Բանաստեղծութիւններ
Ձօն «Սարոյեան»ի
« Մօբասանի Զանգակը » Ղօղանջեցիր Մտքիդ մէջ…: Մեր թախիծը շաղուեցիր, Ու թաղեցիր Հոգւոյդ մէջ…: Կերտեցի՛ր, յօրինեցի՛ր, Առատօրէն ձօնեցիր. Ժպտեցար, ժպտեցուցիր Ցաւերը թեթեւցուցիր…: Ու օր մը, երբ ոտքն սահեց Սեւ ամպերէն վար ցատկեց Հրեշտակ մը, քեզ շալկեց. Կրելը շատ դիւրին կարծեց…: Գիտե՞ս մենք զայն խաբեցինք. Հոգւոյդ խորքէն խլեցինք Սերմերդ երջանկութեան,