«Չարլի Չափլին» «Շարլօ»

Share
Charlie Chaplin 01 Charlie Chaplin 02

«Չարլի Չափլին» «Շարլօ»

Նշանաւոր դերասան Չարլի Չափլին 1915 ին նկարագիր մը հնարեց: Շարժանկարի արտադրիչ Jacques Haik այս նկարագիրը կոչեց «Շարլօ»:

Չարլին «Շարլօ» դերին մէջ, քիչ կը խօսէր, շատ կը շարժէր: Ան՝ մարդկային զօրաւոր զգացումները կը պարզէր դիմախաղերով. այսպէս խամաճիկէ մը չէր տարբերեր:

«Շարլօ»ին մասնայատկութիւններն էին.

  • Մէլօն գլխարկ
  • Պամպու գաւազան
  • Նեղ բաճկոն
  • Հնամաշ կօշիկներ
  • Նեղ ու կարճ պեխեր
  • Դիմախաղեր

Չարլին «Շարլօ»ին հետ նոյնացաւ, աճեցաւ ու հսկայ մը դարձաւ:

Մանաւանդ դիմախաղերով ցոլացուց այդ «Ազնիւ Անգլիազի»ին յատկանիշերը.

  • Բարենապատակ
  • Մարդասէր
  • Խորամանկ
  • Դիւրազգաց
  • Ճակատագրի յանձնուած

Չարլի Չափլին 16 Ապրիլ 1889ին ծնաւ Զուիցերիոյ մէջ: Համեստ ընտանիքի մը կրտսեր զաւակն էր. բայց փոքր տարիքէն գրկեց ճակատագրին բաժինը: Ընտանիքին հիմը փլաւ ու ինք մնաց մօրը քով: Քիչ ատեն յետոյ հայրը՝ Չարլս Չափլին ալքօլամօլ մը դարձաւ ու տարապանքներու մէջ մահացաւ: Մայրը՝ Հաննահ Չափլին դիրասանուհի մըն էր. թէ՛ալ երգչուհի: Փոքրիկ Չարլիին օրերը կ'անցնէին դատրոնը, մօրը սենեակին մէջ: Ան յաճախ կը շպարուէր դերասանի մը պէս: Գեղեցիկ աղջիկներ կը մտնէին սենեակը եւ զինքը կը փայփայէին. հոն շատ հաճելի պահեր կ'ունենար:

Օր ըստ օրէ մայրը իր առողջութիւնը կը կորսնցնէր: Հինգ տարեկան էր երբ մայրը բեմին վրայ բացակայեցաւ: Չարլին փափաքեցաւ մօրը տեղ բեմ ելլել. դատրոնին տէրը համոզեցին: Յաջող ելոյթ մը ունեցաւ. հանդիսականները որոտնդոստ ծափահարեցին զինքը: Այդ օրէն սկսեալ բեմերուն սիրահատը դարձաւ:

Ինը տարեկանին «The Eight Lancaster» անուն խաղին մէջ երգեց բացառիկ յաջողութեամբ:

Տասնըմէկ տարեկանին Լոնտոնի Ձիարձակարանին (Hipodrom) մէջ «Giddy Ostende» անուն խաղին դերը ստանձնեց:

Ձեռք ձգած յաջողութիւններուն՝ ուրախութիւնը անբացատրելի էր. միշտ աւելի լաւը կատարելու փափաքը կ'արթննար իր մէջ:

Մեծ ցաւ կը զգար մօրը մասին. խեղճ կինը խելագարեցաւ ու առանձինն ապրիլ սկսաւ, դարմանուիլ ալ չ'ուզեց:

Չարլին մինչեւ քսանչորս տարեկան Անգլիոյ մէջ ապրեցաւ. մնջկատակներ ալ ցուցադրեց եւ իր ապրուստը ապահովեց:

Ընկերը՝ «Fred Karno» Նիւ Եորք տարաւ Չարլին, որպէսզի աւելի յառաջանայ իր ասպարէզին մէջ: Հոն ծանօթացուց «Mack Senet»ի հետ որ շարժանկարի վարիչ էր: Մեծ գոհունակութեամբ ընդունեց այս վարիչին առաջարկը եւ եղաւ գլխաւոր դերասանը «Making a Living» անուն խաղին: (1914)

Hollywood ի մէջ նշանաւոր դերասան մը դարձաւ եւ գլխաւոր դեր ստանձնեց երեսուներկու շարժանկարի խաղերուն մէջ:

1915ին Չարլին աշխատեցաւ «Essanay»ի հետ որ շարժանկարի արտադրիչ էր ու անոր ալ վարիչը «Jacques Haik»:

Ամերիկայի մէջ արժանացաւ «Պետական Արուեստագէտ»ի տիտղոսին: (1918)

Հինգ տարի վերջ հոյակապ աշխատանոց մը կազմեց եւ եղաւ շարժանկարի վարիչ: Անթիւ խաղերու ժապաւէններ պատրաստեց ու հասաւ յաջողութեան գագաթնակէտին: Մասնայատկութիւն մը ունէր ամէն խաղին նոր աղջիկ մը հասցնել ամենայն վարպետութեամբ: Շատ մը նշանաւոր դերասանուհիներ Չարլիին կը պարտին իրենց յաջողութիւնը:

«Oscar»ի մրցնակը կը շահի 1926ին ընդգրկելով գրագիր, արտադրիչ (yapımcı), վարիչ (yönetmen), դերակատար (oyuncu) ճիւղերը «Circus» անուն ժապաւէնով:

1943ին օրաթերթերը կ'արձագանգեն Չարլի Չափլին տասնըչորրորդ ամուսնութիւնը եւ ութերորդ զաւակին ծնունդը:

Քաղաքական կարգ մը պատճառներով՝ Ամերիկայի սահմաններէն դուրս ելլելու կը ստիպեն զինքը ու կը վերադառնայ Զուիցերիա:

1964ին իր յուշերը գրի կ'առնէ ու գրքի մը մէջ կ'ամփոփէ:

Տասը տարի վերջ Չարլին, էն հրաւէր մը կը ստանայ եւ իրեն կը յանձնեն «Պատուոյ Օսքար» անուն մրցանակ մը: Ունի նաեւ «Կատակերգակներու Հանճարը» տիտղոսը:

Զուիցերիոյ մէջ կը մահանայ ութսունութը տարեկանին: Կարգ մը անձեր դիակը կը գողնան. ոստիկանները զայն կը գտնեն ու դարձեալ կը թաղեն: Գողութեան պատճառը անհասկնալի կը դառնայ:

Չարլիին հոյակապ աշխատանոցը թանգարանի կը վերածուի:

Չարլի Չափլին՝ աշխարհահրչակ հարիւր դերասաններու ցանկին մէջ առաջին կարգը կը գրաւէ:

```