\

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԿԱՄ ՄԵԾ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

paregentan Բարեկենդան    

ԲՈՒՆ  ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ  ԿԱՄ ՄԵԾ  ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

           Սուրբ  Զատկի տօնէն եօթը Կիրակի առաջ Բուն Բարեկենդան է: Բարեկենդան կը նշանակէ. Բարի կենդանութիւն, ուրախութիւն, առատ ուտելիքներ վայելելու օր:

         Մարդիկ երբ ուրախ, զուարթ, շէն ապրին, երջանիկ կ’ըլլան: Այսպէս  կ’ապրէին Ադամ եւ Եւա դրախտին մէջ:

         Բուն Բարեկենդանի օրուան առթիւ  կը պատրաստեն ճոխ սեղաններ, զուարճութիւններ: Մարդիկ արտառոց  զգեստներ կը հագնին եւ դիմակներ կը դնեն:

         Այս տարի Բուն Բարեկենդանի թուականը   22  Փետրուար Կիրակի օրն է: