Մեր Խոհանոցը
Latest
Զարմանալի Լուրեր
Որբ Մնացին
«Հաննա Պարպարա Ընկերութեան», երկրորդ բաժնեկիցն ալ մահացաւ. Ժոսէֆ Պարպարան որ 95 տարեկան էր որբ ձգեց «Ֆլինթսդոնէս »ն, «Սքուպի Տօօ»ն, «Եօկկի Պէար »ն,«Թօմ Ժէրրի»ն եւայլ գծաժապաւէններու հերոսները:Իր բաժնեկիցներէն «Վիլիըմ Հաննա»ն ալ 2001 ին մահացած էր արդէն:
Զարմանալի Լուրեր
Պատուիրան Չէ՛...
Անգլիացի գիտնականներուն համաձայն երջանիկ ու խաղաղ ապրելու համար. ա) Առակներ սորոուեցէք եւ ձեր ընկերներուն պատմեցէ՛ք: բ) Քահ-քահ նետելու համար մի վախնաք. որպէսզի ձեր ստամոքսը եւ սիրտը առողջ մնան: գ) Ձեր ընտանիքին հետ մտերիմ զրոյցներ ունեցէ՛ք. միատեղ ճաշեցէ՛ք եւ ճաշի պահուն հեռատեսիլը գոց պահեցէ՛ք: դ) Լաւ պատահարներ
Զարմանալի Լուրեր
Երջանկութեան Գաղտնիքը
Անգարա «Կազի Հմալսարան»ի դասախօս Տքթ. Էրտալ Ըշըքի համաձայն. երջանկութեան գաղտնիքը երաժշտութեան ճամբէն կանցնի: Ձայները ուղեղին ձախ կողմի բջիջները շարժման կանցնեն. ինչ որ պատճառ կ’ըլլայ երջանկութեան հորմոններ արտադրելու: Այս հորմոնները արեան միջոցաւ կը փոխադրուին ամբողջ մարմին:
Զարմանալի Լուրեր
Անքուն Արջեր
Գերմանիոյ «Մօրպիս Կենդանաբանական Պարտէզ»ին մէջ արջերը ձմրան քունի չեն կրնար մտնել: Բեւեռային ջերուցման պատճառով, ձմեռը քաղջ կ’անցնի: Արջերը յաճախ ջղագրգիռ կը յօրանջեն:
Զարմանալի Լուրեր
Թռուցիկներու Փառատօն
Ամէն տարի «Թռուցիկներու Փառատօն» մը կը սարքեն, Հնդկաստանի Ահմէտապատ քաղաքին մէջ: Աշխարհի չորս ծագերէնտ մրցորդներ կ’ուգան ու մրցումին մաս կը կազմեն: Փառատօնը կը տեւէ չորս օր: Կը կարծուի, թէ թռուցիկը առաջին անգամ շինած է Չնացի մը: Որպէսզի իր գլխարկը զօրաւոր հովէն չթռի ու չկորսուիտ գլխարկին անցուցած է չուաններ:
Զարմանալի Լուրեր
Հասի՛ր «Պաօ Վիշու»
Չնաստանի «Ֆուշուն» անուն ծովային ընդունարանին մէջ երկու դլփիններ իրենց սահմանը շրջապատող կերպնկալ (բլասթիկ) կտորները կլլեցին: Անասնաբուժներ գործողութեամբ հանել ուզեցին, բայց չյաջողեցան: Որովհետեւ դլբիններուն ստամոքսը կը կծկուէր եւ թոյլ չէր տար գործիքներուն աշխատութեան: Բժիշկները օգնութիւն խնդրեցին աշխարհի ամենաբարձր հասակին տէրը (2.36 Մ) եղող «Պաօ Վիշու»էն: Պաօ Վիշուին թեւերն ալ
Զարմանալի Լուրեր
Սահնակը Ի՞նչպէս Սորվեցան Մուկերը
«Քիւրլի» անուն մուկը, Աւստրալիոյ ջուրերուն մէջ երբ սահնակ կ’ընէր իր ընկերներէն «Հէրի» , «Շոբցիչ» եւ «Պիւնսն» ի հետ, ժողովուրդը զարմանքի մատնեց: Մուկերուն տէրը Շայն Վիլմորդ իր տան լականին մէջ կրթած ու դաստիարակած էր զանոնք:
Զարմանալի Լուրեր
16 Անգամ Դիմաւորեցին
Միջազգզյին Անջրպէտի Կայանին մէջ տիեզերագնացներ (ասթրօնօթ), Նոր տարին դիմաւորեցին 16 անգամ: Պատճառն այն էր որ, Կայանը օրուայ մը մէջ 16 անգամ շրջան կ’ընէր աշխարհի շուրջ:
Զարմանալի Լուրեր
Հրդեհին Պատճառը
Անգլիացի ընտանիքի մը տան մէջ հրդեհ մը կը ծագի: Հրդեհին պատճառը շատ հետաքրքրական էր:Անոնք ունէին ագուարիում մը, որուն մէջ երբ ձուկերը կը ցատկռտէին, ջուրի կաթիլները թրջեցին ելեկտրական կազմածը եւ բոցեր արձակուեցաւ , որու հետեւանքով կարասիները բռնկեցան…:
Զարմանալի Լուրեր
Շնիկին Օգուտներէն Մին
Գիտէ՞ք թէ շուն մը իր տիրոջ առողջութեան ի՞նչպէս կը նպաստէ. Երբ ամէն օր իր տէրը, շունը պտոյտի կը տանի՝ ամբողջ տարին 1072 Քմ ճամբայ կը կտրէ: Իսկտ եթէ իր տէրը 365 օր մարզանք ընէր, միմիայն 700 Քմ ճամբայ կտրած պիտի ըլլար:
Զարմանալի Լուրեր
Առողջութիւն
Անգլիացի գիտնականներուն համաձայն,պէտք է սնանինք առատ բանջարեղէն եւ պտուղով որպէսզի ունենանք՝ առողջ ուղեղ եւ առողջ մարմին մը: Երբ կ’ուտենք, ընկոյզ, կաղին,խնձոր,ծաղկակաղամբ,ոլոռն եւայլն մեր յիշողութիւնը կը զօրանայ: