Պատմութիւններ
Խրտուիլակին Հովանոցը -1-
Խրտուիլակին Հովանոցը Մշակ Մարտիկ կ’աճապարէր . . . : Երկարատեւ անձրեւներէն ուշացեր էր աշնան ցանքը: խոտեր, փուրեր ու արուոյտներ ծածկած էին արտը: Օրեր ամբողջ աշխատեցան, բարեբեր դարձնելու համար արտին հողը: « Աշխատեցան», ըսինք, որովհետեւ մշակ Մարտիկին կինն ու զաւակներն ալ այս աշխատութեան մասնակցեցան: Ծատուր եւ Նունէ, այլեւս փոքրիկ մշակներ էին: Երբ հողին գործը վերջացաւ՝