\

Խրտուիլակին Հովանոցը


Խրտուիլակին Հովանոցը Խրտուիլակին Հովանոցը -2-

 

 

Խրտուիլակին  Հովանոցը

                 Մշակ Մարտիկ կ’աճապարէր . . . : Երկարատեւ անձրեւներէն ուշացեր էր աշնան ցանքը: խոտեր, փուրեր ու արուոյտներ ծածկած էին արտը:

                 Օրեր ամբողջ աշխատեցան, բարեբեր դարձնելու համար արտին հողը: « Աշխատեցան», ըսինք, որովհետեւ մշակ Մարտիկին կինն ու զաւակներն ալ այս աշխատութեան մասնակցեցան:

                 Ծատուր եւ Նունէ, այլեւս փոքրիկ մշակներ էին: Երբ հողին գործը վերջացաւ՝ ցորենի հունտեր պարունակող պարկերը կապեցին իրենց փորին վրայ եւ երեք քայլը մէյ մը բուռ մը ցորենի հունտեր նետեցին արտին մէջ: Տեսակ-տեսակ թռչուններ կու գային, որպէսզի ուտեն հունտիկները. այս պատճառով մայրիկը, շուտ-շուտ, հողով կը ծածկէր անոնց վրան:

                Երբ ցորենի ցանքը վերջացաւ, Ծատուր եւ Նունէ որոշեցին խրտուիլակ մը շինել ու կանգնել արտին ճիշդ մէջտեղը: Յայտնի էր, որ թռչունները հունտերը ուտելու համար կտուցի զօրաւոր հարուածներ պիտի տային ու վնաս պիտի հասցնէին հողին . . . : Տղաք՝ իրենց ծնողքին օգնութեամբ, սիրուն խրտուիլակ մը շինեցին ու հագցուցին իրենց զգեստները:

                 Քանի մը օր ետք կրկին սկսան անձրեւները: Խրտուիլակը կը թրջէր. Ծատուր եւ Նունէ շատ կը ցաւէին անոր մասին: Խոշոր հովանոց մը ճարեցին ու տարին խրտուիլակին ձեռքերուն ամուր մը կապեցին:

-Կ’ուզե՞ս, անուն մըն ալ տանք, մեր խրտուիլակին, ըսաւ, Ծատուր:

-Որքա՜ն լաւ կ’ըլլայ, այս մեր շինած առաջին խրտուիլակն է, ըսաւ, Նունէ:

Շատ ու շատ անուններ յիշեցին եւ որոշեցին «Ռուբիկ» անունը տալ: Ռուբիկ ժպտադէմ, կարծես՝ շնորհակ կ’ըլլար անոնց:

Ծատուր եւ Նունէ, այդ գիշեր հանգիստ սրտով քնացան իրենց տաքուկ անկողիններուն մէջ:

Նունէ արշալոյսին արթնցաւ եւ Ծատուրն ալ արթնցնելով ըսաւ.

-Որքա՜ն երջանիկ կ’ըլլայի, եթէ հրաշք մը պատահէր եւ Ռուբիկը մեզի հետ խօսէր:

-Այս գիշեր, երազիս մէջ, ինծի հետ խօսեցաւ, ըսաւ, Ծատուր:

-Ի՞նչ ըսաւ, ի՞նչ ըսաւ, հարցուց, Նունէ խանդավառ:

«Որքա՜ն լաւ գործ մը ըրիք, այս հովանոցը՝ ձեռքերուս կապելով: Շատ երջանիկ եմ . . . :Ձեր կատուն «Լուլու»ն, այս գիշեր իր նորածին ձագերը կրեց ուսիս վրայ եւ թուխսի նստաւ: Իսկ՝ ձեր տան պաշտպանը «Կրակոտ»ն ալ թէ՛ կը հսկէ Լուլուին ձագերը, թէ՛ ալ արտին անյագ թռչունները: Հովանոցինս տակ հիանալի ընտանիք մը կազմեցինք: Կը տեսնե՞ս սա դրացի արտերուն խրտուիլակները, անոնք, որքա՜ն խեղճ եւ առանձինն են»:

Նունէ իր մտքին մէջ կը պատկերացնէր եղբօրը տեսած երազը:

-Երանի՜ թէ՛ իրականանար այս բոլորը, ըսաւ ու Ծատուրին այտերէն համբուրեց . . . :

———–

Աքաղաղները՝ ամէն արշալոյս, գարունը կանչեցին: Վերջապէս օրը հասաւ եւ արտը ներկուեցաւ ոսկիի գոյնով: Ցորենի հասկերը ծանրացան ու իրենց գլուխը դարձուցին դէպի խրտուիլակին. Կարծես՝  կը բարեւէին «Ռուբիկ»ը:

———–

Ցանք: արտը ցանելու ժամանակը

Բուռ: ափ (ափի մէջ պարունակող,քանակութիւն)

Բարեբեր: պտղաբեր, բերրի (verimli)(productive)

Արուոյտ: երեք թերթերու բաժնուած, բոյս մը (yonca)(clover)

Խրտուիլակ: մարդակերպ կազմած, թռչունները վախցնելու համար (korkuluk)(scarecrow)

Անյագ: այն, որ կշտանալ չի գիտեր (doyumsuz)

Խանդավառ: խանդով լեցուն (heyecanlı) (excited)