«Խոհեմ Մօքինթօ»ն

00000010 00000011

ԽՈՀԵՄ «ՄՕՔԻՆԹՕ»Ն

          Վերամուտը կը մօտենար, մտահոգ էին հարաւային բեւեռին մօտ ապրող թանձրահաւերը որովհետեւ երկրագունդը հետզհետէ շատ կը տաքնար: Յաճախ կը հալէր սառոյցէ դպրոցին շէնքը:Մայր թանձրահաւը՝ Մօքինթօ որ տասնեակ ձագեր ունէր, երկար ատեն խորհեցաւ ու տանջուեցաւ: Ի վերջոյ որոշեց ժողով մը գումարել էգ թանձրահաւերու հետ: Այս հրաւէրը սիրով ընդունեցին էգերը եւ սկսան յայտնել իրենց գաղափարները: Երբ գաղափարի փոխանակումները վերջացան Մօքինթօ բարձրաձայն յայտնեց տրուած վերջին որոշումը, որ ծափերով ընդունուեցաւ:

-Այս օրուընէ սկսեալ, արու թանձրահաւերը եթէ կ’ուզեն ընտանիք մը կազմել, էգերուն պիտի նուիրեն խճաքարեր: Ամէնէն շատ խճաքար բերող արուն, պիտի միանայ իր սիրած էգին եւ պիտի կազմէ ընտանիք մը:

Երբ արուները այս որոշումը լսեցին շատ  զարմացան, որովհետեւ բեւեռներու մէջ խճաքար գտնելը գրեթէ անկարելի էր:

-Որքա՜ն տարօրինակ որոշում է այս: Մենք ո՞ւրկէ  պիտի գտնենք եւ դուք ի՞նչ պիտի ընէք խճաքարերը…:

-Մեր ձագերուն համար դպրոց մը պիտի շինենք, սիրելիներ, ըսաւ Մօքինթօ:

Արու թանձրահաւերը չորս կողմ ցրուեցան ու աչքերէ հեռացան: Կրեցին հազարումէկ դժուարութիւններ…:

Ամիս մը վերջ վերադարձան խճաքարերով եւ նուիրեցին էգերուն:

-Ձեր գործը դեռ չէ լրացած, պիտի ծեփէք զանոնք, ըսին էգերը:

Ձեռք ձեռքի տուին եւ ամուր հիմեր դրին, պատեր հիւսեցին եւ կազմեցին դասարաններ: Հիմա բոլորն ալ ուրախ էին, ունեցան շատ մը ձագեր, որոնք քանի մը տարի վերջ դպրոց պիտի երթային հանգիստ սրտով:

Խրտուիլակին Հովանոցը


Խրտուիլակին Հովանոցը Խրտուիլակին Հովանոցը -2-

 

 

Խրտուիլակին  Հովանոցը

                 Մշակ Մարտիկ կ’աճապարէր . . . : Երկարատեւ անձրեւներէն ուշացեր էր աշնան ցանքը: խոտեր, փուրեր ու արուոյտներ ծածկած էին արտը:

                 Օրեր ամբողջ աշխատեցան, բարեբեր դարձնելու համար արտին հողը: « Աշխատեցան», ըսինք, որովհետեւ մշակ Մարտիկին կինն ու զաւակներն ալ այս աշխատութեան մասնակցեցան:

                 Ծատուր եւ Նունէ, այլեւս փոքրիկ մշակներ էին: Երբ հողին գործը վերջացաւ՝ ցորենի հունտեր պարունակող պարկերը կապեցին իրենց փորին վրայ եւ երեք քայլը մէյ մը բուռ մը ցորենի հունտեր նետեցին արտին մէջ: Տեսակ-տեսակ թռչուններ կու գային, որպէսզի ուտեն հունտիկները. այս պատճառով մայրիկը, շուտ-շուտ, հողով կը ծածկէր անոնց վրան:

                Երբ ցորենի ցանքը վերջացաւ, Ծատուր եւ Նունէ որոշեցին խրտուիլակ մը շինել ու կանգնել արտին ճիշդ մէջտեղը: Յայտնի էր, որ թռչունները հունտերը ուտելու համար կտուցի զօրաւոր հարուածներ պիտի տային ու վնաս պիտի հասցնէին հողին . . . : Տղաք՝ իրենց ծնողքին օգնութեամբ, սիրուն խրտուիլակ մը շինեցին ու հագցուցին իրենց զգեստները:

                 Քանի մը օր ետք կրկին սկսան անձրեւները: Խրտուիլակը կը թրջէր. Ծատուր եւ Նունէ շատ կը ցաւէին անոր մասին: Խոշոր հովանոց մը ճարեցին ու տարին խրտուիլակին ձեռքերուն ամուր մը կապեցին:

-Կ’ուզե՞ս, անուն մըն ալ տանք, մեր խրտուիլակին, ըսաւ, Ծատուր:

-Որքա՜ն լաւ կ’ըլլայ, այս մեր շինած առաջին խրտուիլակն է, ըսաւ, Նունէ:

Շատ ու շատ անուններ յիշեցին եւ որոշեցին «Ռուբիկ» անունը տալ: Ռուբիկ ժպտադէմ, կարծես՝ շնորհակ կ’ըլլար անոնց:

Ծատուր եւ Նունէ, այդ գիշեր հանգիստ սրտով քնացան իրենց տաքուկ անկողիններուն մէջ:

Նունէ արշալոյսին արթնցաւ եւ Ծատուրն ալ արթնցնելով ըսաւ.

-Որքա՜ն երջանիկ կ’ըլլայի, եթէ հրաշք մը պատահէր եւ Ռուբիկը մեզի հետ խօսէր:

-Այս գիշեր, երազիս մէջ, ինծի հետ խօսեցաւ, ըսաւ, Ծատուր:

-Ի՞նչ ըսաւ, ի՞նչ ըսաւ, հարցուց, Նունէ խանդավառ:

«Որքա՜ն լաւ գործ մը ըրիք, այս հովանոցը՝ ձեռքերուս կապելով: Շատ երջանիկ եմ . . . :Ձեր կատուն «Լուլու»ն, այս գիշեր իր նորածին ձագերը կրեց ուսիս վրայ եւ թուխսի նստաւ: Իսկ՝ ձեր տան պաշտպանը «Կրակոտ»ն ալ թէ՛ կը հսկէ Լուլուին ձագերը, թէ՛ ալ արտին անյագ թռչունները: Հովանոցինս տակ հիանալի ընտանիք մը կազմեցինք: Կը տեսնե՞ս սա դրացի արտերուն խրտուիլակները, անոնք, որքա՜ն խեղճ եւ առանձինն են»:

Նունէ իր մտքին մէջ կը պատկերացնէր եղբօրը տեսած երազը:

-Երանի՜ թէ՛ իրականանար այս բոլորը, ըսաւ ու Ծատուրին այտերէն համբուրեց . . . :

———–

Աքաղաղները՝ ամէն արշալոյս, գարունը կանչեցին: Վերջապէս օրը հասաւ եւ արտը ներկուեցաւ ոսկիի գոյնով: Ցորենի հասկերը ծանրացան ու իրենց գլուխը դարձուցին դէպի խրտուիլակին. Կարծես՝  կը բարեւէին «Ռուբիկ»ը:

———–

Ցանք: արտը ցանելու ժամանակը

Բուռ: ափ (ափի մէջ պարունակող,քանակութիւն)

Բարեբեր: պտղաբեր, բերրի (verimli)(productive)

Արուոյտ: երեք թերթերու բաժնուած, բոյս մը (yonca)(clover)

Խրտուիլակ: մարդակերպ կազմած, թռչունները վախցնելու համար (korkuluk)(scarecrow)

Անյագ: այն, որ կշտանալ չի գիտեր (doyumsuz)

Խանդավառ: խանդով լեցուն (heyecanlı) (excited)  

Հայ Գրի Օր

   hay kri or 01 hay kri or 02

 
Հայ Գրի Օր

  Տարուան մէջ երկու անգամ կ’ոգեկոչենք Հայ այբուբենի գիւտը: Առաջինը՝ «Հայ Գիրի Օր», Յունիս ամսուան մէջ. իսկ երկրորդը «Հայ Մշակոյթի Օր», Հոկտեմբեր ամսուան մէջ: 

              Մեծագոյն հրաշքը   պատահեցաւ երբ Ս.Սահակի եւ Ս.Մեսրոպի գլխաւորութեամբ, տարիներ տեւող տքնաջան աշխատութիւններէ վերջ, 405 թուականին հնարուեցաւ Հայոց ամբողջական այբուբենը: ԺԱ. դարուն աւելցան «օ» եւ «ֆ» տառերը այսպէսով ունեցանք «38» գիրեր:Լեզու մը որպէսզի ապրի բաւարար չէ միայն այդ լեզուն խօսիլ. այլ պայման է գրել ու կարդալ այդ լեզուն: Գիրը՝  անցեալը, ներկան ու ապագան կը կապէ իրարու:             

            Ուրեմն գիր ու գրականութիւն չունեցող ժողովուրդներ իրենց  գոյութիւնը չեն կրնար պահել:Գիրերու հնարումէն վերջ Լուսաւորիչներուն առաջին աշխատութիւնը եղաւ Յունարենէ Հայերէնի թարգմանել Աստուածաշունչը: Թարգմանութիւնը այնքան կատարեալ եղաւ որ օտարներ զայն կոչեֿին «Թագուհի Թարգմանութեանց»: Այսպէս, Ե. դարուն մեր գրականութիւնը ապրեցաւ իր «Ոսկեդար»ը:

 

          Հայ  մշակոյթի տեւականացումը կը պարտինք մեր «38» ոսկեայ նշանագիրերուն:Մեր լեզուն աշխարհի հարուստ լեզուներէն մէկն է, թէ՛ գիրերու եւ թէ բառերու ճոխութեամբ:Հայ տառերը սորվիլն ու սորվեցնելը վարպետութեան կը   կարօտի. որովհետեւ ունինք վեց  զոյգ նմանաձայն տառեր եւ որոնց գործածութիւնը կախեալ է քերականական օրէնքներէ:Հայ գիրերը մեր գեղարուեստին եւ մշակոյթին հիմնական քարերն են: Եթէ մենք մեր սեփական տառերը չունենայինք, այսօր գոյութիւն պիտի չունենայինք:Ս.Սահակի եւ Ս.Մեսրոպի հրաշալի տեսիլքներն ու ջանքերը երբե՛ք չմոռնանք ու չմոռցնենք: 

 —————————–
Մշակոյթ-Ազգի մը մտաւոր ու հոգեկան զարգացումը (culture)
Սեփական- Անձնական, ուրոյն (personal)
Գեղարուեստ-Գեղեցիկ գաղափար եւ զգացումները պատկերացնող արուեստ
(the fine arts)