Սեւուկը
ՍԵՒՈՒԿԸ
Դաւիթ եւ քոյրը յաճախ պտոյտներ կ’ընէին մօտակայ գիւղերը, ամրան կանուխ ժամերուն:
Անգամ մը կենդանիի սուր ճիչեր լսեցին առաւօտուայ անձայնութեան մէջ: Երբ մօտեցան թուփի մը, տեսան նորածին լակոտներ: Անոնք իրարու վրայ կը մագլցէին վախ ու դողով: Հեռուէն լսուեցան մայր շնիկին հաջիւնները:
-Հանգիստ ձգենք եւ վաղը անպայման կաթ բերենք անոնց. ըսաւ Դաւիթ:
Քիչ մը սիրեցին ու անուններ դրին լակոտներուն. «Սեւուկ», «Սոխիկ», «Սաթիկ»:
Յաջորդ օր կաթ տարին ու դրին անոնց մօտիկը: Մայր շնիկը սկսաւ լակել կաթը: Ձագուկները ապշահար կը դիտէին մայրիկին շարժումները.անոնք շատ շուտ սորուեցան դգալի մը պէս գործածել իրենց լեզուն: Մերթ ընդ մերթ իրենց գլուխները վեր կը բարձրաձնէին, աքլորի մը պէս, որպէսզի կաթը հոսէր իրենց կոկորդէն դէպի ստամոքս:
-Շատ հաճելի է դիտել ձագուկները ըսաւ քոյրը. թերեւս այս երեւոթները մեր կեանքին մէջ անգամ մըն ալ պիտի չտեսնենք:
Քոյր, եղբայր ամէն առաւօտ կաթ կը տանէին շնիկներուն ու կը դիտէին անոնց խանդավառ շարժումները:
Այսպէս անցաւ ամիս մը: Առաւօտ մը թաղեցիները արթնցան լակոտի մը հանած սուր ճիչերէն: Շատերու նման փողոց վազեցին նաեւ Դաւիթ եւ իր քոյրը: Անոնք անմիջապէս ճանչցան նորածին Լակոտներէն «Սեուկ»ը. ան շուարած՝ կը ցատկռտէր ասդին անդին:
-Ճամբան կորսնցուցեր է. ըսաւ թաղեցիներէն մէկը, որ բաւական փորձառու էր:
Նախ ջանացին լռեցնել զայն: Դաւիթ գրկեց ձագուկը, «Սեւուկ»ին սիրտը ուժգին կը տրոփէր եւ կը դողար ամբողջ մարմնով: Քոյրը խոհանոց վազեց կաթը քիչ մը տաքցուց ու բերաւ «Սեւուկ»ին: Անշուշտ թաղին շնիկներն ալ արթնցած էին շատոնց: Անոնք «Սեւուկ»ը հոտոտեցին, շրջապատեցին, իբր պահապան սպասեցին մինչեւ որ հանգիստ մը լակէ կաթը: Հակառակ որ իրենք ալ անօթի էին այդ ժամուն:
-Մենք «Սեւուկ»ը կը տանինք իր ընտանիքին մօտ, ըսին քոյր եղբայր եւ կողովի մը մէջ դրին զայն ու ճամբայ ելան:
Հազիւ թէ ճամբուն կէսը կտրեցին՝ հեռուէն լսեցին մայր շնիկին ուժգին հաջիւնները: Ան երկա՜ր- երկա՜ր կը հաջէր յետոյ կը լռէր պահ մը եւ կը սպասէր, որպէսզի լսէր իր ձագուկին ձայնը:
Երբ քոյր եբայր մօտեցան, մայր շունին՝ Դաւիթ բացաւ կողովը. «Սեւուկ» արագօրէն դուրս խոյացաւ կողովէն ու վազեց մօրը քով:
Հիմա մայր շնիկը կարօտով կը լիզէր իր ձագուկը, պահ մը մօտեցաւ Դաւիթին եւ քրոջը, լիզեց նաեւ անոնց ձեռքերը. կարծես շնորհակալութիւն կը յայտնէր:
Դաւիթ եւ քոյրը երբ տեսան մայր շնիկին արցունքները ՝յիշեցին մեծ մայրիկին խօսքը.«Յուզումի եւ երջանկութեան արցունքները պիտի հոսին ճշմարիտ ապրումի աղբիւրէն»: