\

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ

William Saroyan

cake.gif 

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ
( 1908 – 1981 )

kirk1.jpgԱմերիկահայ, աշխարհահռչակ գրագէտ եւ թատերագիր Ուիլիըմ Սարոյեան (Արամ Գարաօղլանեան), ծնած է Գալիֆորնիոյ , Ֆրէզնօ քաղաքը:
Փոքր տարիքին կորսնցուց  իր սիրելի հայրը:kirk2.jpg
Մայրը, իր դժուարին օրերուն  ստիպուեցաւ, չորս զաւակները որբանոց յանձնել:
Տղաք, որբանոցին մէջ մնացին հինգ տարի:
Երբ կրկին ընտանիքը մեկտեղուեցաւ  Ուիլիըմ  հօրը կարօտով կ’այրէր:
Ան շատ մեծ կարօտ ունէր իր հօրէնական ծննդավայրը տեսնելու…: (Եւ զայն իրականացուց 1964 ին, դէպի Պիթլիս):
kirk3.jpgՈւիլիըմ երբ ուսումը լքեց, տասնըչորս տարեկան էր: Ստիպուած էր տան ծախսերը դիմագրաւել:
Զբաղուեցաւ զանազան գործերով: Ան, յաճախ կ’երթար մօտակայ գրադարաններ ու կը կարդար ամէն ինչ, որ կը սիրէր:
Իր միակ փափաքն էր պատմաբան ըլլալ…:
Մանաւանդ երբ կարդաց  Կի Տը Մօբասանի « Զանգակ » անուն հէքեաթը, որոշեց գրել ու տեւաբար գրել, ինքնուրոյն ոճով. զոր կոչուեցաւ՝ «Սարոյանի Ոճ »:kirk4.jpg
Բազմիցս իր գրական փորձերը ղրկեց զանազան հրատարակիչներու. բայց անոնք միշտ անտարբեր մնացին:
kirk5.jpg1928’ին իր գործերէն մէկը հազիւ ընդունուեցաւ ու հրատարակուեցաւ:
1933 ին երբ 25 տարեկան էր, կարգ մը պատմուածքներ ղրկեց Պոսթոնի  Հայրենիք Թերթին, ու հրատարակուեցաւ «Սիրաք Կորեան» ծածկանունով:
1935 ին այս պատմուածքները հաւաքեց  հատորի մը մէջ, որ կը կոչուէր «Խիզախ Երիտասարդը Թռչող Թրափէզին Վրայ»:
«Այս գործս շատ սիրուեցաւ , ճանչցուած գրագէտ մը եղայ եւ լաւ շահ բերաւ. ամբողջ պարտքերս վճարեցի եւ Հայաստան այցելեցի»
կ’ըսէր ան, ամէն առիթով:kirk6.jpg
Այլեւս խանդավառ գրող մըն էր եւ կը գրէր առանց յոգնելու…:
kirk7.jpg1939 ին գրեց, «Ապրելու Ժամանակ» թատրերգութիւնը, որ Նիւ Եորքի մէջ նոյնպէս շատ սիրուեցաւ:
«Այս գործիս համար ինծի ուզեցին տալ՝ Փուլիցըր ի Մրցանակը եւ հազար տոլար. բայց ես մերժեցի, չուզեցի ընդունիլ. որովհետեւ ես դէմ եմ գրական մրցանակներուն եւ նիւթական օգնութիններուն» կ’ըսէ մեծ մարդը:
Կը սիրէր բնութիւնը, կենդանիները, մարդիկը, մանաւանդ տղոց աշխարհը:
Նախընտրեց  պարզ ապրիլ, անկեղծ, համեստ ու մտերիմ:
Գրեց՝ 1500 է աւելի պատմուածքներ, բազմաթիւ վէպեր, վիպակներ եւ թատրերգութիւններ:
Իր շատ կարեւոր գործերէն մին է. «Մարդկային Կատակերգութիւն» վիպակը, զոր թարգմանուեցաւ բազմաթիւ լեզուներու:kirk8.jpg
kirk9.jpgՍարոյեան դարձաւ Ամերիկայի ամէնէն շատ արտադրող գրագէտը:
« Ուզեցի քանդակագործ կամ նկարիչ ըլլալ, բայց ատոր համար պէտք ունէի գործիքներու, որոնք շատ սուղ էին. հետեւաբար հրաժարեցայ. գրելը ,աժան էր, մատիտ մը եւ թուղթ մը բաւարար էին  ինծի». խօսքերովը կը ցոլացընէր իր պատանեկութեան դժուարին օրերը:

Մեծանուն Գրագէտ Սարոյեան՝  գրիչով  կերտեց  իր ապագայ կեանքը եւ իր տեղը գրաւեց,  անմահ գրողներու ցանկին մէջ:

kirk10.jpg«Իւնէսքօ»ն 2008ը յայտարարեցտ « Սարոյանի Տարի » :kirk11.jpg

ՅԱՐԳԱ՜ՆՔ ՈՒ ՍԷ՜Ր  ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ  ԳՐԱԳԷՏԻՆ:

william-saroian.jpg