\

Կաղանդ Պապիկին Հաճելի Անակնկալ Մը

00000020b Scan_Pic0006 (1080 x 1499) 00000022c 00000023 00000024 00000025

Կաղանդ Պապիկին Հաճելի Անակնկալ Մը

     Մուկ մամիկը՝ դրացիները իր մօտ կանչեց ու ըսաւ.

Մայր Մուկ Սիրելինե՛ր, Ամանորին՝ Կաղանդ Պապիկին հաճելի անակնկալ մը պատրաստել կ’ուզեմ. դուք ալ մասնակցիլ  կ’ուզէ՞ք արդեօք:

Ոեւէ կենդանի մը Շատ ուրախ կ’ըլլանք, բայց ի՞նչպէս կրնանք օգնել քեզի:

Մայր Մուկ Աղաւնի թռչունը ամբողջ ամառ պարկ մը ցորեն հաւաքեց եւ ինծի բերաւ:

Ես ցորենը տաք ջուրին մէջ լեցուցի որպէս զի լաւ մը ուռի: Կարծեմ հիմայ հասկցաք, թէ ես կ’ուզեմ անուշապուր եփել:

ԿապիկԱնուշապուրի համար ուրիշ ի՞նչերու կարիք:

Մայր Մուկ Շաքար, չամիչ, նուշ, պիստակ, ընկոյզ, նուռ եւ վարդի ջուր…:

Կատու Շաքարը ես կը բերեմ: Պարկ մը շաքար ունիմ եւ ես շատ չեմ ուտեր, որովհետեւ աչքերուս կը վնասէ:

ՍկիւռԵս ալ հողին տակ ընկոյզ, կաղին եւ նուշ պահած եմ. անոնցմէ քիչ քիչ կը բերեմ:

ԿապիկՊիստակ եւ շագանակ ունիմ. երթամ բերեմ:

Մայր ՄուկՀապա չամիչը  ո՞վ պիտի ճարէ:

Ագռաւ«Չամիչ»ը  ի՞նչ է:

Մայր ՄուկԽաղողին  արեւուն   տակ չորցած    վիճակին «չամիչ»     կ’ըսեն:

ԱգռաւԵս անկէ շատ ունիմ, կտուցովս փետեցի եւ բոյնիս մէջ հաւաքեցի:

 

Ագռաւը թռաւ գնաց դէպի իր բոյնը:

Սոխակը սկսաւ  գեղգեղել:

Վարդի ջուրն ալ ես պիտի բերեմ: Սիրահար էի վարդի մը եւ երբ թօշնեցաւ, ջուրին մէջ պահեցի. հիմա շատ անուշ կը հոտի այդ ջուրը…:

Մայր ՄուկՈւրեմն  աճապարեցէ՛ք,հարսը   պատրաստ է:

-Այդ ո՞վ է.

-Հա՞րսը,  ո՞ւրկէ եկաւ:

-Ո՞ւր է հիմա:

Մայր ՄուկՈ՛չ սիրելիներ, այս ձեր գիտցած հարսը չէ: Քանի մը օր տաք ջուրին մէջ մնալով ուռած ցորեններուն «Հարս» կ’ըսեն:

«Հա՜րս,հա՜րս,հա՜րս»  կրկնեցին բոլորը ու մեկնեցան:

Յաջորդ իրիկուն «Ամանոր» էր  եւ անուշապուրը՝ պատրաստ: Ամէնքն ալ շատ յոգնած էին. կը մրափէին ճաշասեղանին շուրջ նստած:

Յանկարծ դուռը ուժգին զարնուեցաւ. Կաղանդ Պապիկն էր…

Բարե՛ւ ընկերներ, ի՞նչպէս էք, ի՞նչեր կընէք:

Բարեւ  Կաղանդ Պապիկ:  Լաւ ենք:

Բարի Եկար:

Մայր ՄուկՆստէ՛, նստէ՛ Կաղանդ Պապիկ. մենք քեզի համար պատրաստեցինք հաճելի անակնկալ մը:

Անուշապուր հրամցուց անոր:

Կաղանդ Պապիկը շատ ուրախացաւ. երկար ատենէ ի վեր կերած չէր այսքան համով անուշապուր մը:

Կաղանդ ՊապիկԱնուշապուր պատրաստելը շատ դժուար է. ի՞նչպէս յաջողեցաք:

Ամէնքը Միասին Ձեռք ձեռքի տուինք ու ճարեցինք մեր կարքները:

Կաղանդ ՊապուկԱպրի՛ք, ապրի՛ք. «իրարու օգնելով աշխատիլը կեանք է»:

Յետոյ բացաւ իր տոպրակը եւ անոնց նուէրներ բաժնեց:

Սոխակին հայելի, մուկին հաւկիթ, կապիկին պանան, աղաւնիին ցորեն, կատուին բուրդէ կծիկ, ագռաւին պանիր եւ սկիւռին հնդկընկոյզ նուիրեց: Ամէնքն ալ շնորհակալ եղան եւ տօնեցին Ամանոր մը ուրախ զուարթ: