Ինքնագով Գծագրիչներ
Ինքնագով Գծագրիչներ
Երեք երիտասարդ գծագրիչներ, կը խօսակցէին. մէկը ըսաւ.
-Ես փայտի կտոր մը ներկեցի, մարմարիոնի գոյներով. այնքա՜ն իրաւ դարձաւ, որ երբ ջուրին մէջ նետեցի, ընկղմեցաւ:
– Ես ալ ձմրան տեսարան մը գծեցի, այնքա՜ն բնական էր, որ պաստառին եզերքը թռչուն մը թառեցաւ ու քիչ յետոյ սառեցաւ:
– Ձեր պատմածները ոչինչ են իմ յաջողութեանս քով. ես ընկերոջս դիմանկարը գծեցի. այնքա՜ն կենդանի դարձաւ, որ ամէն օր զինքը ածիլել կը ստիպուիմ…: