«Չարլի Չափլին» «Շարլօ»
«Չարլի Չափլին» «Շարլօ»
Նշանաւոր դերասան Չարլի Չափլին 1915 ին նկարագիր մը հնարեց: Շարժանկարի արտադրիչ Jacques Haik այս նկարագիրը կոչեց «Շարլօ»:
Չարլին «Շարլօ» դերին մէջ, քիչ կը խօսէր, շատ կը շարժէր: Ան՝ մարդկային զօրաւոր զգացումները կը պարզէր դիմախաղերով. այսպէս խամաճիկէ մը չէր տարբերեր:
«Շարլօ»ին մասնայատկութիւններն էին.
ØՄէլօն գլխարկ ØՊամպու գաւազան ØՆեղ բաճկոն ØՀնամաշ կօշիկներ ØՆեղ ու կարճ պեխեր ØԴիմախաղեր:
Չարլին «Շարլօ»ին հետ նոյնացաւ, աճեցաւ ու հսկայ մը դարձաւ:
Մանաւանդ դիմախաղերով ցոլացուց. ØԲարենապատակ ØՄարդասէր ØԽորամանկ ØԴիւրազգաց ØՃակատագրի յանձնուած, այդ «Ազնիւ Անգլիազի»ին յատկանիշերը:
————–
Չարլի Չափլին 16 Ապրիլ 1889ին ծնաւ Զուիցերիոյ մէջ: Համեստ ընտանիքի մը կրտսեր զաւակն էր. բայց փոքր տարիքէն գրկեց ճակատագրին բաժինը: Ընտանիքին հիմը փլաւ ու ինք մնաց մօրը քով: Քիչ ատեն յետոյ հայրը՝ Չարլս Չափլին ալքօլամօլ մը դարձաւ ու տարապանքներու մէջ մահացաւ: Մայրը՝ Հաննահ Չափլին դիրասանուհի մըն էր. թէ՛ալ երգչուհի: Փոքրիկ Չարլիին օրերը կ’անցնէի դատրոնը, մօրը սենեակին մէջ: Ան յաճախ կը շպարուէր դերասանի մը պէս: Գեղեցիկ աղջիկներ կը մտնէին սենեակը եւ զինքը կը փայփայէին. հոն շատ հաճելի պահեր կ’ունենար:
Օր ըստ օրէ մայրը իր առողջութիւնը կը կորսնցնէր: Հինգ տարեկան էր երբ մայրը բեմին վրայ բացակայեցաւ: Չարլին փափաքեցաւ մօրը տեղ բեմ ելլել. դատրոնին տէրը համոզեցին: Յաջող ելոյթ մը ունեցաւ. Հանդիսականները որոտնդոստ ծափահարեցին զինքը: Այդ օրէն սկսեալ բեմերուն սիրահատը դարձաւ:
Ինը տարեկանին «The Eight Lancaster» անուն խաղին մէջ երգեց բացառիկ յաջողութեամբ:
Տասնըմէկ տարեկանին Լոնտոնի Ձիարձակարանին (Hipodrom) մէջ «Giddy Ostende» անուն խաղին դերը ստանձնեց:
Ձեռք ձգած յաջողութիւններուն՝ ուրախութիւնը անբացատրելի էր. միշտ աւելի լաւը կատարելու փափաքը կ’արթննար իր մէջ:
Մեծ ցաւ կը զգար մօրը մասին. Խեղճ կինը խելագարեցաւ ու առանձինն ապրիլ սկսաւ, դարմանուիլ ալ չ’ուզեց:
Չարլին մինչեւ քսանչորս տարեկան Անգլիոյ մէջ ապրեցաւ. մնջկատակներ ալ ցուցադրեց եւ իր ապրուստը ապահովեց:
Ընկերը՝ «Fred Karno» Նիւ Եորք տարաւ Չարլին, որպէսզի աւելի յառաջանայ իր ասպարէզին մէջ: Հոն ծանօթացուց «Mack Senet»ի հետ որ շարժանկարի վարիչ էր: Մեծ գոհունակութեամբ ընդունեց այս վարիչին առաջարկը եւ եղաւ գլխաաւոր դերասանը «Making a Living» անուն խաղին: (1914)
Hollywood ի մէջ նշանաւոր դերասան մը դարձաւ եւ գլխաւոր դեր ստանձնեց երեսուներկու շարժանկարի խաղերուն մէջ:
1915ին Չարլին աշխատեցաւ «Essanay»ի հետ որ շարժանկարի արտադրիչ էր ու անոր ալ վարիչը «Jacques Haik»:
Ամերիկայի մէջ արժանացաւ «Պետական Արուեստագէտ»ի տիտղոսին:(1918)
Հինգ տարի վերջ հոյակապ աշխատանոց մը կազմեց եւ եղաւ շարժանկարի վարիչ: Անթիւ խաղերու ժապաւէններ պատրաստեց ու հասաւ յաջողութեան գագաթնակէտին: Մասնայատկութիւն մը ունէր ամէն խաղին նոր աղջիկ մը հասցնել ամենայն վարպետութեամբ: Շատ մը նշանաւոր դերասանուհիներ Չարլիին կը պարտին իրենց յաջողութիւնը:
«Oscar»ի մրցնակը կը շահի 1926ին ընդգրկելով գրագիր, արտադրիչ(yapımcı),վարիչ(yönetmen),դերակատար(oyuncu) ճիւղերը «Circus» անուն ժապաւէնով:
1943ին օրաթերթերը կ’արձագանգեն Չարլի Չափլին տասնըչորրորդ ամուսնութիւնը եւ ութերորդ զաւակին ծնունդը:
Քաղաքական կարգ մը պատճառներով՝ Ամերիկայի սահմաններէն դուրս ելլելու կը ստիպեն զինքը ու կը վերադառնայ Զուիցերիա:
1964ին իր յուշերը գրի կ’առնէ ու գրքի մը մէջ կ’ամփոփէ:
Տասը տարի վերջ Չարլին, էն հրաւէր մը կը ստանայ եւ իրեն կը յանձնեն «Պատուոյ Օսքար» անուն մրցանակ մը: Ունի նաեւ «Կատակերգակներու Հանճարը» տիտղոսը:
Զուիցերիոյ մէջկը մահանայ ութսունութը տարեկանին: Կարգ մը անձեր դիակը կը գողնան. ոստիկանները զայն կը գտնեն ու դարձեալ կը թաղեն: Գողութեան պատճառը անհասկնալի կը դառնայ:
Չարլիին հոյակապ աշխատանոցը թանգարանի կը վերածուի:
Չարլի Չափլին՝ աշխարհահրչակ հարիւր դերասաններու ցանկին մէջ առաջին կարգը կը գրաւէ: