«Խոհեմ Մօքինթօ»ն
ԽՈՀԵՄ «ՄՕՔԻՆԹՕ»Ն
Վերամուտը կը մօտենար, մտահոգ էին հարաւային բեւեռին մօտ ապրող թանձրահաւերը որովհետեւ երկրագունդը հետզհետէ շատ կը տաքնար: Յաճախ կը հալէր սառոյցէ դպրոցին շէնքը:Մայր թանձրահաւը՝ Մօքինթօ որ տասնեակ ձագեր ունէր, երկար ատեն խորհեցաւ ու տանջուեցաւ: Ի վերջոյ որոշեց ժողով մը գումարել էգ թանձրահաւերու հետ: Այս հրաւէրը սիրով ընդունեցին էգերը եւ սկսան յայտնել իրենց գաղափարները: Երբ գաղափարի փոխանակումները վերջացան Մօքինթօ բարձրաձայն յայտնեց տրուած վերջին որոշումը, որ ծափերով ընդունուեցաւ:
-Այս օրուընէ սկսեալ, արու թանձրահաւերը եթէ կ’ուզեն ընտանիք մը կազմել, էգերուն պիտի նուիրեն խճաքարեր: Ամէնէն շատ խճաքար բերող արուն, պիտի միանայ իր սիրած էգին եւ պիտի կազմէ ընտանիք մը:
Երբ արուները այս որոշումը լսեցին շատ զարմացան, որովհետեւ բեւեռներու մէջ խճաքար գտնելը գրեթէ անկարելի էր:
-Որքա՜ն տարօրինակ որոշում է այս: Մենք ո՞ւրկէ պիտի գտնենք եւ դուք ի՞նչ պիտի ընէք խճաքարերը…:
-Մեր ձագերուն համար դպրոց մը պիտի շինենք, սիրելիներ, ըսաւ Մօքինթօ:
Արու թանձրահաւերը չորս կողմ ցրուեցան ու աչքերէ հեռացան: Կրեցին հազարումէկ դժուարութիւններ…:
Ամիս մը վերջ վերադարձան խճաքարերով եւ նուիրեցին էգերուն:
-Ձեր գործը դեռ չէ լրացած, պիտի ծեփէք զանոնք, ըսին էգերը:
Ձեռք ձեռքի տուին եւ ամուր հիմեր դրին, պատեր հիւսեցին եւ կազմեցին դասարաններ: Հիմա բոլորն ալ ուրախ էին, ունեցան շատ մը ձագեր, որոնք քանի մը տարի վերջ դպրոց պիտի երթային հանգիստ սրտով: