Յակոբ Պարոնեան
ԺԹ. դարու Հայ երգիծական գրականութեան արքան է:
Հրատարակած է երգիծական թերթեր. եղած է խմբագիր «Եփրատ», «Մեղու», «Թատրոն» եւ «Խիկար» անուն ժամանակակից թերթերուն:
Իրապաշտ է. շատ պարզ լեզուով մը հիւսած է իր գործերը:
Զօրաւոր երգիծականը քառասունի մօտ կենդանագրեր ամփոփած է «Ազգային Ջոջեր» անուն հանճարեղ հատորին մէջ:
Ինքնօգնութեամբ սորված է Ֆրանսերէն, Իտալերէն եւ Յունարէն: Ունի բազմաթիւ քրոնիկներ, վէպեր, պատմուածքներ, թատերախաղեր եւլն. որոնք թարգմանուեցան այլ լեզուներու: Ան արժանի եղած է կոչուելու «Համաշխարհային երգիծական գրականութեան գլխաւոր ներկայացուցիչը»:
Պարոնեանի համար երգիծանքը՝ հիմնական ապրում, հոգեկան աղբիւր, սրատեսութիւն եւ մարդիկ ու դէմքեր ճանչնալու հոգեկան պատրաստութիւն է: