Archive for October 14th, 2007
Փշաթելը Հաներ Են
Երկու յիմար, յիմարանոցէն խոյս տալու համար կը համաձայնին: Մէկը կ’ըսէ միւսին.
– Այս գիշեր, գաղտուք գնա՛ պարտէզ եւ ճշդէ՛ թէ քանի՞կարգ փշաթել անցուցած են սահմանին :
Յիմարին ընկերը այդ գիշեր կ’երթայ ու կը ճշդէ թէ , թէլը երկու կարգ է եւ կու գայ կը յայտնէ իր ընկերոջ:
– Լաւ ուրեմն,մէկը ես պիտի կտրեմ, իսկ միւսը դուն…:Բայց վաղը գիշեր կրկին փորձէ՛ տեսնել. որպէսզի ուշադիր ըլլանք:
Յաջորդ գիշեր, յիմարը կրկին կ’երթայ եւ կը վերադառնայ յուսահատ..
– Եղբա՛յր,մենք կարծեմ պիտի չկարենանք խոյս տալ, որովհետեւ փշաթելերը քակեր են. կ՛ըսէ :
![]()
Մեզմէ Կը Կասկածին
Երկու անառակ եղբայրներէն օձիք կը թօթուէին, թէ՛ իրենց ծնողքը եւ թէ՛ թաղեցիները: Ճարահատ, տղաքը յանձնեցին թաղին քահանային. որպէսզի քիչ մը խրատէ զիրենք:
« Աստուծ ո՞ւր է». հարց կու տայ քահանան: Երկու եղբայր շուտով կը փախչին Եկեղեցիէն եւ կը պահուըտին իրենց տան ածխանոցին մէջ: Պզտիկը հարց կու տայ եղբօրը թէ ինչո՞ւ կը պահուըտին.
«Լռէ՛ կ’ըսէ եղբայրը- չլսեցի՞ր, Աստուած կորսուեր է. ա՛յդ ալ մեզմէ կը կասկածին եւ մեծ պատիժ մը պիտի տան»:
![]()
Անկախութեան Տօն
Ամուսինը առտու կանուխ կը պատրաստուէր գործի երթալու , կինը ըսաւ.
-Այսօրուայ իմաստը մաղթեմ, որ չես մոռցած:
- Ո՛չ, ո՛չ չեմ մոռցած. ըսաւ ամուսինը եւ շուտով դուրս ելաւ տունէն:
Երկու ժամ վերջ, խոշոր կողով մը ծաղիկ ղրկեց իր տիկնոջ: Կինը զարմանքով ստացաւ այս նուէրը: Ցորեկին սիրուն տուփ մը անուշեղէն, իրիկունն ալ շատ յարգի անուշահոտ մը: Գիշերը, երբ ամուսինը ուշ ատեն տուն հասաւ. կինը հարցուց .
-Այսօր Անկախութեան տօն էր սիրելիս. ինչո՞ւ այսքան ծախսի մէջ մտար:
![]()
Ինքնագով Գծագրիչներ
Երեք երիտասարդ գծագրիչներ, կը խօսակցէին. մէկը ըսաւ.
-Ես փայտի կտոր մը ներկեցի, մարմարիոնի գոյներով. այնքա՜ն իրաւ դարձաւ, որ երբ ջուրին մէջ նետեցի, ընկղմեցաւ:
- Ես ալ ձմրան տեսարան մը գծեցի, այնքա՜ն բնական էր, որ պաստառին եզերքը թռչուն մը թառեցաւ ու քիչ յետոյ սառեցաւ:
- Ձեր պատմածները ոչինչ են իմ յաջողութեանս քով. ես ընկերոջս դիմանկարը գծեցի. այնքա՜ն կենդանի դարձաւ, որ ամէն օր զինքը ածիլել կը ստիպուիմ…:
![]()