\

Զարմանալի Լուրեր

Ո՞վ... Ի՞նչ... Ո՞ւր... Ե՞րբ... Ի՞նչպէս... Ինչո՞ւ...

Զարմանալի Լուրեր

Որբ Մնացին

«Հաննա  Պարպարա Ընկերութեան»,  երկրորդ  բաժնեկիցն ալ մահացաւ. Ժոսէֆ  Պարպարան որ  95  տարեկան  էր որբ ձգեց  «Ֆլինթսդոնէս »ն, «Սքուպի Տօօ»ն, «Եօկկի Պէար »ն,«Թօմ Ժէրրի»ն եւայլ  գծաժապաւէններու  հերոսները:Իր բաժնեկիցներէն «Վիլիըմ Հաննա»ն ալ  2001  ին  մահացած էր արդէն:

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

Պատուիրան Չէ՛...

Անգլիացի  գիտնականներուն համաձայն երջանիկ ու խաղաղ  ապրելու համար. ա) Առակներ  սորոուեցէք  եւ  ձեր ընկերներուն պատմեցէ՛ք: բ) Քահ-քահ  նետելու համար մի վախնաք. որպէսզի ձեր ստամոքսը  եւ սիրտը առողջ մնան: գ) Ձեր ընտանիքին հետ մտերիմ զրոյցներ ունեցէ՛ք. միատեղ ճաշեցէ՛ք  եւ  ճաշի պահուն հեռատեսիլը գոց  պահեցէ՛ք: դ) Լաւ պատահարներ

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

Երջանկութեան Գաղտնիքը

Անգարա «Կազի Հմալսարան»ի դասախօս Տքթ. Էրտալ Ըշըքի համաձայն. երջանկութեան գաղտնիքը երաժշտութեան ճամբէն կանցնի: Ձայները  ուղեղին ձախ կողմի  բջիջները շարժման կանցնեն. ինչ  որ  պատճառ կ’ըլլայ երջանկութեան  հորմոններ արտադրելու: Այս հորմոնները  արեան  միջոցաւ  կը փոխադրուին  ամբողջ  մարմին:

By Hayarpi

Զարմանալի Լուրեր

Թռուցիկներու Փառատօն

Ամէն տարի «Թռուցիկներու Փառատօն» մը կը սարքեն, Հնդկաստանի Ահմէտապատ քաղաքին մէջ:           Աշխարհի չորս ծագերէնտ մրցորդներ կ’ուգան ու մրցումին մաս  կը կազմեն:          Փառատօնը կը տեւէ չորս օր: Կը կարծուի, թէ  թռուցիկը  առաջին անգամ շինած է Չնացի մը: Որպէսզի իր գլխարկը զօրաւոր հովէն չթռի ու չկորսուիտ գլխարկին անցուցած է չուաններ:

By Hayarpi