\

Հերիքնազ Մամիկը Եւ Իր Ձին

00000012 00000014 00000013

at-3.gif 

 

Հերիքնազ Մամիկը Եւ Իր Ձին

          Հերիքնազ մամիկը այդ ձմեռ իր կեանքի ընկերը կորսնցուց ու առանձին մնաց: Ալ ասկէ վերջ իր միակ ընկերը «Պիոն» անունով ձին էր: Թէեւ մամիկը երկու մանչ զաւակներ ունէր՝ բայց անոնք տարիներ առաջ հեռաւոր քաղաք մը քաղթած էին իր շատ սիրելի թոռնիկներուն հետ: Հիմայ շատոնց մոռցած էին զինքը:

«Պիոն» մամիկին թէ՛ ընկերն էր, թէ՝ զաւակը եւ թէ թոռնիկը…:

Գարնան օրերուն մամիկը արշալոյսին կ’արթննար տոպրակ մը կեր կը պատրաստէր «Պիոն»ին համար, ծրարիկ մըն ալ հաց ու պանիր՝ իրեն համար: Ախոռէ կը հանէր ձին, քամակը կը հեծնէր ու կը ձայնէր ձիաւորի մը շեշտով. «Օն դէպի յառաջ, դէպի յառաջ»:

Հեռո՜ւ դաշտեր ու պուրակներ կը ճամբորդէին: Ծառի մը շուքին՝ կը հանգչէին, անօթի փորերնին կը կշտացնէին ու ծառաւնին կը յագեցնէին զուլալ առուակներէն: Մամիկը վարելանիւթ կը հաւաքէր ձմրան խիստ ցուրտ օրերուն համար: Մութը չկոխած գիւղ կը վերադառնային յոգնած դադրած:

Օր ըստ օրէ մամիկին տեսողութիւնը կը տկարանար, ականջներն ալ լաւ չէին լսեր: Բայց որո՞ւ հոգ. կեանքը կը շարունակուէր, այնպէս կամ այսպէս…:

Գիւղացիք զինքը շատ կը սիրէին: Փոքրիկները ձմրան երկար գիշերներ Հերիքնազ մամիկին խրճիթը կը հաւաքուէին, ծալլապատիկ կը խմբուէին կռակարանին շուրջ: Ի՜նչ անոյշ համ մը ունէր մամիկին խորոված շագանակները. այս համը իրենց մայրիկին խորոված շագանակներէն կը տարբերէր:

Տարիները կ’անցնէին. ծերութեան օրերը կը մօտենային: Պիոնն ալ ծերութեան իր բաժինը կը ստանար. Բեռը քամակին՝ աւելի դանդաղ կը քալէր: Է՜հ, իր տիրուհին ալ այլեւս դանդաղ կը քալէր… ուրեմն, անձայն անշշուկ միասին կը ծերանային եւ իր դերութիւնը շատ զգալի չէր:

Աշնան՝ անձրեւները սկսան. Երկինքը կապարագոյն ամպերով ծածկուեցաւ: Երբ երկինքը փուլ կու գար Պիոն կը յամառէր քալելու. Այն ատեն մամիկը անոր քամակէն կ’իջնէր, երեսն ու բաշը կը շոյէր ու սիրալիր կը համբուրէր. ի վերջոյ զինքը կը համոզէր որպէսզի ճամբայ լծուէին:

Աշնան օրերուն՝ ամէն ինչ կը դժուարանար. Հերիքնազ մամիկը աշխատիլ կը ջանար, սակայն կորաքամակ մարմինը, տկար տեսողութիւնն ու խլացած ականչները անոր աշխատելու եռանդը կ’արգիլէր:

Առաւօտ մը արթնցաւ ու պատրաստեց Պիոնին պարկը եւ իր ծրարը. ախոռ մտաւ, ձին դուրս հանեց՝ քամակին հեծնել ուզեց ու ցատկեց բայց գետին ինկաւ, ոտքի ելաւ դարձեալ փորձեց, չյաջողեցաւ: Երկինքը կը գոռար, ձին վրնջելով ախոռ մտաւ: Մամիկն ալ հրաժարեցաւ յամառութենէն եւ դէպի խրճիթը ուղղուեցաւ: Այլեւս «ծեր գեղջկուհի» մըն էր. Ծունկերը կը դողային. չկրցաւ արագ քալել կամ վազել…: Կայծակներ կը տեղային. Խեղճ մամիկը քիչ վերջ շանթահար գետին ինկաւ: Պիոն ախոռէն դուրս ելաւ եւ իր տիրուհիին ածխացած մարմինը տեսաւ: Անդադար վրնջեց: Գիւղացիները հասան իր մօտ եւ տեսան մամիկին ածխացած մարմինը:

Այս տխուր դէպքը՝ գիւղացիները յուզումի մատնեց: Ձին կերակրել ու խնամել ուզեցին, բայց ան իր տիրուհիին մահուընէ ասդին ո՛չ կեր ուզեց, ո՛չ ալ ջուր: Օր մըն ալ դիակը գտան ախոռին մէջ:

Հերիքնազ մամիկին ու Պիոնին կեանքը պատմութիւն մը դարձաւ գիւղին մէջ, բերնէ բերան հասաւ մինչեւ հեռաւոր քաղաքներ: