\

Մօրս Աչքերով

00000017 00000018

 

ՄՕՐՍ ԱՉՔԵՐՈՎ

«Աչքերդ նուշ.«Այտերդ նուռ.

«Յօնքերդ կեռ.

«Խօսքերդ մեղր.

«Շրթներդ կեռաս.

«Մազերդ մետաքս:»

Մայրը գուրգուրանքով կը գրկէր իր Սալբին ու այս խօսքերով կը գգուէր զայն: Տարիները սահեցան. Սալբի  դպրոցական եղաւ:

Դպրոցի ընկերները միշտ հեռու կեցան իրմէ:

Օր մը զբօսանքի պահուն Հայկ մօտեցաւ Սալբիին ու հարցուց.

-Դուն մինչեւ այսօր հայելիի չե՞ս նայած:

– Ո՛չ, ի՞նչ կը ջանաս ըսել:

-Ընկերներս տգեղ կը գտնեն քեզ: Սիրան կ’ըսէ, թէ աչքերդ շիլ են, շրթներդ հաստ, այտերդ անգոյն…:

-Բայց ի՞նչպէս կ’ըլլայ, մայրս միշտ անո՜ւշ խօսքերով կը սիրէ զիս…

Դպրոցէ դարձին Սալբի կը մտնէ իր սենեակը. հայելիին դէմ կ’անցնի, կու լա՜յ եւ կու լա՜յ: Անգամ մըն ալ դպրոց չ’երթար: Օրեր ու ամիսեր կ’անցնին:

Կը պատմուի, թէ Սալբի այնքան կու լայ, որ կոյր կը դառնայ: Մայրը իր աչքերը կու տայ աղջկան:

Երբ աչքին կապերը կը քակեն, բժիշկը հայելի մը կու տայ Սալբիին ու կ’ըսէ:

-Կ’ուզեմ, որ նախ դուն տեսնես դէմքդ քու նոր աչքերովդ:

Սալբի երկա՜ր երկա՜ր կը դիտէ իր դէմքը. կը ժպտի յետոյ  կ’ըսէ.

«Աչքերս նուշ

«Այտերս նուռ

«Յօնքերս կեռ

«Շրթներս կեռաս

«Մազերս մետաքս:»

-Ահա՛ սիրելիս, հիմա դուն քեզ կը տեսնես «Մօրդ աչքերով», կ’ըսէ բժիշկը: