\

Ապրիլ

abril

Ապրիլ

            Ապրիլը տարւոյն չորրորդ ամիսն է, Գրիգորեան Օրացոյցին համաձայն .  Ապրիլ անունը կու գայ Լատիներէն «Աբրիլիս»  բառէն, որ կը նշանակէ «բանալ»: Այսինքն հողը իր գիրկը կը բանայ նորածին բնութեան:

           Այս ամսուան մէջ, դաշտերը կը ծածկուին կանաչ խոտերով: Պտղատու ծառերը կը բողբոջին, պարտէզները կը զարդարուին գոյնզգոյն ծաղիկներով, եղրեւանին (leylak) կը բանայ իր բուրումնաւէտ ողկոյզները, տունկերը կը ծլին եւլն. . . :Յաճախ անձրեւ կը տեղայ, օդը հետզհետէ կը սկսի տաքնալ: Երբեմն փոթորիկներ ալ կը պատահին: Ժողովուրդը այս փոթորիկներուն տուած է զանազան անուններ. օրինակ՝ «Ծիծեռնակեան Փոթորիկ»,«Կարապեան Փոթորիկ» եւլն. . . :

            Ապրիլի անձրեւներէն՝ յայտնի կ’ըլլայ ապագայ հունձքի առատութիւնը: Այս պատճառով կ’ըսեն թէ՝ «Ապրիլեան անձրեւները մարգրիտներ են»:

            Ապրիլի գաղջ օդերէն օգտուելով՝ ոչխարները կը խուզեն (kırpmak), կը կթեն հորթերու առաջին կաթը, գառնուկները կ’արածեն (otlatmak), լաւ մը կը մաքրեն գոմերն ու ախոռները եւլն. . .:

            Հին ատեն մարդիկ կը կարծէին թէ՝ ծովային ոստրէն (istiridye) մարգրիտ (inci) կը պատրաստէ ապրիլի անձրեւներէն. Նոյնպէս, օձն ալ կը շինէ իր թոյնը: Այս տեսութիւնները ներկայ դարուս կը նկատուին սնապաշտութիւն (batıl inanç):

          1870ին, մեր նախնիքը, «Ապրիլ» օտար անունին տեղ գործածել ուզեցին «Ծաղկին» անունը, որ կը նշանակէ «Ծաղկային ամիս». բայց  չյաջողեցան: