\

Հայ Մշակոյթի Օր

Hay ms¦ğaguyti or 1 Hay ms¦ğaguyti or 2

Ս.Սահակ  Պարթեւ

          Ճարտարապետութիւն, քանդակագործութիւն,մանրանկարչութիւն, երաժշտութիւն, գիտութիւն, մատենագրութիւն  եւլն. ահա ազգի մը մշակոյթին արժէքները, որոնք պէտք է գոյատեւեն դարեր ու  դարեր…։

Անոնք, որոնք տէր կը կանգնին այս արժէքներուն՝ իրենց մշակոյթը վառ կը պահեն ու  կը  պարգեւատրուին՝  «Սուրբ ՍահակՍուրբ Մեսրոպ» ի  նուիրուած «ՊԱՏՈՒՈՅ  ԲԱՐՁՐ  ՇՔԱՆՇԱՆ» ով։

Հայերը իրենց մշակոյթը կանգուն պահեցին՝ «Տառերու Գիւտ» ով…։ Շնորհիւ երկու Հանճարներուն եւ իրենց աշակերտներուն։

  Այս երկու Հանճարներէն մին, Սուրբ Սահակ Պարթեւն էր ( 354 – 439 ), աշխարհի մէջ ամէնէն փայլուն եւ պայծառ հոգիներէն մէկը։ Տաք սրտով, անկեղծ զգացումներով, խորին տեսութեամբ եւ հարուստ հանճարով Հայրապետ  մը։

Թարգմանիչներու պարագլուխն էր Ան. հմուտ՝ Յունարեն, Ասորերէն, Պարսկերէն, Արամերէն եւ Հայերէն լեզուներու։ Ս.Սահակ՝ միեւնույն ատեն կատարելապէս հմտացած էր երաժշտական արուեստին։

Սահակ՝ շատ կանուխ ամուսնացաւ, որպէսզի Լուսաւորիչի Աթոռին ժառանք մը աւելցնէ։ Բայց Աստուած հրաշալի տեսիլքով մը յայտնեց  ու սահմանեց իրմով դադրեցնել այդ ժառանքը…։ Իր միակ աղջիկ զաւակը՝ Սահականոյշ երբ մեծցաւ, ամուսնացաւ Համազասպ Մամիկոնեանի հետ եւ ունեցաւ երեք մանչ զաւակներ։ Անոնցմէ մէկն է Քաջն Վարդան Մամիկոնեան, որ ապագային մեր մեծ Նահատակը եւ Հերոսը դարձաւ (Վարդանանց Պատերազմ  451)։

384 ին Ս. Սահակ ըտրուեցաւ  Հայոց Կթողիկոս։

Երկու անբաժան մեծ հոգիները, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ, մեր պատմութեան կարեւորագոյն դէպքերէն՝  — Հայ Գիրերու Գիւտը — կատարեցին։

Ս.Սահակ Կաթողիկոսը բախտաւոր եղաւ որ իր օրով արքայական գահին վրայ կը գտնուէր առաքինի եւ խաղաղասէր, կրթասէր եւ իմաստուն ՎռամՇապուհ թագաւորը, որ մեծապէս զօրավիգ  եղաւ իրեն եւ Ս. Մեսրոպին ձեռնարկներուն աւելի քան քառորդ դար մը։

mesrob2Մեսրոպ իր շրջագայութեան մէջ ինչ որ  կրցաւ ձեռք ձգել… ամէքն ալ բերաւ եւ Սահակին ցոյց տուաւ։ Ս. Սահակի տուած կատարելութիւնով է որ Հայերէն Այբուբենը իր վերջնական թիւն ու կարգը, ձեւն ու ձայնական արժէքը ստացաւ։Գրութեան ուղութիւնն ալ սահմանուեցաւ՝ ձախէն դէպի աջ։

Ս. Մեսրոպ եւ իր աշակերտներուն առաջին գործը եղաւ Աստուածաշունչը  յունարենէ թարգմանել հայերէնի. բայց արդիւնքը գոհացուցիչ չէր եղած։

Մեսրոպ եւ իր աշակերտները,ներկայացան Ս. Սահակին եւ իրմէ խնդրեցին Ս. Գիրքին Հայերէնի  թարգմանութիւնը։

Ս.Սահակ իր անբաժան ու նուիրեալ ընկերը չմերժեց եւ ինքզինքը հոգեւոր աշխատանքի ենթարկելով 15 տարի աշխատեցաւ  գիշեր — ցերեկ… եւ մենք բախտաւորուեցանք  տիրանալու «Թագուհի Թարգմանութեանց»։

Ս. Սահակի շնորհիւ  է որ Հայերը կրցան հայ լեզուով աղօթել իրենց եկեղեցիներուն մէջ։

Դարձեալ այդ գիւտին շնորհիւ է որ անկէ մինչեւ մեր օրերը գիր ու գրականութիւն ունեցանք. թարգմանութիւններ կատարուեցան քաղաքակիրթ ազգերու  լաւագոյն գիրքերն ու գրուածքները։ Մեր անցեալն ու ապագան սորվեցանք.այսպէս մեր ժողովուրդը լուսաւորուեցաւ։

Եթէ աւելի երկար ատեն սեփական տառերէ եւ գրականութենէ զուրկ մնայինք, պիտի ձուլուէինք ուրիշ ազգերու  մէջ։

Կարճ խօսքով՝ այսօր Հայ Ազգը գոյութիւն պիտի չունենար։ Եւ կամ վայրենիներու  պէս անկիրթ  եւ անուսում մնալով, տեղ պիտի չունենայինք քաղաքակիրթ ազգերու շարքին մէջ։

Կը յուսանք ու կը մաղթենք, որ մեր ժողուուրդին մեծ մասը կ’անդրադառնայ ու յարգ կու տայ «Թարգմանիչներ»ու  այս անմրցելի  առաւելութիւններուն…։

Ս. Մեսրոպ երբ կը շրջէր գիւղեր ու գաւառներ, որպէսզի ամբողջացնէ  նորագիւտ հայ տառերը, թերեւս ալ իր ձիուն հեծնած քառասմբակ վերադարձին, ժողովուրդը զինքը կը դիմաւորէր փողեր փչելով, թմբուկ զարնելով կամ ցնծութեան երգերով…։

Իր կեանքին վերջին տարիներուն Ս. Սահակ  ալ շրջեցաւ քաղաքներ, գիւղեր ու գաւառներ, ուսուցանելու համար հայերէնը եւ Աստուծոյ Պատգամները։

438 ին Ս.Սահակ վախճանեցաւ Բլուր Գիւղին մէջ։ Թաղուեցաւ Աշտիշատ Գիւղը, որ իր ամէնասիրելի վայրն  էր։

Մեր յարգանքն ու սէրը յայտնելով անգամ մը եւս կը յիշենք Ս. Սահակ Պարթեւն ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը եւ իրենց աշակերտները։ Անոնց շնորհիւ Հայ լեզուն ու Հայ Մշակոյթը վառ կը մնայ իր անցեալով ու ապագայով։

Որքա՜ն ալ գովասանքներ հիւսենք՝  անոնց արժանիքներէն վար կը մնայ։