Յուշկապարիկին Բախտը
ՅՈՒՇԿԱՊԱՐԻԿԻՆ ԲԱԽՏԸ
Լիալուսնի գիշեր էը, յուշկապարիկը յոգնած՝ ժայռին վրայ ելաւ: Ոսկեգոյն մազերը կը ցոլանային լճին մակերեսը. ձկան պոչը եւ թեփերը արծաթի պէս կը փայլէին լուսնի լոյսին: Անձայն կու լար. մինչ հեռուն բլուրի մը վրայ վհուկ մը նստած զինքը կը դիտէր ու քրքիջներ կ’արձակէր. կարծես ամպերը կը գոռային:
– Վա՜յ , խեղճ աղջիկ, դեռ սնտուկը չգտա՞ր, որուն մէջ գանձ պահուած է: Եթէ կ’ուզե՞ս սրունքներուդ եւ կեանքի ընկերոջդ տիրանալ՝ փնտռէ’, գտի’ր եւ ինծի յանձնէ’:
– Չար վհուկ, մե՜ղք որ քու խօսքերուդ խաբուեցայ. անյագ արարած, վստահ եմ, որ այդ գանձն ալ քեզ պիտի չգոհացնէ: Իսկական գանձը՝ սիրով լեցուն սիրտն է, բայց դուն անկէ զերծ ես:
– Հա՜, հա՜, հա՜. գոռաց կրկին վհուկը: Դուն անմիտ աղջիկ մըն ես. ի՞նչպէս գիտնաս իսկական գանձին արժէքը: Շուտ մտի’ր լճին մէջ ու փնտռէ’ զայն: Տե’ս, բլուրին վրայ քեզ կը սպասէ կեանքի ընկերդ:
Ի՞նչ աններելի սխալ մը գործած էին երկու սիրահարներ .ամուսնութեան մասին անկէ օգնութիւն խնդրելով:
Տղան՝ վհուկին յանդիմանութիւնները լսեց ու անոր ձայնեց.
– Գանձերուդ մէջ պիտի խեղդուի’ս քարասիրտ վհուկ, արձակէ’ սիրուհիս:
Վհուկը երբ այս լսեց շատ զայրացաւ.
-Եթէ լեզուդ բերնիդ մէջ չպահես՝ քե’զ ալ անտառ կը ղրկեմ
վայրի անասուններուն իբր կեր:
Երկու սիրահարներ արցունք թափեցին. Լիճը յորդեցաւ, ալիքները փրփրեցան դէպի ժայռեր, կարծես վրէժ լուծել կ’ուզէին վհուկէն:
Այս ցաւալի դէպքը օդ, ջուր, ու ցամաք հասաւ բնութիւնը տխրեցաւ: Չար վհուկը պատժելու համար գործի լծուեցան. արդեօք ո՞ւր էր «Պարիկ»ը: Մրտիմներու երամ մը պարիկը գտնելու պաշտօնը ստացաւ: Լեռ, սար ու ցոր թռան ու թռան: Օրեր ամբողջ անօթի ծառաւ պարիկը փնտռեցին ու վերջապէս զինքը գտան գորշ ամպերուն մէջ: Պարիկը անձայն անշշուկ կը նստէր աչքերը յառած՝ ցպիկին: Յանկարծ ցպիկէն լոյսեր արձակուեցան: Մրտիմներուն աչքերը շլացան ու բարձրերը սլացան. Յետոյ վերադարձան պարիկին քով: Պարիկը բարիքներ բաշխող ուժը կ’ամբարէր ցպիկին ծայրը, որ քանի դպցնէր չարիքները կ’ոչնչացնէր:
Մրտիմները անհամբեր էին. Միաբերան պատմեցին եղելութիւնը. որպէսզի պարիկը ժամ առաջ օգնութեան հասնէր երկու սիրահարներուն:
– Պարի՜կ, պարի՜կ մեզի դարձի’ր,
– Խեղճ աղջկան ճար մը գտի’ր.
– Ան խաբուեցաւ վհուկէ մը,
– Լացաւ, պատմեց իր հոգերը.
– «Խնդրեմ օգնէ’ ինծի» ըսաւ,
– «Սիրահար եմ տղու մը,
– «Կ’ուզեմ դառնալ իր կինը»:
– Վհուկը առիթէն օգտուեցաւ.
– Իբր թէ օգնել խոստացաւ
– Խեղճ աղջկան սապէս ըսաւ.
– «Քեզի չեն օգներ մարդիկ
– « Պէտք է դառնաս յուշկապարիկ.
– «Սնտուկ մը գանձ
– «Որ լճին մէջ է պահուած»:
– Խեղճ աղջիկը լողաց, լողաց
– Բայձ չգտաւ սնտուկ մը գանձ:
– Օգնէ’ անոր սիրուն պարիկ
– Որ չունի տէր, ո’չ ալ տանիք,
– Չուզեր ըլլալ յուշկապարիկ:
Պարիկը խղճաց աղջկան. ցուպը ձեռին՝ ամպերուն մէջ անհետացաւ:
Վհուկը գտան քարայրի մը մէջ. ան խոր քունի մէջ էր: Պարիկը, ցպիկը դպցուց անոր եղունքներուն, որոնք յանկարծ փրթան ու ոչնչացան: Այլեւս վհուկը չարիք գործելու ուժը չունէր:
Այդ գիշեր յուշկապարիկը ժայռի մը վրայ իր չար բախտին մասին կու լար. Յանկարծ տեսաւ սրունքները: Անհաւատալի թուեցաւ իրեն. կրկին, կրկին շօշափեց սրունքները, ոտքի ելաւ ու քալել սկսաւ…:
Լիճին մակերեսը հանդարտ էր ու կը ծփար լուսնի լոյսը. կարծես աղջկան կը ժպտէր:
Աղջիկը ժայռէ ժայռ բլուրն ի վեր մագլցեցաւ եւ գտաւ իր կեանքի ընկերը: Ան ձեռքերովը ծածկած էր իր երեսը եւ կու լար: Կամացուկ մը մօտեցաւ տղուն, ոսկեգոյն մազերով անոր արցունքները սրբեց:
Մրտիմներու երամ մը կը թռչտէին անոնց գլխուն վերեւ ու անոնց երջանկութիւնը կը բաժնէին:
Ուշադրութիւն ըրած է՞ք արդեօք, կարգ մը մրտիմներ իրենց աչքերուն վերի մասը կը կրեն զոյգ մը սեւ գիծեր. թերեւս պարիկն է որ դրաւ, իբր նշան այս պատմութեան: