Պզտիկ Սեւանը
Պզտիկ Սեւանը
Սեւան ընտանիքին ամէնէն պզտիկն էր: Մեծ մայրիկը, մեծ հայրիկը, մայրն ու հայրը զինքը կը կոչէին «Պզտիկ Սեւան » : Ան կը բարկանար ու կ’ըսէր. « Ես պզտիկ չեմ » :
Մեծ հայրը ամէն օր Սեւանին պատմութիւններ կը կարդար: Օր մը երբ պատմութիւն մը կը կարդար, ստիպուեցաւ խոշորացոյց գործածել բառ մը լաւ տեսնելու համար:
_ Մեծ հայրիկ այդ ի՞նչ է, ըսաւ Սեւան:
_ Ասիկա պզտիկ բաները մեծ ցոյց տուող ապակի մըն է. աչքիդ մօտեցո՛ւր. կը տեսնե՞ս. որքա՜ն կը մեծցնէ:
Սեւան խոշորացոյցը առաւ եւ սկսաւ շուրջը գտնուող ամէն բան դիտել: Իսկապէս ամէն ինչ մեծ կը տեսնուէր: Վազեց գնաց պարտէզ, սկսաւ խոշորացոյցով հողը քննել. ի՞նչ տեսնէ… պզտիկ մրջիւնները հսկայ մրջիւններ եղած էին:
Սեւան շատ շուարեցաւ. մրջիւններէն մէկը ձեռքին մէջ առաւ եւ տուն մտաւ:
_Տեսէ՛ք ասիկա պզտիկ է. ես մեծ եմ: Ինձմէ աւելի պզտիկներ ալ կան այս աշխարհի մէջ: Ասկէ վերջ ինծի « պզտիկ » մի՛ ըսէք: Այս մրջիւնին « պզտիկ մրջիւն » կրնաք ըսել:
Սեւան շնորհակալ եղաւ մրջիւնին ու տարաւ դրաւ առած տեղը:
Այդ օրէն ետք այլեւս «Պզտիկ Սեւան» չըսին իրեն…: