\

Արժէքը Գիտնալ

 

00000004 000000005Արժէքը  Գիտնալ

        Ամրան արձակուրդը կը մօտենար. Պօղոս կ’ուզէր ձագուկ շնիկ մը գնել: Ծնողքին յօժարութեամբ պարպեց գանձանակը. որուն մէջ հաւաքած էր երկուհարիւր …:
Ընտանի կենդանիներ վաճառող խանութէ մը ներս մտաւ եւ իր փափաքը յայտնեց վաճառորդին: Շատ սիրուն լակոտներ ցոյց տուին իրեն: Իւրաքանչիւրը կ’արժէր երեքհարիւր…: Անկիւն մը Պօղոս տեսաւ իր վիճակին լքուած լակոտ մը. մօտեցաւ անոր ու գրկեց զայն: Ուժգին կը տրոփէր ձագուկին սիրտը. Ան սկսաւ լիզել Պօղոսին մատները:
-Վնասուած է անոր կոնքի ոսկորը, դարման չունի. եթէ կ’ուզես կրնաս տանիլ առանց փոխարէնը վճարելու. ըսաւ վաճառորդը:
-Առա՞նց վճարելու…: Ո՛չ պարոն ձեր այս առաջարկը չեմ ընդունիր. միւսներուն հաւասար գինով ծախու առնել կը խորհիմ զայն. Ըսաւ Պօղոս:
Վաճառորդը զարմացաւ.
– Լա՛ւ ուրեմն , անոր համար վճարէ երկուհարիւր… ու առ տար:
– Ես արդէն ունիմ միայն երկուհարիւր… ահաւասիկ կը յանձնեմ ձեզի. բայց մնացեալը պարտքս թո՛ղ ըլլայ, երկու ամիսէն կը վճարեմ անպայման:
Վաճառորդը իր ընկերոջ դառնալով փսփսաց .«Ի՞նչ կուզէ փաստել այս տղան չեմ հասկնար…»:
Պօղոս կիսկատար լսեց վաճառորդին այս խօսքերը. լակոտը գետին դրաւ յետոյ քակեց գօտին ու իջեցուց տափատը.
– Սիրելի պարոն, կը տեսնէ՞ք գործողութեանս կարերը, իմ ալ կոնքի ոսկորս վնասուած էր. այս պատճառով շատ լաւ կ’ըմբռնեմ անոր վիճակը եւ կ’ուզեմ միւսներուն հաւասար արժէքովը գնել զայն: