Երկրագործին Շողգամը
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾԻՆ ՇՈՂԳԱՄԸ
Երկրագործ մը, արտին մէկ անկիւնը շողգամի հունտ մը ցանեց: Հողը բարեբեր էր. հունտը շուտ մը ծլաւ եւ կարճ ատենէն խոշոր շողգամ մը դարձաւ:
Երկրագործը՝ -զոր գիւղացիները պապիկ կը կոչէին զինքը- ուզեց քաղել շողգամը. տերեւներէն ուժգին բռնեց ու քաշեց, սակայն արմատներէն չթուլցաւ: Զարմանք պատճառեց երկրագործին: Ինքզինք շատ ուժեղ կը նկատէր. ինչպէս կարող չէր շողգամ մը քաղել…: Ձայնեց իր տիկնոջ՝ -զոր մամիկ կը կոչէին գիւղացիները- օգնութեան հասաւ ան, պապիկին կռնակը անցաւ եւ ուժով մը մէջքը փաթթեց անոր . պապիկն ալ շողգամին տերեւները բռնեց եւ սկսաւ շողգամը քաշկռտել. ի զո՜ւր ուժեր վատնեցին:
Մամիկը օգնութիւն խնդրեց թոռնիկէն: Թոռնիկը վազեց եկաւ մամիկը մէջքէն փաթթեց, մամիկն ալ պապիկին մէջքէն, պապիկն ալ շողգամին տերեւները բռնեց քաշեցին ու քաշկռտեցին. բայց իրենց նպատակին չհասան: Թոռնիկը, մատները բերանը տարաւ ու օգնութեան սուլիչ մը արձակեց շնիկին, որ զարմանքով կը դիտէր զիրենք,ասդին-անդին կը ցատկռտէր հաջելով: Շնիկը մօտեցաւ անոնց , թոռնիկին փէշը ամուր մը բռնեց իր ակռաներով քաշել սկսաւ: Թոռնիկը, մամիկին մէջքէն՝ մամիկն ալ պապիկին մէջքէն՝ պապիկն ալ շողգամին տերեւներէն ուժով մը բռնեցին սակայն այս անգամ ալ չյաջողեցան շողգամը տեղէն քակելու:
Շնիկին հաջիւններէն արտը կը թնդար: Կատուն, որ ծառի մը շուքին տակ թմրած կը մրաբէր, տեղէն ցատկեց ու եկաւ, շնիկին պոչին ակռաները անցուց յետոյ յաջորդաբար, շողգամը քաշեցին բայց ջանքերը ցնդեցան օդին մէջ: Այդ միջոցին կատուն՝ նշմարեց մկնիկը. Ան՝ քիչ անդին հողը կը փորէր եւ երկրամայր կ’որսար:
Ձեզի անհաւատալի պիտի թուի, բայց այս պատմութեան հերոսը պտըլիկ մուկ մըն է: Կատուն մլաւելով մկնիկը օգնութեան կանչեց: Ան նետի մը պէս սուրաց կատուին քով, սղոցի նման ակռաներովը կատուին պոչը բռնեց եւ ուժգին քաշեց զայն. խումբը կրկին փորձեց շողգամը քաշկռտել:
Ի՞նչ տեսնեն…..շողգամը պապիկին գիրկը փառաւոր մը կը հանգչէր եւ իրենք ալ կռնակն ի վար ինկած էին:
Ահա՛ այսպէս սիրելիներ, երբեմն շատ փոքր ջանքերէ անսպասելի յաջողութիւններ ձեռք կը ձգուին: Պտըլիկ մկնիկին ուժը չըլլայ, որ անտես առնէք: