Սիրելի Սոպիկ, ի՞նչ գործի պիտի ծառայէ այդ թուղթը, քանի որ մրտիմը շատո՜նց թռաւ ու հեռացաւ հոսկէ..:
