ԹԱՐՄՈՒԹԻՒՆ
Գաւազանին կռթնած ծեր յաճախորդ մը, ձուկերուն վրայ աչք մը նետելէ յետոյ, կը հարցնէ ձկնավաճառին:
_ Ձուկերը թա՞րմ են արդեօք:
_ Չե՞ս տեսներ կի՛ն. անոնք ջուրին մէջ կը լողան. այսինքն թէ՛ ողջ են թէ՛ ալ թարմ:
_ Մի՛ զայրանար մանչս, չե՞ս տեսներ զիս. ես ա՛լ ողջ եմ սակայն թարմ չեմ:
Թարմութիւն (2 )
Ո՛չ շատ ուշ. ասկէ քսան – քսան հինգ տարի առաջ, ձկնավաճառները թաղերու մէջ կը շրջէին ու բարձրաձայն կը գովէին իրենց վաճառած ձուկերը:
Շէնքի մը, ամենաբարձր յարկը բնակող կինը կը ձայնէ ձկնավաճառին.
_ Մանչս, ձուկերդ թա՞րմ են. այսինքն՝ աչքերը փայլու՞ն են, խռիկները կարմի՞ր են, պոչերը դէպի վեր դարձա՞ծ են, կզակնին լաւ մը գո՞ց է…:
_Մայրի՜կ, դուն աղջիկ ունի՞ս. -կը ձայնէ ձկնավաճառը – :
_Այո՛, ունիմ:
_ Ամուսնացա՞ծ է:
_ Ո՛չ, ինչու՞ հարցուցիր:
_ Դուն փեսա՞յ կը բնտռե՞ս աղջկանդ համար, թէ՛ ձո՞ւկ պիտի գնես ուտելու համար…: