Կաղանդ Պապիկին Հաճելի Անակնկալ Մը
Մուկ մամիկը՝ դրացիները իր մօտ կանչեց ու ըսաւ.
Մայր Մուկ– Սիրելինե՛ր, Ամանորին՝ Կաղանդ Պապիկին հաճելի անակնկալ մը պատրաստել կ’ուզեմ. դուք ալ մասնակցիլ կ’ուզէ՞ք արդեօք:
Ոեւէ կենդանի մը– Շատ ուրախ կ’ըլլանք, բայց ի՞նչպէս կրնանք օգնել քեզի:
Մայր Մուկ– Աղաւնի թռչունը ամբողջ ամառ պարկ մը ցորեն հաւաքեց եւ ինծի բերաւ:
Ես ցորենը տաք ջուրին մէջ լեցուցի որպէս զի լաւ մը ուռի: Կարծեմ հիմայ հասկցաք, թէ ես կ’ուզեմ անուշապուր եփել:
Կապիկ–Անուշապուրի համար ուրիշ ի՞նչերու կարիք:
Մայր Մուկ– Շաքար, չամիչ, նուշ, պիստակ, ընկոյզ, նուռ եւ վարդի ջուր…:
Կատու– Շաքարը ես կը բերեմ: Պարկ մը շաքար ունիմ եւ ես շատ չեմ ուտեր, որովհետեւ աչքերուս կը վնասէ:
Սկիւռ–Ես ալ հողին տակ ընկոյզ, կաղին եւ նուշ պահած եմ. անոնցմէ քիչ քիչ կը բերեմ:
Կապիկ–Պիստակ եւ շագանակ ունիմ. երթամ բերեմ:
Մայր Մուկ–Հապա չամիչը ո՞վ պիտի ճարէ:
Ագռաւ–«Չամիչ»ը ի՞նչ է:
Մայր Մուկ–Խաղողին արեւուն տակ չորցած վիճակին «չամիչ» կ’ըսեն:
Ագռաւ–Ես անկէ շատ ունիմ, կտուցովս փետեցի եւ բոյնիս մէջ հաւաքեցի:
Ագռաւը թռաւ գնաց դէպի իր բոյնը:
Սոխակը սկսաւ գեղգեղել:
Վարդի ջուրն ալ ես պիտի բերեմ: Սիրահար էի վարդի մը եւ երբ թօշնեցաւ, ջուրին մէջ պահեցի. հիմա շատ անուշ կը հոտի այդ ջուրը…:
Մայր Մուկ–Ուրեմն աճապարեցէ՛ք,հարսը պատրաստ է:
-Այդ ո՞վ է.
-Հա՞րսը, ո՞ւրկէ եկաւ:
-Ո՞ւր է հիմա:
Մայր Մուկ–Ո՛չ սիրելիներ, այս ձեր գիտցած հարսը չէ: Քանի մը օր տաք ջուրին մէջ մնալով ուռած ցորեններուն «Հարս» կ’ըսեն:
«Հա՜րս,հա՜րս,հա՜րս» կրկնեցին բոլորը ու մեկնեցան:
Յաջորդ իրիկուն «Ամանոր» էր եւ անուշապուրը՝ պատրաստ: Ամէնքն ալ շատ յոգնած էին. կը մրափէին ճաշասեղանին շուրջ նստած:
Յանկարծ դուռը ուժգին զարնուեցաւ. Կաղանդ Պապիկն էր…
Բարե՛ւ ընկերներ, ի՞նչպէս էք, ի՞նչեր կ’ընէք:
Բարեւ Կաղանդ Պապիկ: Լաւ ենք:
Բարի Եկար:
Մայր Մուկ–Նստէ՛, նստէ՛ Կաղանդ Պապիկ. մենք քեզի համար պատրաստեցինք հաճելի անակնկալ մը:
Անուշապուր հրամցուց անոր:
Կաղանդ Պապիկը շատ ուրախացաւ. երկար ատենէ ի վեր կերած չէր այսքան համով անուշապուր մը:
Կաղանդ Պապիկ–Անուշապուր պատրաստելը շատ դժուար է. ի՞նչպէս յաջողեցաք:
Ամէնքը Միասին– Ձեռք ձեռքի տուինք ու ճարեցինք մեր կարքները:
Կաղանդ Պապուկ–Ապրի՛ք, ապրի՛ք. «իրարու օգնելով աշխատիլը կեանք է»:
Յետոյ բացաւ իր տոպրակը եւ անոնց նուէրներ բաժնեց:
Սոխակին հայելի, մուկին հաւկիթ, կապիկին պանան, աղաւնիին ցորեն, կատուին բուրդէ կծիկ, ագռաւին պանիր եւ սկիւռին հնդկընկոյզ նուիրեց: Ամէնքն ալ շնորհակալ եղան եւ տօնեցին Ամանոր մը ուրախ զուարթ: