Սառոյցէ Թանգարան
Սառոյցէ Թանգարան Եւրոպայի ամէնէն բարձր կէտըտ Ֆրանսայի մէջ, Ալպեան Լեռներու վրայ կը գտնուի եւ կը կոչուի «Մոն Պլան»ի գագաթ: Ունի 4807 մեթր բարձրութիւն: «Մոն Պլան» սահմանագլուխ է Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ միջեւ:«Մոն Պլան»ի ստորոտը հաստատուած են փոքր գիւղեր ուր գիւղացիներ կը զբաղին անասնաբուծութեամբ (hayvancılık): «Շամօնիքս»ն (Cha-monix) ալ այս գիւղաքաղաքներէն մէկն է, ուրկէ կարելի է քանի մը վայրկեանէն անցնիլ Զուիցերիոյ հողամասը: «Մոն Պլան»ի ուղղութեամբտ Ալպեան Լեռներուն ստորոտը լայնատարածխոռոչի մը մէջ կառուցուած է «Սառոյցէ Թանգարան» մը, որուն դուռը կը բացուի դէպի Շամօնիքս: «Շամօնիքս» ամէն եղանակի կը մեծարէ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ՝ արդիական սարքաւորում ունեցող օթեւաններու մէջ: Օթեւանները շրջապատուած են պատշգամներով (teras)որպէսզի զբօսաշրջիկները կուշտ ու կուռ դիտեն «Մոն Պլան»ի գագաթը: Սառոյցէ շինուած են թանգարանին ձեղունները, պատերը, գետինը եւ ամէն ինչ: Պաշտօնեաներ քսանական այցելուներու խումբեր կը կազմեն եւ զանոնք կ’առաջնորդեն դէպի ներս: Ամէն մի խումբին կ’արտօնեն տասը վայրկեան: Պատճառն այն է, որ արտաշնչման տաք օդը վնաս կը հասցնէ սառոյցին: Նեղ ու երկար նրբանցքին սկիզբը զետեղուած է սառոյցէ հըսկայ արջու մը արձանը: Այցելուները հիացումով կը դիտեն զայն. բայց պէտք է աճապարել, որովհետեւ անխնայ կը յառաջանան վայրկեանները: Լաւ որ փայտի տաշեղներ թափուած են գետինը: Նրբանցքին աջին ու ձախին կը գտնուին սենեակներ, որոնք կահաւորուած են դարձեալ սառոյցով: Ուշագրաւ է հիւրանոցը. պատի ժամացոյցը որ ուղիղ կ’աշխատի կախուած է բուխերիկին վրայ: Բազկաթոռին վրայ զետեղուած է խաւաքարտ մը, հոս երկվայրկեան մը կրնաք նստիլ եւ լուսանկարուիլ: Սրտանց կը մաղթեմ եւ կը յուսամ, որ օր մը դուք ալ կ’այցելէք այս տեսարժան վայրերը եւ ժպտելով կը յիշէք «Հայարփի»ն: