ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆ 451
301 թուին առաջին Քրիստոնեայ ազգը եղանք: Պարսիկները այդ շրջանին կրակապաշտ էին եւ անոնց թագաւորըտ Յազկերտ Բ. ուզեց Հայերն ալ իրենց պէս կրակապաշտ դարձնել: Ուստի հրաման մը հանեց, որ ամբողջ Հայ ժողովուրդը չճանչնան Քրիստոսը ու պաշտեն կրակը: 451 Մայիս 26 ին Շաբաթ առաւօտ Հայաստանի Տղմուտ Գետին եզերքը՝ Աւարայրի Դաշտին վրայ Հայերու եւ Պարսիկներու միջեւ տեղի ունեցաւ Վարդանանց Պասերազմը: Հայոց բանակին գլուխը կը գտնուէր, Հայաստանի իշխաններէն՝ Վարդան Մամիկոնեան Զօրավարը: Պատերազմի ընթացքին հերոսաբար կռուեցաւ ու նահատակուեցաւ Քաջ Զօրավարը, իրեն հետ նահատակուեցան 1036 «վկայ» զինուորներ:
Յազկերտ Բ. Հայերու քաջութիւնը տեսնելով՝ շատ ազդուեցաւ եւ իր զօրքերը ետ քաշեց:
Այսպէստ Հայերը թէ ազատ, թէ ալ Քրիստոնեայ մնացին:
Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Զատկի տօներուն նման Սրբոց Վարդանանց տօնն ալ Հայերու Մեծ տօնն է:
Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով՝ մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ’ունենան կրօնական տօնակատարութիւն: