Մարտ
Մարտը, հին Հռովմէական օրացոյցին համաձայն կը նկատուէր տարւոյն առաջին ամիսը:
Մարտ բառը, առնուած է Հռովմէական դիցաբանութեան (mitoloji) Մարթիուս չաստուածէն:
Մարթիուս, Ժիւփիթէրի եւ Ժունոյի զաւակն էր: Ան հայրն էր նաեւ Ռոմուսի եւ Ռոմուլուսի որոնք հիմնեցին Հռոմը:
Հռովմէացիները Մարտը կը կոչէին «Զօրութեան չաստուած»: Կրէկորիէն (Գրիգորեան) օրացոյցին մէջ Մարտը ընդունուեցաւ իբրեւ տարւոյն երրորդ ամիսը:
Այսօր ամբողջ աշխարհ կը գործածէ Կրէկորիէն օրացոյցը:
Մարտ ամիսը կ’ունենայ շատ փոփոխական օդ: Յաճախ տեղատարափ անձրեւ կը տեղայ, փոթորիկ կ’ելլէ, երկինքը գորշ գոյն ամպերով կը ծածկուի, կայծակներ կը փայլատակեն եւ կը լսուին որոտումներ:
Մարտին ծառերը կը պատուաստուին: Այգեպանները որթատունկերը կը յօտեն (budamak) այգիներու մէջ: Կը ծաղկին պտղատու ծառերը:
Քսանըմէկ Մարտը գարնանամուտ է. բայց չըլլայ որ խաբուինք փայլուն արեւէն եւ թեթեւ հագուինք, օդը դեռ խիստ ցուրտ է. հազ հարբուխ կ’ըլլանք: