Archive for November, 2008
գառնուկ , դեղ գնել , դրօշակ պարզել , գնումներ ընել , գաւաթ կոտրել , դաբարան , դաշտի մէջ պտըտիլ , դիմակ շինել , եղունգ կտրել , եղնիկ որսալ
դիտակ , դիմակ , դուռ , դոյլ , դդում , դեղ , դաշնակ , դգալ , դրացի , դպրոց
Շնիկս գրկեցի,
Օրօրոցս նստանք.
Հավ, հավ վեր
Հավ, հավ վար:
Փիսիկս նախանձէն
Կախուեցաւ չուանէն:
Շնիկս ձգեցի,
Փիսիկս գրկեցի
Օրօրոցս նստանք.
Մլաւ, մլաւ վեր
Մլաւ, մլաւ վար:
Հաւս նախանձէն
Պոռչտալ սկսաւ:
Փիսիկս ձգեցի,
Հաւս գրկեցի
Օրօրոցս նստանք.
Կըտ, կըտ վեր
Կըտ,կըտ վար:
Բադիկս նախանձէն
Ձայնել սկսաւ:
Հաւս ձգեցի,
Բադս գրկեցի
Օրօրոցս նստանք.
Վագ, վագ վեր
Վագ, վագ վար:
Բադս ձգեցի
Օրօրոցս նստայ
Ու անոնց ձայները
Կեղծել սկսայ.
Հավ, հավ, հավ,
Մլաւ, մլաւ, մլաւ,
Կըտ, կըտակ, կըտակ,
Վագ, վագ, վագ:
Յոյսերդ քեզ լքած են թէ՝
Ա՛ռ հունտերը ցանէ՛, ցանէ՛,
Կեանքիդ տեւող քաղէ՛ քաղէ՛
Որպէս սիրես, ատես, տանջէ՛,
Բա՛ց աչերդ թատրոն կեանքին
Բիւրեղ բիբէդ ծիծաղ լոյսեր թո՛ղ ժայթքին:
Երփներանգ հունտերը ծլած,
Արմատ, ցօղուն, տերեւ տուած.
Պիտի ըմպես օր մը ծարաւ,
Սէրը երակներէդ շրջած
Հոգւոյդ խորէն սիրահար
Ու ծայրայեղ գինովցած…:

« Մօբասանի Զանգակը »
Ղօղանջեցիր
Մտքիդ մէջ…:
Մեր թախիծը շաղուեցիր,
Ու թաղեցիր
Հոգւոյդ մէջ…:
Կերտեցի՛ր, յօրինեցի՛ր,
Առատօրէն ձօնեցիր.
Ժպտեցար, ժպտեցուցիր
Ցաւերը թեթեւցուցիր…:
Ու օր մը, երբ ոտքն սահեց
Սեւ ամպերէն վար ցատկեց
Հրեշտակ մը, քեզ շալկեց.
Կրելը շատ դիւրին կարծեց…:
Գիտե՞ս մենք զայն խաբեցինք.
Հոգւոյդ խորքէն խլեցինք
Սերմերդ երջանկութեան,
Մեր սրտին մէջ խորշ բացինք
Ու «ՔԵԶ» շտապ պահեցինք:
Աղբիւրն ես անմահութեան
Յաւերժ ապրէ՛ ՍԱՐՈՅԵԱՆ:
ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ
( 1908 – 1981 )
Ամերիկահայ, աշխարհահռչակ գրագէտ եւ թատերագիր Ուիլիըմ Սարոյեան (Արամ Գարաօղլանեան), ծնած է Գալիֆորնիոյ , Ֆրէզնօ քաղաքը:
Փոքր տարիքին կորսնցուց իր սիրելի հայրը:![]()
Մայրը, իր դժուարին օրերուն ստիպուեցաւ, չորս զաւակները որբանոց յանձնել:
Տղաք, որբանոցին մէջ մնացին հինգ տարի:
Երբ կրկին ընտանիքը մեկտեղուեցաւտ Ուիլիըմ հօրը կարօտով կ’այրէր:
Ան շատ մեծ կարօտ ունէր իր հօրէնական ծննդավայրը տեսնելու…: (Եւ զայն իրականացուց 1964 ին, դէպի Պիթլիս):
Ուիլիըմ երբ ուսումը լքեց, տասնըչորս տարեկան էր: Ստիպուած էր տան ծախսերը դիմագրաւել:
Զբաղուեցաւ զանազան գործերով: Ան, յաճախ կ’երթար մօտակայ գրադարաններ ու կը կարթար ամէն ինչ, որ կը սիրէր:
Իր միակ փափաքն էր պատմաբան ըլլալ…:
Մանաւանդ երբ կարթաց Կի Տը Մօբասանի « Զանգակ » անուն հէքեաթը, որոշեց գրել ու տեւաբար գրել, ինքնուրոյն ոճով. զոր կոչուեցաւ՝ «Սարոյանի Ոճ »:![]()
Բազմիցս իր գրական փորձերը ղրկեց զանազան հրատարակիչներու. բայց անոնք միշտ անտարբեր մնացին:
1928′ին իր գործերէն մէկը հազիւ ընդունուեցաւ ու հրատարակուեցաւ:
1933 ին երբ 25 տարեկան էր, կարգ մը պատմուածքներ ղրկեց Պոսթոնի Հայրենիք Թերթին, ու հրատարակուեցաւ «Սիրաք Կորեան» ծածկանունով:
1935 ին այս պատմուածքները հաւաքեց հատորի մը մէջ, որ կը կոչուէր «Խիզախ Երիտասարդը Թռչող Թրափէզին Վրայ»:
«Այս գործս շատ սիրուեցաւ , ճանչցուած գրագէտ մը եղայ եւ լաւ շահ բերաւ. ամբողջ պարտքերս վճարեցի եւ Հայաստան այցելեցի» կ’ըսէր ան, ամէն առիթով:![]()
Այլեւս խանդավառ գրող մըն էր եւ կը գրէր առանց յոգնելու…:
1939 ին գրեց, «Ապրելու Ժամանակ» թատրերգութիւնը, որ Նիւ Եորքի մէջ նոյնպէս շատ սիրուեցաւ:
«Այս գործիս համար ինծի ուզեցին տալ՝ Փուլիցըր ի Մրցանակը եւ հազար տոլար. բայց ես մերժեցի, չուզեցի ընդունիլ. որովհետեւ ես դէմ եմ գրական մրցանակներուն եւ նիւթական օգնութիններուն» կ’ըսէ մեծ մարդը:
Կը սիրէր բնութիւնը, կենդանիները, մարդիկը, մանաւանդ տղոց աշխարհը:
Նախընտրեց պարզ ապրիլ, անկեղծ, համեստ ու մտերիմ:
Գրեց՝ 1500 է աւելի պատմուածքներ, բազմաթիւ վէպեր, վիպակներ եւ թատրերգութիւններ:
Իր շատ կարեւոր գործերէն մին է. «Մարդկային Կատակերգութիւն» վիպակը, զոր թարգմանուեցաւ բազմաթիւ լեզուներու:![]()
Սարոյեան դարձաւ Ամերիկայի ամէնէն շատ արտադրող գրագէտը:
« Ուզեցի քանդակագործ կամ նկարիչ ըլլալ, բայց ատոր համար պէտք ունէի գործիքներու, որոնք շատ սուղ էին. հետեւաբար հրաժարեցայ. գրելը ,աժան էր, մատիտ մը եւ թուղթ մը բաւարար էր ինծի». խօսքերովը կը ցոլացընէր իր պատանեկութեան դժուարին օրերը:
Մեծանուն Գրագէտ Սարոյեան՝ գրիչով կերտեց իր ապագայ կեանքը եւ իր տեղը գրաւեց, անմահ գրողներու ցանկին մէջ:
«Իւնէսքօ»ն 2008ը յայտարարեցտ « Սարոյանի Տարի » :![]()
ՅԱՐԳԱ՜ՆՔ ՈՒ ՍԷ՜Ր ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԳՐԱԳԷՏԻՆ:

«Չարլի Չափլին» «Շարլօ»
Նշանաւոր դերասան Չարլի Չափլին 1915 ին նկարագիր մը հնարեց: Շարժանկարի արտադրիչ Jacques Haik այս նկարագիրը կոչեց «Շարլօ»:
Չարլին «Շարլօ» դերին մէջ, քիչ կը խօսէր, շատ կը շարժէր: Ան՝ մարդկային զօրաւոր զգացումները կը պարզէր դիմախաղերով. այսպէս խամաճիկէ մը չէր տարբերեր:
«Շարլօ»ին մասնայատկութիւններն էին.
ØՄէլօն գլխարկ ØՊամպու գաւազան ØՆեղ բաճկոն ØՀնամաշ կօշիկներ ØՆեղ ու կարճ պեխեր ØԴիմախաղեր:
Չարլին «Շարլօ»ին հետ նոյնացաւ, աճեցաւ ու հսկայ մը դարձաւ:
Մանաւանդ դիմախաղերով ցոլացուց. ØԲարենապատակ ØՄարդասէր ØԽորամանկ ØԴիւրազգաց ØՃակատագրի յանձնուած, այդ «Ազնիւ Անգլիազի»ին յատկանիշերը:
————–
Չարլի Չափլին 16 Ապրիլ 1889ին ծնաւ Զուիցերիոյ մէջ: Համեստ ընտանիքի մը կրտսեր զաւակն էր. բայց փոքր տարիքէն գրկեց ճակատագրին բաժինը: Ընտանիքին հիմը փլաւ ու ինք մնաց մօրը քով: Քիչ ատեն յետոյ հայրը՝ Չարլս Չափլին ալքօլամօլ մը դարձաւ ու տարապանքներու մէջ մահացաւ: Մայրը՝ Հաննահ Չափլին դիրասանուհի մըն էր. թէ՛ալ երգչուհի: Փոքրիկ Չարլիին օրերը կ’անցնէի դատրոնը, մօրը սենեակին մէջ: Ան յաճախ կը շպարուէր դերասանի մը պէս: Գեղեցիկ աղջիկներ կը մտնէին սենեակը եւ զինքը կը փայփայէին. հոն շատ հաճելի պահեր կ’ունենար:
Օր ըստ օրէ մայրը իր առողջութիւնը կը կորսնցնէր: Հինգ տարեկան էր երբ մայրը բեմին վրայ բացակայեցաւ: Չարլին փափաքեցաւ մօրը տեղ բեմ ելլել. դատրոնին տէրը համոզեցին: Յաջող ելոյթ մը ունեցաւ. Հանդիսականները որոտնդոստ ծափահարեցին զինքը: Այդ օրէն սկսեալ բեմերուն սիրահատը դարձաւ:
Ինը տարեկանին «The Eight Lancaster» անուն խաղին մէջ երգեց բացառիկ յաջողութեամբ:
Տասնըմէկ տարեկանին Լոնտոնի Ձիարձակարանին (Hipodrom) մէջ «Giddy Ostende» անուն խաղին դերը ստանձնեց:
Ձեռք ձգած յաջողութիւններուն՝ ուրախութիւնը անբացատրելի էր. միշտ աւելի լաւը կատարելու փափաքը կ’արթննար իր մէջ:
Մեծ ցաւ կը զգար մօրը մասին. Խեղճ կինը խելագարեցաւ ու առանձինն ապրիլ սկսաւ, դարմանուիլ ալ չ’ուզեց:
Չարլին մինչեւ քսանչորս տարեկան Անգլիոյ մէջ ապրեցաւ. մնջկատակներ ալ ցուցադրեց եւ իր ապրուստը ապահովեց:
Ընկերը՝ «Fred Karno» Նիւ Եորք տարաւ Չարլին, որպէսզի աւելի յառաջանայ իր ասպարէզին մէջ: Հոն ծանօթացուց «Mack Senet»ի հետ որ շարժանկարի վարիչ էր: Մեծ գոհունակութեամբ ընդունեց այս վարիչին առաջարկը եւ եղաւ գլխաաւոր դերասանը «Making a Living» անուն խաղին: (1914)
Hollywood ի մէջ նշանաւոր դերասան մը դարձաւ եւ գլխաւոր դեր ստանձնեց երեսուներկու շարժանկարի խաղերուն մէջ:
1915ին Չարլին աշխատեցաւ «Essanay»ի հետ որ շարժանկարի արտադրիչ էր ու անոր ալ վարիչը «Jacques Haik»:
Ամերիկայի մէջ արժանացաւ «Պետական Արուեստագէտ»ի տիտղոսին:(1918)
Հինգ տարի վերջ հոյակապ աշխատանոց մը կազմեց եւ եղաւ շարժանկարի վարիչ: Անթիւ խաղերու ժապաւէններ պատրաստեց ու հասաւ յաջողութեան գագաթնակէտին: Մասնայատկութիւն մը ունէր ամէն խաղին նոր աղջիկ մը հասցնել ամենայն վարպետութեամբ: Շատ մը նշանաւոր դերասանուհիներ Չարլիին կը պարտին իրենց յաջողութիւնը:
«Oscar»ի մրցնակը կը շահի 1926ին ընդգրկելով գրագիր, արտադրիչ(yapımcı),վարիչ(yönetmen),դերակատար(oyuncu) ճիւղերը «Circus» անուն ժապաւէնով:
1943ին օրաթերթերը կ’արձագանգեն Չարլի Չափլին տասնըչորրորդ ամուսնութիւնը եւ ութերորդ զաւակին ծնունդը:
Քաղաքական կարգ մը պատճառներով՝ Ամերիկայի սահմաններէն դուրս ելլելու կը ստիպեն զինքը ու կը վերադառնայ Զուիցերիա:
1964ին իր յուշերը գրի կ’առնէ ու գրքի մը մէջ կ’ամփոփէ:
Տասը տարի վերջ Չարլին, էն հրաւէր մը կը ստանայ եւ իրեն կը յանձնեն «Պատուոյ Օսքար» անուն մրցանակ մը: Ունի նաեւ «Կատակերգակներու Հանճարը» տիտղոսը:
Զուիցերիոյ մէջկը մահանայ ութսունութը տարեկանին: Կարգ մը անձեր դիակը կը գողնան. ոստիկանները զայն կը գտնեն ու դարձեալ կը թաղեն: Գողութեան պատճառը անհասկնալի կը դառնայ:
Չարլիին հոյակապ աշխատանոցը թանգարանի կը վերածուի:
Չարլի Չափլին՝ աշխարհահրչակ հարիւր դերասաններու ցանկին մէջ առաջին կարգը կը գրաւէ:


աւել ,լալ ,լուացուիլ ,ձի հեծնել ,երգել ,դրամ համրել , ժամացոյց կոտրել , լեռ մագլցիլ , ծեծկուիլ , ձուն տեղալ
գուլպայ , գնդակ , գոգնոց , գրասենեակ , գող , գետ , գաւաթ , գամ , գրադարան
