\

Ուղղամիտ Տղան

00000015 00000016

ՈՒՂՂԱՄԻՏ ՏՂԱՆ

          Ժամանակին՝ երկրի մը թագաւորը, գիւղացիները իր մօտ կանչեց ու ըսաւ.

-Լսեցի, որ գանգատներ ունիք, նոր արտեր ունենալու մասին: Հիմա ձեզի պիտի բաժնեմ հունտեր: Այս հունտերը թաղեցէ՛ք թաղարի մը մէջ եւ յետագային ցոյց տուէ՛ք ինծի ձեր հասցուցած ծաղիկները:

Ով որ ամէնէն առողջ ու գեղեցիկ ծաղիկը հասցնէ՝ պիտի տիրանայ արտերու ամէնէն մեծ բաժինին:

Գիւղացիները հունտերը առին ու գործի լծուեցան:

Տարի մը վերջ անոնք գրկեցին իրենց թաղարները ու հաւաքուեցան պալատին պարտէզին մէջ:

Զմայլելի ծաղիկներ էին բոլորը՝ գոյնզգոյն, առողջ ու գեղեցիկ:

Թագաւորը երբ կը պտտէր անոնց մէջ՝ յանկարծ նշմարեց  երիտասարդ մը, որ պարապ թաղար մը գրկած կը կենար անձայն ու շուար: Թագաւորը մօտեցաւ տղուն ու ըսաւ.

– Երիտասա՛րդ, ըսէ՛ տեսնենք. քանի որ թաղարդ պարապ է ի՞նչու եկար. ի՞նչ կը ջանաս ըսել:

-Տէր իմ ձեր տուած հունտը թաղեցի բարեբեր հողին մէջ,    ջրեցի,    սիրեցի,    միասին   գիշերեցինք,   արեւու ճառագայթներէն օգտուեցաւ, բայց հակառակ այսքան խնամքիս ան ծիլ չտուաւ: Կ’ուզեմ վերադարձնել այս հունտը, թերեւս ձեր պարտիզպանը կը յաջողի ու օր մը կը զարդարէ ձեր պալատին պարտէզը:Թագաւորը տղուն հետ բարձրացաւ պարտէզին սանդուխներէն ու  ձայնեց գիւղացիներուն.

-Օ՜ն լռեցէ՛ք եւ նայեցէ՛ք սա ուղղամիտ տղուն: Անոր թաղարին մէջ ծաղիկ չկայ: Պատճառն այն է, որ ես ձեզի հունտի նման քարեր բաժնած էի… որոնք երբեք ծաղիկ պիտի չկարենային բանալ: Ես հիմա այս երիտասարդին է որ պիտի յանձնեմ ամենամեծ արտը: Պիտի աշխատի հոն իր բազմանդամ ըն-տանիքին հետ: Որովհետեւ անոնք ալ արժանի են վարձատրուելու. քանի  որ  հասցուցած  են  ուղիղ  նըկարագրով զաւակ մը: