Ծաղիկներու Աշխարհէն
ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԷՆ
Ընկերոջս քեռայրըտ ծաղկեմշակութեամբ կը զբաղի: Ամէն անգամ, որ ընկերուհիիս հետ տեսակցինք,զիս կը ստիպէ որպէսզի քեռայրին պարտէզը երթանք: Ան շատ լաւ գիտէ իմ սէրս ու հետաքրքրութիւնս ծաղիկներուն նկատմամբ: Անցեալ օր աշխատութիւններս մէկդի թողուցի ու հեռախօսով զինքը փնտռեցի. Ըսելու համար թէ՝ քեռայրին պարտէզը այցելել կը փափաքէի: Բարեբախտաբար ինք ալ յարմարութիւն ունէր…: Հապճեպով պատրաստուեցանք ու զիրար գտանք նաւամատոյցին մօտ: Երկուքս ալ անհամբեր էինք. ծովային հանրաշարժով ճամբորդեցինք եւ կանուխէն հասանք քեռայրին պարտէզը: Ընկերուհիս ինծի ծանօթացուց՝ քեռայրը որուն անունը «Լամպօ» էր: Պարոն Լամպոն սիրով բոլոր ծաղիկներուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ: Զմայլեցայ իր տքնաջան աշխատութեան վրայ. վստահ եղէ’ք, որ դիւրին գործ մը չէր իր ըրածը…: Աւելի վերջ մեզ առաջնորդեց իր գրասենեակը. Հոն դեռ կը խօսակցէինք՝ ծաղիկներուն մասին, պատէն կախուած ցանկ մը նշմարեցի եւ հետաքրքրութիւնս յայտնեցի իրեն: «Այդ ցանկը ծաղիկներուն խորհրդանշաններն են» ըսաւ: Վայրկեանական ծոցատետրս հանեցի ու գրի առի կարգ մը ծաղիկներուն խորհրդանշանները. Անոնք օր մը անպայման ինծի պէտք պիտի ըլլային…: Շնորհակալ եղայ Պրն. Լամպոյին:
Կ’ուզեմ ձեզի ալ հաղորդել անոնք. Դուք ալ ծաղիկներու տեսակներէն օգտուելով ձեր զգացումները կրնաք յայտնել ուրիշներուն: