Ոյժը Չէ Բաւեր ator.swf
Category Archives: Քիչ մը Ժպտինք
Ծիծաղ,Շուտասելուկ եւլն…
Փշաթելը Հաներ Են
Փշաթելը Հաներ Են
Երկու յիմար, յիմարանոցէն խոյս տալու համար կը համաձայնին: Մէկը կ’ըսէ միւսին.
– Այս գիշեր, գաղտուք գնա՛ պարտէզ եւ ճշդէ՛ թէ քանի՞կարգ փշաթել անցուցած են սահմանին :
Յիմարին ընկերը այդ գիշեր կ’երթայ ու կը ճշդէ թէ , թէլը երկու կարգ է եւ կու գայ կը յայտնէ իր ընկերոջ:
– Լաւ ուրեմն,մէկը ես պիտի կտրեմ, իսկ միւսը դուն…:Բայց վաղը գիշեր կրկին փորձէ՛ տեսնել. որպէսզի ուշադիր ըլլանք:
Յաջորդ գիշեր, յիմարը կրկին կ’երթայ եւ կը վերադառնայ յուսահատ..
– Եղբա՛յր,մենք կարծեմ պիտի չկարենանք խոյս տալ, որովհետեւ փշաթելերը քակեր են. կ՛ըսէ :
Մեզմէ Կը Կասկածին
Մեզմէ Կը Կասկածին
Երկու անառակ եղբայրներէն օձիք կը թօթուէին, թէ՛ իրենց ծնողքը եւ թէ՛ թաղեցիները: Ճարահատ, տղաքը յանձնեցին թաղին քահանային. որպէսզի քիչ մը խրատէ զիրենք:
« Աստուծ ո՞ւր է». հարց կու տայ քահանան: Երկու եղբայր շուտով կը փախչին Եկեղեցիէն եւ կը պահուըտին իրենց տան ածխանոցին մէջ: Պզտիկը հարց կու տայ եղբօրը թէ ինչո՞ւ կը պահուըտին.
«Լռէ՛ կ’ըսէ եղբայրը- չլսեցի՞ր, Աստուած կորսուեր է. ա՛յդ ալ մեզմէ կը կասկածին եւ մեծ պատիժ մը պիտի տան»:
Անկախութեան Տօն
Անկախութեան Տօն
Ամուսինը առտու կանուխ կը պատրաստուէր գործի երթալու , կինը ըսաւ.
-Այսօրուայ իմաստը մաղթեմ, որ չես մոռցած:
– Ո՛չ, ո՛չ չեմ մոռցած. ըսաւ ամուսինը եւ շուտով դուրս ելաւ տունէն:
Երկու ժամ վերջ, խոշոր կողով մը ծաղիկ ղրկեց իր տիկնոջ: Կինը զարմանքով ստացաւ այս նուէրը: Ցորեկին սիրուն տուփ մը անուշեղէն, իրիկունն ալ շատ յարգի անուշահոտ մը: Գիշերը, երբ ամուսինը ուշ ատեն տուն հասաւ. կինը հարցուց .
-Այսօր Անկախութեան տօն էր սիրելիս. ինչո՞ւ այսքան ծախսի մէջ մտար:
Ինքնագով Գծագրիչներ
Ինքնագով Գծագրիչներ
Երեք երիտասարդ գծագրիչներ, կը խօսակցէին. մէկը ըսաւ.
-Ես փայտի կտոր մը ներկեցի, մարմարիոնի գոյներով. այնքա՜ն իրաւ դարձաւ, որ երբ ջուրին մէջ նետեցի, ընկղմեցաւ:
– Ես ալ ձմրան տեսարան մը գծեցի, այնքա՜ն բնական էր, որ պաստառին եզերքը թռչուն մը թառեցաւ ու քիչ յետոյ սառեցաւ:
– Ձեր պատմածները ոչինչ են իմ յաջողութեանս քով. ես ընկերոջս դիմանկարը գծեցի. այնքա՜ն կենդանի դարձաւ, որ ամէն օր զինքը ածիլել կը ստիպուիմ…:
Մութին Մէջ Չե՞նք Մնար
Մութին Մէջ Չե՞նք Մնար
Բժիշկը յիմարատան սենեակները կը շրջէր. տեսաւ հիւանդ մը, որ սրունքը կախած էր արաստաղէն. հարցուց անոր.
-Ինչո՞ւ այսպէս ըրիր, մանչս:
Յիմարներէն մէկը ըսաւ.
-Անիկա իր սրունքը ելեկտրական լամբար կը կարծէ:
-Չըլլա՛ր այդպէս բան. շո՛ւտ վար իջեցուցէ՛ք:
Միւս յիմարը յարեց շփոթած.
– Բայց, եթէ իջեցնենք, մութին մէջ չեն՞ք մնար…:
Մուրացկանին Մաղթանքը
Մուրացկանին Մաղթանքը
Առատաձեռն մարդ մը, մուրացկանին ողորմութիւն տուաւ: Մուրացկանը սկսաւ աղօթել անոր աչքերուն համար:
-Ինչո՞ւ, միայն տեսողութեանս առողջութիւն կը մաղթես. հարցուց մարդը:
– Տէ՜ր իմ, ձեր քիթը այնքան փոքր է, որ ակնոցը պիտի չյենու վրան. իսկ՝ ձեր աչքերը այնքան պզտիկ են, որ մէջը ոսպնեակ նոյնիսկ, կարելի չէ տեղաւորել:
Աւելի Առաջ Կը Զռար
Աւելի Առաջ Կը Զռար
Գիւղացիի մը տարիքը բաւական յառաջացած էր եւ լսողութիւնն ալ տկարացած: Օր մը իր իշուն մասին սապէս խօսեցաւ.
-Չեմ հասկնար, այս իշուն ի՞նչ պատահեցաւ. աւելի առաջ կը զռար, բայց հիմա միայն կը բանայ ու կը գոցէ իր բերանը:
Ո՞ր Անիւը
Ո՞ր Անիւը
Երեք դասընկեր, գրաւորի քննութեան չմասնակցելու համար, փողոցը կը տնտնան: Երբ դպրոց կը հասնին, կը խնդրեն ուսուցիչէն որպէսզի ներէ զիրենք:
Անոնք իբր պատրուակ կը յայտնեն թէ՝ իրենց նստած ինքնաշարժին անիւը պայթած էր…:
Ուսուցիչը կը ներէ իր աշակերտները, քանի որ տրամաբանական էր իրենց ուշանալուն պատճառը:Յետոյ զանոնք կը հրաւիրէ երեք տարբեր դասարաններ. գրաւորի թուղթերը կը յանձնէ, եւ միայն հարցում մը կ’ուղղէ.«Արդեօք ո՞ր անիւը պայթած էր»:
Չ’արժեր
Չ’արժեր
Երկու հաւեր հաւկթավաճառին առջեւէն կ’անցնէին, մէկը հպարտ կեցուածքով հարցուց միւսին.
-Կը տեսնե՞ս սա խոշորները, որոնք 20 դրամ կ’արժեն. անոնք ես ածեցի:
-Սա՛ պզտիկները, որոնք 19 դրամ կ’արժեն, անոնք ալ ես ածեցի. պատախանեց միւսը:
-Ինչո՞ւ քիչ մը խոշոր չես ածեր. հարցուց հպարտ հաւը:
-Իմ աքլորս կը’սէ թէ՝ « 1 դրամ տարբերութեան համար չ’արժեր պատռտուիս»…