\

Ի՞ՆՉՊԷՍ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼ

 

00000001 00000002Ի՞ՆՉՊԷՍ  ԱՐԺԵՒՈՐԵԼ

      Հնդկաստանի  մէջ, վաճառական մը առանձինն կ’ապրէր, իր տան գործերուն չէր հասներ: Այս պատճառով, ան գտաւ առոյգ, խոհեմ ու վստահելի սպասաւոր մը:

Տան մէջ ո՛չ ջուրի սարքաւորում ունէր, ո՛չ ալ պարտէզին մէջ աղբիւր: Սպասաւորը փայտէ երկու դոյլեր շինեց եւ չուանով կապեց զանոնք ձողի մը երկու ծայրերէն: Ձողն ալ ուսերուն վրայ առնելով սկսաւ ջուր կրել հեռու առուակէն:

Ամէն առաւօտ, երբ վաճառականը տունէն կը մեկնէր՝ աշխատասէր սպասաւորը ամբողջ օր կը զբաղէր տան գործերով:

Այսպէս անցան տարիներ: Դոյլերէն մէկը օր մը խօսիլ սկսաւ.

_Սիրելի եղբա՛յր, փոքր ծակ մը գոյացաւ վրաս. մինչեւ տուն հասնիս, ջուրին կէսը կը պարպուի ճամբու ընթացքին: Այլեւս գործիդ չեմ ծառայեր եւ ես կը ցաւիմ քու ջանքերուդ համար:

_Մի՛ ցաւիր ինծի համար, որովհետեւ դուն տակաւին գործիս շատ կը ծառայես:

_Բայց ի՞նչպէս…: Ես կը նախանձիմ միւս հաստատուն դոյլին՝ որ շատ աւելի գործիդ կը ծառայէ:

_Դո՞ւն  չես տեսներ միթէ այն գոյնզգոյն ծաղիկները, որոնք բուսած են ճամբուն երկայնքին:

_Ի՞նչ  բանի կը ծառայեն եթէ տան գործերուդ օգուտ մը չունին:

_Այդպէս մի՛ մտածեր: Ես այդ ծաղիկները քաղելով կը զարդարեմ տիրոջս ճաշասեղանը: Կեանքի մէջ անօգուտ նկատուած առարկաները խոհեմութեամբ կրնանք արժեւորել:

Եւ այդ օրէն յետոյ ծակ դոյլը աւելի հպարտ կախուեցաւ չուանին  ծայրէն: