\

Սիրոյ Մասին

00000026 00000027

 

Սիրոյ  Մասի

         Ամանորի գիշեր էր. Պարոն Տիգրան գործէն քիչ մը կանուխ վերադարձաւ տուն: Ան սիրուն տօնածառ մը գնած էր. տղաքը՝ Հայկ ու Մարալ շատ ուրախացան եւ երեքը միասին սկսան զարդարել ծառը: Մինչ մայրիկն ալ կը պատրաստէր ճաշասեղանը:

Յանկարծ Տիկին Լինէթ ձայներ լսեց որոնք կու գային տան պարտէզէն: Դուռը բացաւ եւ ուղղուեցաւ դէպի պարտէզ եւ տեսաւ չորս ծերունիներ որոնք իրենց գլխուն ունէին լուսապսակներ:

-Ի՞նչ կ’ընէք հոն. ի՞նչ կ’ուզէք արդեօք, ձայնեց Տիկին Լինէթ:

-Մենք ճամբորդ ենք. կը ջանանք քիչ մը հանգչիլ, դեռ շատ երկար ճամբայ ունինք, ըսաւ անոնցմէ մէկը:

Տիկին Լինէթ այս ծերունիները անվնաս համարեց եւ զանոնք ներս հրաւիրեց: Բայց տարօրինակ պատասխան մը ստացաւ:

-Մենք մինչեւ այսօր չորսս միասին չենք գտնուած տան մը մէջ:

-Բայց ի՞նչու, ներսը տաք է եւ մեր ուտելիքները կրնանք բաժնել ձեզի հետ:

-Իմ անունս «Երջանկութիւն» է, ըսաւ մէկը:

-Իմ անունս «Յաջողութիւն» է, ըսաւ միւսը:

-Իմ անունս «Հարստութիւն» է, ըսաւ երրորդը:

-Իմ անունս ալ «Սէր» է, ըսաւ չորրորդը: Խնդրեմ որոշում մը տուէ՛ք եւ ընտրեցէ՛ք մեզմէ մէկը:

Այդ միջոցին Պարոն Տիգրան դէպի դուռ ուղղուած էր եւ լսեց ամէն ինչ: Իր կինը ներս կանչեց, տղոց գաղափարն ալ կարեւոր նկատեցին եւ սկսան միասնաբար խորհրդակցիլ:

-«Յաջողութիւն»ը հրաւիրենք, ըսաւ Մարալ:

-Ես ալ «Հարստութիւն»ը հրաւիրել կ’ուզեմ, ըսաւ Տիկին Լինէթ:

-Աւելի լաւ չէ՞ որ «Երջան-կութիւն»ը հրաւիրենք, ըսաւ Պարոն Տիգրան:

-Ես «Սէր»ը կ’ուզեմ, զիս մի՛ մերժէք, ըսաւ Հայկ արցունքոտ աչքերով:

Պահ մը անձայնութիւն տիրեց տան մէջ. յետոյ որոշեցին «Սէր»ը հրաւիրել:

Տիկին Լինէթ պարտէզ գնաց եւ ըսաւ:

-Ամանորի գիշեր մանչուս աչքերուն մէջ արցունք տեսնել չեմ ուզեր. ինք կը փափաքի որ «Սէր»ը ներս գայ:

Այն ատեն, չորս ծերունիները միասին ոտքի ելան եւ ուղղուեցան դէպի տուն:

-Բայց… բայց ես միայն «Սէր»ը հրաւիրած էի, ըսաւ Տիկին Լինէթ: Ծերունիները ժպտեցան.

-Սիրելի Տիկի՛ն, հոն ուր «Սէր»ը ներկայ է «Երջանկութիւն»ը, «Յաջո-ղութիւն»ն ու «Հարստութիւն»ը արդէն անպակաս կ’ըլլան, պատասխանեցին միաբերան:

Եւ անմոռանալի Ամանոր մը տօնեցին բոլորը միասին: