Փոքրիկ Քուալային Գաղտնիքը
Փոքրիկ Քուալային Գաղտնիքը
Վերամուտ էր. մայր քուալան, առաւօտ կանուխ արթնցաւ եւ համով հացիկներ եփեց փոքրիկ քուալային համար: Փոքրիկ դպրոցականը փուռին գրգռիչ հոտերէն արթնցաւ. Անկողնէն ցատկեց եւ վազեց, գնաց խոհանոց՝ մայրիկին քով.
– Մայրի՜կ, իմ շատ սիրած կարագ-հացերէ՞ն կ’եփես. Սակառիս մէջ ալ պիտի դնե՞ս:
-Այո՛ սիրելիս, քեզի համար պատրաստեցի. քովն ալ խնձոր մը ունիս: Գիտես, որ խնձորը եթէ խածնելով ուտես,շատ օգտակար է ակռաներուդ համար:
Փոքրիկ քուալան շատ ուրախ էր: Նախաճաշը ըրաւ, գոգնոցը հագաւ,պայուսակն ու սակառը առաւ մայրիկին ձեռքը համբուրեց եւ հայրիկին հետ բռնեց դպրոցի ճամբան:
Երբ դպրոց հասան, հայրը փոքրիկ քուալան առաջնորդեց դէպի դպրոցին պարտէզը եւ գուրգուրանքով համբուրեց փոքրիկ դպրոցականը ու մեկնեցաւ իր գործին:
Փոքրիկ քուալան պարտէզին մէջ տեսաւ, իր ընկերները եւ սկսաւ խօսակցիլ անոնց հետ: Գոյն- գոյն, տեսակ- տեսակ թռչուններ, սակառին մօտ կը թռչտէին ու կ’երգէին ճի՜ւ- ճի՜ւ…:
Մեր դպրոցականը հասկցաւ որ անոնք՝առեր էին իր շատ սիրած հացիկներուն հոտը: Պարտէզին անկիւնը գնաց սակառէն հանեց հացիկները,սկսաւ փշրել եւ զանոնք կերակրել:
Թռչունները՝ չէին գիտեր կշտանալ, նոյնիսկ ոմանք գողի մը պէս կու գային կը կտցէին իր ձեռքի հացիկը: Փոքրիկ քուալան շատ զուարճացաւ, մինչեւ, որ ամէնքն ալ կշտացուց: Եւ երբ դասի առաջին զանգակը հնչեց շուտով դասարան մտաւ:
Կէսօրին, ան ուտելու համար ունէր միայն խնձոր մը, սակառէն հանեց , շուտիկ մը կերաւ բայց չկշտացաւ:
Իրիկունը, երբ դպրոցէն արձակուեցան, մայր քուալան խանդավառ դիմաւորեց փոքրիկ դպրոցականը:
– Սիրելի՜ս պատմէ՛ տեսնենք, վերամուտը ի՞նչպէս անցաւ: Ի՞նչեր սորվեցար,կերա՞ր հացիկներդ, հարցուց հետաքրքիր:
– Նոր ընկերներ ունեցայ. ուսուցիչիս հետ ծանօթացայ.շատ ուրախ եմ մայրիկ: Ուսուցիչս ըսաւ, որ «մեզի նոր գիտելիքներ պիտի սորվեցնէ բայց ընտանեկան դաստիարակութիւնը շատ կարեւոր է, երբե՛ք չմոռնաք»: Ի՞նչ ըսել ուզեց մայրիկ…: Հացիկներդ ալ շա՜տ ու շա՜տ համով էին. զանոնք կերայ մեծ ախորժխկով, ձեռքերուդ դալար: Վաղն ալ նոյն հացիկներէն կը դնե՞ս սակառիս մէջ: Պիտի խնդրեմ, որ քանի մը ափ ալ ցորեն դնես, որպէսզի կերակրեմ դպրոցի պարտէզին թռչնիկները:
– Անշո՛ւշտ, սիրով, ըսաւ մայր քուալան եւ ուղղուեցաւ դէպի մառան
Փոքրիկ քուալան գաղտնիքը իր սրտին մէջ պահելով՝ արդէն փաստած էր իր ընտանեկան դաստիարակութիւնը: