ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ
Մանկութիւնս գիշերօթիկ վարժարանի մը մէջ անցաւ: Ունեցայ անուշ յիշատակներ:Մանաւանդ Բարեկենդանի հանդէսներուն եռուզեռ մը կ’ունենայինք: Այլանդակ ու այլազան տարազներ կը հագնէինք, զուարճալի խաղեր կը բեմադրէինք:Ամէնէն հաճելին ալ անվնաս կատակներն էին:
Անգամ մը մեր հսկիչին օգնութեամբ, երփներանգ գոյներով գիւղական տարազներ հագուեցանք. Թմբուկ մը եւ տուտուկ մը ճարեցինք.աղջիկները մանչերու՝ մանչերն ալ աղջիկներու տարազներ հագուեցան եւ Բարեկենդանի յատուկ երգ մը բեմադրեցինք: Հանդիսականներն ու մեր ուսուցիչները շատ զուարճացան.քահ քահներ նետելով կուշտ ու կուռ խնդացին:Հաւատացէք, մինչեւ այսօր դեռ կը թռվռան այդ ձայները մեր ականջներէն ներս:
Անշունշտ դուք ալ Բարեկենդանին՝ ձեր կարելիութիւններով կը զուարճանաք բայց, այս երգն ու խաղն ալ կ’ուզեմ նուիրել ձեզի: Վստահ եմ թէ՛ դուք ալ բեմադրելով ուրախ պահեր պիտի ապրիք: