\

Անտէր Ձիթենիներ

00000031 00000028 00000029 00000030

 

ԱՆՏԷՐ ՁԻԹԵՆԻՆԵՐ

          Գիւղի մը մէջ կ’ապրէր՝ պարտիզպան Գալօն: Ան ձիթենիներու ընդարձակ պարտէզ մը ունէր. լաւ կը խնամէր իր ծառերը եւ առատ ձիթապտուղ կը ստանար:

Այդ գարնան՝ Գալօն հիւանդացաւ: Իր զաւակը, որ քաղաք մը կը բնակէր, եկաւ տարաւ  հայրը. որպէսզի  լաւ մը բժշկուէր իր մօտ:

Ձիթենի- Մեզի ո՞վ պիտի խնամէ սիրելիներ:

Ձիթենի- Չեմ գիտեր, շատ մտահոգ եմ:

Ագռաւ- Մենք կրնանք օգնել ձեզի:

Ձիթենի- Բայց ի՞նչպէս. չէ՞ որ անդադար կը կռնչէք ու անյագօրէն կուլ  կու  տաք ծառերու պտուղները:

Ագռաւ– Մենք օգուտներ ալ ունինք:

Ձիթենի-Ի՞նչպիսի օգուտներ:

Ագռաւ- Մեր կտուցներով հողերուն տակը վրան կը բերենք  եւ ձեր արմատները օդը կը ծծեն փառաւորապէս:

Ձիթենի- Ինչո՞ւ մեզի օգնել կ’ուզէք:

Ագռաւ-Ձեր տէրը, օր մը նոյնիսկ, չքարկոծեց մեզ: Իր այս բարիքը բարիքով մը պիտի փոխարինենք:

Ձիթենիներ-Շնորհակալ ենք սիրունիկ ագռաւներ,ո՞րքան սխալեր ենք ձեր մասին:

Այծ- Մենք ալ օգնել կ’ուզենք ձեզի: Արմատներէն ժայթքող ճիւղերը պիտի ուտենք. որպէսզի աւելի շատ աճին ձեր կոճղերը:Պարտիզպան  Գալօն երբե’ք  չէր  չարչարեր մեզ:

Ամպ-Անձրեւ պիտի բերեմ ձեզի որպէսզի հողին հանքային  նիւթերը դիւրաւ ծծեն ձեր արմատները:

Արեւ- Ես ալ ճառագայթներս ձեր վրայ պիտի սփռեմ եւ ձեր պտուղները պիտի հասուննան:

Փայտփոր- Ես ալ ձեզի վնաս հասցնող ճճիներն ու որդերը պիտի ուտեմ, անհոգ եղե’ք:

Այսպէս անցան գարնան ու ամրան օրերը:  Ձիթենիներու ճիւղերը, պտուղներով ծանրացան:

Ձիթենի- Աշունը հասաւ. Հիմա ո՞վ պիտի հաւաքէ մեր պտուղները:

Դրացի պարտիզպան- Մի’ մտահոգուիք. Մենք պիտի հաւաքենք զանոնք. որովհետեւ Գալօն մեզ երբեք’ չվշտացուց եւ  ամէն առիթով մեզի օգնեց:

Ձիթենի–  Ձեր ձեռքի ցուպերո՞վ պիտի զարնէք,որ մեր պտուղները թափին պրկուած սաւաններու մէջ:

Դրացի պարտիզպան- Հապա՞, ի՞նչպէս պիտի հաւաքենք:

 Ձիթենի– Մեր տէրը՝ փայտէ աստիճաններ շինած էր. կը մագլցէր վրան ու ափերով կը սկրթէր մեր ճիւղերը  եւ  ձիթապտուղները կը թափէր կողովներու մէջ:

Դրացի պարտիզպան- Մենք ալ այդպէս կը հաւաքենք, որպէսզի  Պրն. Գալօն չյիշէք եւ չտխրիք: