Ձուկը Ի՞նչպէս Եկաւ
« Պիլլ Պրուքս » անուն անգլիացիի մը տան ծխնելոյզէն ներս, ձուկ մը ինկաւ: Ձուկը ողջ էր. Պրուքս ձուկը ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ դրաւ եւ զայն կերակրել սկսաւ հացի փշրանքով: Անունն ալ «Վանտա» դրաւ:Միջոց մը վերջ հասկցան, թէ մրտիմ մը զայն որսալէ յետոյ , փոխադրելու ատեն կտուցէն վար ձգած էր ակամայ: